ՄՇՏԱՊԷՍ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անյագ ծարաւով մը կը շարունակեմ ընթերցել Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» աշխատութիւնը. մէկ մէկ կ՚ուզեմ գոցել գիրքը եւ չշարունակել, աւելիով ականատես չըլլալու հայ ժողովուրդի դժբախտութեան, որ փաստօրէն վերջին տասնամեակներուն յատուկ չէ: