Հոգե-մտաւոր

ԲՌՈՒՆՑՔ՝ ԻՐԱՐՄԷ ԱՆՋԱՏ ՄԱՏՆԵՐՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարգարէութեանց հանդէպ սէր ունիք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կրնամ վստահեցնել, թէ հայ գրականութեան մէջ կան մէկէ աւելի աշխատութիւններ, որոնց հեղինակները կարելի է մարգարէներ կոչել եւ չես գիտեր ինչո՞ւ նման մարգարէական շնորհք մը ունենալով հանդերձ անոնցմէ շատերու անունները թաղուած կը մնայ փոշիներու մէջ:

ՔՆՆԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱ՛Լ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք, թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք կ՚ունենաք». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։
Հաւատքը երբեք նախապաշարում, կանխակալութիւն չէ՛, հաւատքը կանխակալ կարծիք մը, առանց ստոյգ գիտութեան առաջուց կազմուած թիւր համոզում մը, մանաւանդ անհիմն հաւատալիք եւ սնոտիապաշտութիւն չէ՛. առանց քննութեան ընդունուած կարծիք չէ՛։

ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՂԾԱՒՈՐՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հրապարակի վրայ այնպէս ինչպէս այսօր գոյութիւն ունին կեղծ բարեգործներ, հաւատացեալներ, մարդասէր ու բազումողորմ անհատներ, անոնց չափ եւ աւելի գոյութիւն ունին կեղծ հայրենասէրներ, որոնք փուճ ու սին խօսքերով Փարիսեցիի մը ինքնավստահութեամբ իրենց մէջ գոյութիւն չունեցող հայրենասիրութիւնը թմբկահարել կը փորձեն:

ՀԵՇՏԱՄԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հեշտամահութիւն. «euthanasie» կը նշանակէ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։
Ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները կամ միջոցները՝ ուղղակի հեշտամահը կը կայանայ վերջ դնելու մէջ հաշմանդամ, հիւանդ կամ մահամերձ անձերուն կեանքին։

ՍԻՐԵԼԻ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ըստ երեւոյթին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի յունուար 30, 2023 համարին մէջ մեր գրած «Պատմիչները ստախօսներ են» խորագրեալ յօդուածը վշտացուցած է Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի փափկասուն սիրտը, որ Կիկոսի մահուան կողքին հաւանաբար կը շարունակէ հաւատալ նաեւ Ձիւնանուշի մը գոյութեան:

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԽՕՍՔԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խորհող մեծ միտքեր յաճախ ըսած-գրած են խօսքեր, որոնք լուսաւորած են մեր մտքերը եւ անդրադառնալու առիթ եղած են ճշմարտութեան, որ շատ անգամ կ՚երկմտինք, կը տարակուսինք անոր մասին։

ՆԵՐՀԱՅԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ներհայեցողութիւն», այսինքն՝ հոգեկան աշխարհի թափանցումը, մտքին ներքին անդրադարձ զննութիւնն է կեանքի այն երեւոյթներուն՝ որոնք արտաքին աշխարհի մարդուս զգայարաններու վրայ գործած ազդեցութեամբ եւ տպաւորութեամբ իր ներսը կը կատարուին։

ՄԵՌԵԼԻՆ ԴԵՂ ՏՈՒԷՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը կարծէ՞ք պատահականութեան արդիւնք է, որ հայերէն լեզուի մէջ «ապերախտ» բառը ունի աւելի քան տասնեակ մը հոմանիշներ, որոնք առանձին առանձին մե՛զ կը նկարագրեն՝ ամենէն յստակ ու ճշգրիտ ձեւով:

Էջեր