Արխիւ
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այո՛, պիտի տօնեմ Ս. Ծնունդը, Նոր տարին եւ Ծառատօնը։ Ասկէ ետք այլեւս բաց պիտի չձգեմ խնջոյք մը, հարսնիք մը, ո՛չ ալ հոգեհանգիստի կամ թլփատութեան առիթ մը, առանց առաջինը ներկայանալու եւ վերջինը հեռանալու վայրէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աշխարհ ներկայիս կը մտնէ նոր փուլ մը, ուր պետութիւններու յաջողութիւնը կախում ունի միջազգային վստահելի գործողութիւններու, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ արդի արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ կիրառման համադրութենէն՝ հակադրութեան փոխարէն շինիչ բանավէճի մթնոլորտի քաջալերմամբ:
Խրախուսել ներքին համերաշխութիւնը:
Հասարակութեան հետաքրքրութիւնը իրական քաղաքական ազդեցութեան վերածելու ճանապարհին նախընտրական բարդ հաշուարկներու խաչմերուկ, ուր կ՚ընդգծուի երիտասարդութեան դերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ցեղերուն մէջ աստուածային բազմաթիւ ըմբռնումներ եւ գաղափարներ կը գտնուին։ Ցեղերէ ոմանց մէջ կան աւելի հին գաղափարներ, որոնք կը կոչուին «հոգեպաշտութիւն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր նման յօդուածներէ ետք «լուծում»ի մասին կը հարցնեն, եթէ իրապէս լուծումի մասին մտածող կայ, ապա ահաւասիկ լուծումները.
Պէտք է գիտնալ, որ «լաւ» կուսակցական ըլլալ, լաւ տնօրէն, լաւ ուսուցիչ ու լաւ ազգային գործիչ ըլլալ չի նշանակեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հա՜յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։ Ա՛յսպէս կ՚աղօթէր Յիսուս Ձիթենեաց լերան վրայ եւ Իր աշակերտներուն կ՚ըսէր. «Աղօթեցէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին, հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան Թէոդիկին գրած իր մէկ նամակին վերջաւորութեան հետեւեալ տողերը կ՚արձանագրէր. «Այստեղի կենցաղս մինչեւ ցարդ խիստ յուզումնալից եղաւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատասխանատուութեան պահը. ո՞վ պիտի ձեւաւորէ Հայաստանի վաղուան օրը, ինչպէ՞ս պիտի ուրուագծուի երկրի յառաջիկայ տարիներու հիմնական ուղղութիւնը: Առաջնահերթութիւններու պայքար:
Այժմու նախընտրական գործընթացը կ՚առանձնանայ իր ընդգրկումով եւ բազմազանութեամբ, մրցակցութիւնը կը բիւրեղանայ բազմաբեւեռ պատկերի մը վրայ, ուր ի յայտ կու գայ նաեւ լուրջ ճամբաբաժան մը:
Աթէնքի մէջ վերջերս (29 մայիս) տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Յունաստանի հայ համայնքի շրջանակներէն զանազան դէմքեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն եպիսկոպոս Առաքելեանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ, «Բաժնուած կղզի» գիրքին եւ այս վերջնոյն հիման վրայ պատրաստուած «Վիրաւոր կղզի» ֆիլմին համատեղ շնորհանդէսն էր։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին Փաշինեանը շնորհաւորած է ծննդեան առթիւ եւ յղած՝ բարեմաղթանքներ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած շօշափելի զարգացումները կ՚ուղղորդուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու աշխատանքային շփումներով։ Այսօր, Կարսի մէջ տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ գրեթէ ամէն օր Ֆրանսայի մէջ կը հնչեն «հայ», «Հայաստան» բառերը։
Երկրի զանազան քաղաքներու, հեղինակաւոր սրահներու, դահլիճներու մէջ միշտ հայկական բան մը կայ։
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Ինչո՞ւ առաքելական կը կոչուի: 2. Ինչպէ՞ս կը սկսի: 3. Ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ:
1. Նախախնամութիւնը կրնար ամէն բան առանց միջոցի ընել, բայց երբեք առանց միջոցի ոչինչ տնօրինած է.
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, վերջերս (26 մայիս) տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հարիւր հոգեւորական:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Շուտով, շա՛տ շուտով պիտի աւարտին երեք ամիսէ ի վեր մեր «հայրենիքին» մէջ ընթացող արշաւները. ընտրարշաւ, քարոզարշաւ, յաղթարշաւ, ինչպիսի արշաւ, որ կը նախընտրէք այլեւս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայիս ամիսը «մայրերու ամիս» հռչակելու պատմական, դիցաբանական եւ կրօնական արմատները բաւական խոր են, ուր կը միախառնուին հեթանոսական աւանդութիւնները, քրիստոնէական ջերմեռանդութիւնն ու բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
1922 թուականին նկարահանուած «Häxan» (Վհուկներ) ժապաւէնը, որու հեղինակն ու բեմադրիչն է Պենիամին Քրիսթենսէն, այսօրուան դիտողին համար կրնայ առաջին հայեացքով թուիլ հին, պարզ ու նոյնիսկ թեթեւ ազդեցիկ՝ նկատի ունենալով մեր օրերու բարձրորակ տեսողական ազդեցութիւնները, թուային էֆեքթները եւ գերիրապաշտ սարսափի լեզուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդաբանական եւ մշակութային փոփոխութիւնները այսօր կ՚ազդեն կեանքին բոլոր երեւոյթներուն վրայ եւ վերլուծողական եւ զանազանեալ մերձեցում մը կը պահանջեն։ Հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի ուսուցումին, ներկայ ժամանակներու ընտանիքի իրավիճակը պէտք է սեւեռել իր ամբողջ բարդութեամբ, իր լոյսերով եւ իր ստուերներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասակ առնող նոր սերունդը պարտի հայրենասիրութեան ոգիով մեծնալ՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան պարագային, սակայն, պէտք է ի սկզբանէ յստակ ըլլայ, թէ ի՛նչ ըսել է «հայրենասիրութիւն»։ Այս մէկը կը կարեւորենք, որովհետեւ շատ շատերու համար հայրենասիրութիւնը նման տեսք ունի. սփիւռքահայ երիտասարդ մը, հայրենասիրական երգեր սորվելով առիթով մը հպարտութեամբ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենար. «Ես եթէ երգեմ... թշնամին կ՚ոչնչանայ»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւն, որ կու գայ շրջադարձային հանգրուան մը սահմանել միանշանակ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վերարտադրուիլը կախեալ չէ միայն անոր վարչական կամ քաղաքական հնարաւորութիւններէն, այլեւ խորքային վերաբերմունքէ. ինչպիսի՞ ապագայ մը կը պատկերացնէ հասարակութիւնը:
Ըստ վերլուծաբաններու՝ արդիւնքը պիտի ըլլայ համադրութիւն մը՝ ներքին տրամադրութիւններու, կուսակցական ուժերու կազմակերպուածութեան եւ արտաքին դերակատարներու ազդեցութեան:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
27 մայիսը անմահ Յակոբ Պարոնեանի (Ատրիանուպոլիս, Էտիրնէ, 19 նոյեմբեր 1843 - Կ. Պոլիս, 27 մայիս 1891) յիշատակի օրն է: Իր մահուան 135-ամեակը: Հայագիտութեան հսկան, հանճարեղ լեզուագէտ եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեան՝ որ աշակերտած է հանճարեղ երգիծաբան, թատերագիր, Զարթօնքի սերունդի գրողներէն Յակոբ Պարոնեանի (*), Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ չորս տարի իր ուսանողական տարիներու ընթացքին, մասնաւորապէս 1890-1891 կրթական տարեշրջանին: