ՆԵՆԳԱՒՈՐ ԼԵԶՈՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նենգամտութիւն կամ նենգութիւն կը նշանակէ՝ չար դիտաւորութիւն, դաւ, կեղծիք։ Նենգամիտ մարդիկ իրենց մէջ նենգութիւն պարունակող մարդիկ են՝ խարդախ ու խորամանկ, որոնք ամէն ատեն պատրա՛ստ են ուրիշներու վնաս հասցնելու եւ իրենց շահ ապահովելու։ Նենգութիւնը աւելի եւս կ՚արտայայտուի խօսքով, այսինքն լեզուո՛վ։