ԲՈՂՈՔ. ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԺՈԽՔ ՄԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին մարդկութիւնը մի՛շտ ալ չար եղած է, սակայն ի տարբերութիւն մեր օրերուն, չարութեան կողքին գոյութիւն ունեցած է բարոյական սկզբունքներ եւ գուցէ այդ սկզբունքներուն վրայ հիմնուելով է որ Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ձեզմէ ո՛վ անմեղ է՝ առաջին քարը թող նետէ». տարօրինակ ձեւով ո՛չ ոք յանձն կ՚առնէ քար նետել: