1000 + 1
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ահաւասիկ 1,000 եւ ահաւասի՛կ 1... Անիի աւերակուած եկեղեցիները չենք հաշուեր, ո՛չ ալ արաբական մշակոյթին մէջ յայտնի Շահրազատի հազար ու մէկ գիշերները կը մտաբերենք. պարզապէս ետեւ նայելով կ՚ուզենք արժեւորել արգասիքը մեր ցանքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ահաւասիկ 1,000 եւ ահաւասի՛կ 1... Անիի աւերակուած եկեղեցիները չենք հաշուեր, ո՛չ ալ արաբական մշակոյթին մէջ յայտնի Շահրազատի հազար ու մէկ գիշերները կը մտաբերենք. պարզապէս ետեւ նայելով կ՚ուզենք արժեւորել արգասիքը մեր ցանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտական է հնազանդիլ։ Այս ձայնը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու «բարի»ն եւ զգուշանալու «չար»էն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս բոլորին մէջ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սեփական շահ ունէ՞ր. զինք հիւանդութեան չափ մտահոգող այս հարցը համազգային հարց մը պէտք չէ՞ ըլլար. այդ թուականներուն հայկական վարժարաններու մասին դրական արձագանգ չէին տար մտաւորականները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բաբգէն Կաթողիկոս. (490-515)։ Ծնած է Վանանդ գաւառի Ոթմուս գիւղը. աշակերտած է Յովհան Մանդակունիի՝ որուն յաջորդը եղաւ։ Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութեան օրով կաթողիկոս է եղած, այնպիսի ատեն մը, երբ Հայաստան բաւական խաղաղ շրջան մը կը բոլորէր. հետեւաբար միջոց եղած էր եկեղեցական-դաւանական խնդիրներու մասին մտածելու եւ այս հարցերով զբաղելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ խե՞նթ կը ծնին, թէ ժամանակի ընթացքին խենթ կը դառնան... արդէն քանի մը օրէ ի վեր այս հարցը կը չարչրկէ միտքս. մարդը ի՞նք հակումներ կ՚ունենայ դէպի խելագարութիւն, թէ կեանքի փորձառութիւնները կը ստեղծեն այդ հոգեվիճակը անձի ներաշխարհէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեն «մարդ»ը, այսինքն, ամէն մէկս իր նմանը կը ճանչնայ իր արտաքինովը, ուրիշ խօսքով, ընդհանրապէս մէկը կարելի է ճանչնալ այնքան՝ որքան ան կ՚արտայայտէ ինքզինք։ Ո՜վ կրնայ ըսել, թէ բոլորովին կը ճանչնայ իր նմանը, իր խօսակիցը, մինչեւ իսկ իր ամենէն մերձաւորը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սակայն Ներսէս Պատրիարք չյուսահատեցաւ։ Նոյն տարուան յունիսի 13-ին Պերլինի մէջ վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրը եւ Ներսէս Պատրիարք բաց չէր կրնար ձգել նման առիթ մը, անգամ մը եւս բարձրաձայնելու հայ ժողովուրդի խնդիրները. այս նպատակով ան կազմեց պատգամաւորական խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Խրիմեան Հայրիկի, անոր կողքին ունենալով Խորէն Եպսկ. Նարպէյը, Մինաս Չերազը եւ Ստեփան Փափազեանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային հոգեկան ապրումները քաոսի մը ամբողջութիւնն են, սակայն անոնց մէջ կայ մէկը, որ տարբեր է միւսներէն. ապրո՞ւմ է, ձգտում թէ բնազդ՝ չենք գիտեր, սակայն համատարած է եւ մարդկային գոյութիւնն ու բնութիւնը գերազանցելու փորձ մըն է մարդու կողմէ ի գործ դրուած. անմահանալու, գէթ անուամբ ու յիշատակով յաւերժ կենդանի մնալու ինքնաբուխ փորձ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզուի մէջ գոյծածուող բոլոր բառերը միասին «բառային կազմ» կամ «բառապաշար» կը կոչուին։
Ուղղագրութիւնը առանց տառասխալի գրուելու արուեստն է։ Եւ այս իմաստով՝ ուղղագրութիւնը արժէք կու տայ գրութեան եւ կը կատարելագործէ, կը գեղեցկացնէ զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին վաղ ժամանակներէն, գուցէ նախամարդու մօտ նոյնիսկ, երջանկութիւնը մարդոց համար եղած է ձգտում եւ այդ ձգտումն ու փնտռտուքն է, որ ծնունդ տուած է բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու. թէ՛ դարեր առաջ եւ թէ այսօր հարցը եղած է նոյնը. ո՞ւր փնտռել երջանկութիւնը: