ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻՆ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ կը խօսի առեւանգութեան երեւոյթին մասին, ինչ որ շատ կը տեսնուէր իր ժամանակաշրջանին եւ այդ երեւոյթը Հայրիկ կը կոչէ «զեղծմունք». առեւանգութեան հիմնական պատճառ որպէս Հայրիկ կը մատնանշէ «ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքը». այն ժամանակ հայոց մէջ եւս տարածուած էր փեսացուէն գումար պահանջել՝ աղջիկը կնութեան տալու համար. աղջիկ զաւակը կնութեան տալու համար գումար պահանջելը Հայրիկ կը կոչէ «վատ սակարկութիւն», մանաւանդ երբ երկու երիտասարդները սրտով կապուած են իրարու: