Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սպանիայէն ժամանած խումբ մը գործարարներ։ Հիւրերուն ընկերացաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Գրիգորեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նախատեսուած երկրորդ փուլի բանակցութիւններուն ընդառաջ, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ կը շարունակէ իր բազմակողմանի շփումները։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ այսօրերուն կ՚այցելէն Աթէնք։ Անոնք մասնակցութիւն կը բերեն ՄԱԿ-ի ձեւաչափի օրինակով (MUN) կազմակերպուած միջվարժարանային քննարկումներու։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան արդէն եկած է Պոլիս, ուր կը մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին։ Ընդհանուր քննարկումներու բաժնին մէջ Ալէն Սիմոնեան երէկ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ARA KOÇUNYAN

Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Başkanı Aksel Topalyan son basın toplantısında, Türkiye Ermenilerinin toplumsal yaşamına dair önemli gözlemler dile getirdi. Bu bütünün içerisinde cemaat eğitim kurumlarıyla ilgili saptamaları gerçekten dikkate değerdi. 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տասնօրեայ հրադադար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ, որ ռազմավարական հաշիւներու զոհասեղանին վրայ է:
Պէյրութ կորսնցուցած է ո՛չ միայն իր արտաքին դիրքորոշման վերահսկողութիւնը, նաեւ ներքին որոշումներու ինքնուրոյնութիւնը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու հոգին երբեմն կը լեցուի այնպիսի ծանրութեամբ մը, որ ո՛չ մէկ լեզու, ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ ձայն կրնայ ամբողջովին կրել զայն։ Կը պատահի, որ սիրտդ կը բաբախի լուռ փոթորիկի մը պէս, մտքիդ մէջ հազարաւոր խորհուրդներ կը խառնուին իրարու, բայց, երբ կու գայ պահը զանոնք արտայայտելու՝ շրթունքներդ կը ծանրանան, բառերը կը փախչին, իսկ լռութիւնը կը դառնայ միակ ապաստանը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ 
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մէջ փոփոխութիւնները կը վկայեն եւ կը փաստեն Անոր անփոփոխութիւնը. մշտավառ ապացոյցներն են Իր անփոփոխելիութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի կը տօնուի պոլսահայ նշանաւոր բիւզանդագէտ, միջնադարագէտ, արուեստաբան ու նշանաւոր հայագէտ Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի 130-ամեակը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

ԱՐԱՐԱՏ ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայաստանէ ներս կը շարունակուի եկեղեցի-պետութիւն լարուածութիւնը եւ փոխանակ լուծումներ փնտռելու եւ այդ լուծումները կեանքի կոչելու, իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ապաշնորհ մարտավարութիւնը, ամէն կերպով ջանալով հեղինակազրկել Հայ Առաքելական Եկեղեցին, անոր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ուխտեալ միաբանութիւնը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Վստահ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ.- Ե՛լ եւ ծո՛վ ինկիր», եւ եթէ միտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ, թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի։ Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք, որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնրդածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 22-25)։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին, սփիւռքի գրեթէ բոլոր մամուլներուն մէջ «Պատգամ սփիւռքահայ երիտասարդութեան» խորագրին տակ կը հրատարակուէր անուանի հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի սփիւռքի հայութեան եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան ուղղած կարճ կոչը.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

Երէկ, Աստուածաշունչի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ի Պոլիս ուղարկուած օրինակներու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

Ս. Զատկի շրջանին քրիստոնեաներու միջեւ կը փոխանակուին այցելութիւններ՝ տօնական աւետիսով:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը միշտ սերտ յարաբերութիւններու մէջ՝ քաղաքի միւս յարանուանութիւններուն հետ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

ARA KOÇUNYAN

Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu tarafından düzenlenen basın toplantısı büyük ilgi yarattı. Başkan Aksel Topalyan ve arkadaşlarının üç yıllık çalışmasının parlak bir tablo yaratmış olduğu konusunda genelde fikir birliği var. Bu bilgilendirme toplantısının yankıları sürmekte.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2026

Միջազգային բեմահարթակի վրայ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իրանի միջեւ ծաւալուած միջնորդական գործունէութեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը։ Այս առթիւ ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ, որու հետ եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ տաղաւարի առթիւ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026

Երէկ, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ հիւրընկալեց Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը։ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ ընդգծուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ առեւտուրը, ուժանիւթն ու խելացի տնտեսութիւնը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026

Երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026

Երէկ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Տոհայի մէջ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Թանիի կողմէ:

Էջեր