Հոգե-մտաւոր

ԱՄՈՒՐԻԻՆ ԿՆԻԿ ԾԵԾԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայկական հին ժողովրդական խօսք մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է» եւ զարմանալի չէ, որ նման իմաստուն խօսք մը մեր՝ հայութեանս մէջ ծնունդ առած է, որովհետեւ մեզի համար դիւրին է այն ամէնը՝ որուն մասին ամենէն չնչին գիտութիւնն ու տեղեկութիւնը չունինք:

ՔԻՉ ՄԸ ՅՂԻ Է…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զարթօնքի սերունդի ծնունդէն ետք, մանաւանդ Յարութիւն Ալփիարով, Օտեանով, Պարոնեանով եւ ուրիշներով յառաջ եկաւ սերունդ մը, որ սուր քննադատութեան փոխարէն նախընտրեց գործածել երգիծանք ու հեգնանք՝ նոյնիսկ ամենէն զգայուն եւ վտանգ սպառնացող երեւոյթները ներկայացնելու համար:

ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ըսեն, որ ճշմարտութիւնը գաղափարներու բախումէն ի յայտ կու գայ։ Ճի՛շդ է, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ գաղափարներ, համոզումներ, հաւատալիքներ որքան ալ շատ եւ բազմաթիւ ըլլան, ի վերջոյ ճշմարտութեան կը յանգի։

ՎԱԽՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի մէջ մարդիկը խաբելու ամենէն ազդու միջոցը հաւատքն է, որովհետեւ վերացականին հանդէպ անգիտութիւնը որոշ վախ կը յառաջացնէ անոնց մէջ եւ այդ վախին անձնատուր անոնք պատրաստ կ՚ըլլան հաւատալ այն բոլորին՝ որուն մասին նուազագոյն գիտութիւնն անգամ չունին։

ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ Է

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորիս ալ բերանները ստախօսութեան որջ մըն է եւ մեծագոյն ստախօսները մեր հասարակութեան մէջ անո՛նք են, որոնք «ես սուտը կ՚ատեմ» յերիւրածոյ լոզունգով հրապարակ դուրս կու գան, նմանելով այն կիներուն, որոնց մեծագոյն բամբասանքը մի՛շտ սկիզբ կ՚առնէ «ես բամբասել չեմ սիրեր» զաւեշտալի յառաջաբանով:

ՕՂԻԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ մեր Հայաստանի հայորդիները ծոյլեր են եւ անոնց մեծագոյն հաճոյքը գինեմոլութիւնն է: Հայաստանի մէջ տիրող աղքատութիւնը եւս շատ շատեր կը վերագրեն գինեմոլութեան այդ ախտին:

Էջեր