ՌՈՒՊԻՈՅԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ԶՐՈՅՑԸ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Գերմանիա յաւելեալ մէկ միլիառ եւրօ օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ Ուքրայնայի համար:
Վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց. «Աջակցելով Քիեւին մենք կը պաշտպանենք նաեւ Եւրոպայի անվտանգութիւնը»:
Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան վերադաս խորհուրդի փոխ-նախագահ Տենիզ Կիւլէր եւ Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան Սոֆիայի մէջ։
Ատրպէյճանի բանակի զինուորներէն Նասիմի Ռահիմօղլու Մուսայեւ կալանաւորուեցաւ երկու ամիս ժամկէտով։ Ան նախընթաց օր ապօրինի կերպով հատած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը եւ Սիւնիքի մարզէն ներս սահմանամերձ գիւղի մը մէջ վիրաւորած էր կին մը եւ իր երկու զաւակները։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ժամը՝ 14.15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ մուտք գործած է Ատրպէյճանի զինծառայողներէն մին։ Այս վերջինը կրակած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 39-ամեայ կնոջ մը վրայ՝ ներկայութեամբ իր երեք զաւակներուն։
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը՝ ութ կէտերէ բաղկացեալ։
Երեւանի մէջ ընթացք առած է «ՀԱՅ ՖԵՍՏ» կատարողական արուեստի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի եւս կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծման առիթ դարձած է այս ձեռնարկը, որու բացումը տեղի ունեցաւ «Տիեզերական ճամբորդութիւն» օդային ներկայութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Հնարաւորութիւններու ժամանակը. Հայաստանը՝ համաշխարհային շուկաներու նոր ճարտարապետութեան մէջ» խորագրեալ համաժողովը։
Նոյն աշխարհագրութեան մէջ համատեղ դիրքաւորում՝ արդի մարտահրաւէրներու դիմաց որոնումներով:
Ֆրանսա-Սպանիա գործակցութիւնը կը դրուի նոր հարթութեան վրայ՝ միջազգային ուժերու վերադասաւորման այժմու լուրջ պահուն:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Եզնիկ աւ. քհնյ. Կիւզէլեանը։