Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու փոխ-ատենապետ Հերման Գավաֆեանը։ 2021-2022 կրթական շրջանի սկիզբին զուգահեռ կը բացուի նաեւ մատաղօրհնութիւններու եղանակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը կը դիմաւորենք հակասական զգացողութիւններով: Մէկ կողմէ յատկանշական յոբելեանը նշելու գայթակղութիւնը կը տիրէ, միւս կողմէ կայ այրող միամեայ վէրքը, որ կը մխայ հայոց սիրտին վրայ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Սոյն թուականի սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի դիմակաւոր ու զինեալ ծառայողներ Որոտանի ճամբուն վրայ կեցուցած են՝ 15-16 տարեկան ֆութպոլ խաղացող արցախցի պատանիներ փոխադրող հանրաշարժ մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ» (Յհ 12.23):
Մեկնութիւն.
Քրիստոսի փառքը հինգ կերպով կը լսուի. նախ՝ Քրիստոս խաչի չարչարանքներով փառաւորուեցաւ, երբ արեգակը խաւարեցաւ, երկիրը շարժեցաւ, եւ այլն: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատերու համար յաղթանակ նկատածը՝ կրնայ պարտութիւն նշանակել ոմանց համար եւ ոմանց սրբազան արժէքը՝ ուրիշի համար կրնայ դառնալ իմաստազուրկ ոչնչութիւն: Եւ այդ իրականութիւնն է, որ մարդը մարդէն կը տարբերէ, իւրաքանչիւրը տալով տարբեր դիմագիծ ու մտածելակերպ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

24 սեպտեմբեր-3 հոկտեմբեր թուականներուն Իսթանպուլի մէջ կեանքի պիտի կոչուի գերմանական ժապաւէններու ցուցադրութեան ծրագիր մը։ «Կէօթէ» կաճառի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է «Քինօ 2021. Գերմանական ժապաւէնները Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ նախագիծը, որու ծիրէն ներս 11 ժապաւէնի ցուցադրութիւն պիտի կատարուի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախագահ Էրտողան երէկ Նիւ Եորք մեկնեցաւ՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Քուլիս» գրական եւ գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէսը, 75 տարի առաջ հիմնուելով Պոլիս եւ ճիշդ յիսուն տարի (1946-1999թթ.) անխափան հրատարակուելով՝ իր անփոխարինելի տեղը ապահոված է հայ մամուլի պատմութեան «ոսկեայ» մատեաններուն մէջ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու շրջանի առաջին ամիսներուն տուներու մէջ կալանաւորուած մարդոց մեծ մասը ընկղմած էին մխիթարական ոչ-աւանդական միջոցներու մէջ. ինչպէս՝ հաց թխել, տնային պայմաններով մարզանք ընել կամ Լեւ Թոլսթոյի շուրջ 1200 էջնոց «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» գիրքը կարդալ…

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Մեր ներկայ ընկերութիւնը կը դեգերի մէկէ աւելի տարբեր մտածողութեամբ ու սկզբունքի տէր մարդոց բոլորտիքը, տեւական հինի եւ նորի անդադրում պայքար մղելով, որովհետեւ յստակ չափանիշի մը չգոյութեան պատճառով խառնարանի վերածուած է մեր բովանդակ գոյութիւնը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պետական թէ գիտական հաստատութիւններու պաշտօնակատարներ առօրեայ իրենց խրատներով կը ջանան համոզել երկրի քաղաքացիները, որպէսզի պատուաստուին վերոյիշեալ ժահրի դէմ։ Սակայն կան մարդիկ, որոնք զանազան պատճառներով տակաւին կը դժկամին ենթարկուիլ այդ աղաչանքներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան ընդհատուած գործընթացը կը վերսկսի այս շաբաթ: Զեքիեան Գերապայծառ այսօր Հռոմ կը մեկնի:
Սուրբ Սինոդի նստաշրջանը նախատեսուած է Լեւոնեան վարժարանին մէջ: Զմմառի ապարդիւն ժողովներու լոյսին տակ Վատիկանի կողմէ կանոնադրութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արաս Աքպաշ յաջողած է մուտք գործել Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինը։ Այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն ան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն մը ու դարձած՝ իր դասաւորման մէջ Թուրքիոյ 420-րդը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Աշխարհի որեւէ պետութիւն դժուար թէ կարողանայ անմիջապէս յաղթահարել՝ Հայաստանի այսօր մատնուածին նման խոր տագնապ մը։ Երկիրը վիթխարի ցնցումէ մը անցած է եւ նման պարագաները հրամայական կը դարձնեն պաղարիւնութիւնը, համբերութիւնը, որովհետեւ միայն աստիճանաբար կարելի է բնականոնացնել, հնարաւորինս բարելաւել կացութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Հնդկաստանի անկախութեան շարժման ղեկավար, քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդ Մահաթմա Կանտի դար մը առաջ իր խօսքը ուղղելով Քրիստոնեայ ժողովուրդին՝ կ՚ըսէր. «Ես կը սիրե՛մ ձեր Քրիստոսը, բայց ո՛չ ձեր Քրիստոնէութիւնը: Դուք Քրիստոնեաներդ նման չէ՛ք ձեր Քրիստոսին»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդիկ արդէն բազմաթիւ պատճառներ ունէին մոռացկոտ ըլլալու, յիշողութիւնը կորսնցնելու, այդ պատճառներուն վրայ եկաւ աւելնալու համաճարակը, որուն հետեւանքներէն է յիշողութեան մասնակի կորուստը: Սակայն բարեբախտաբար կը նախատեսուի, որ լաւ օրերու յայտնուելուն հետ յիշողութիւնը կը վերադառնայ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Սկովտիա Միացեալ Թագաւորութեան չորս երկիրներէն մէկն է՝ Անգլիոյ, Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Ուէյլզի կողքին։ Սկովտիա կը գտնուի Անգլիոյ հիւսիսը եւ անոր մայրաքաղաքն է Էտինպուրկ, իսկ բնակչութեան թիւը՝ մօտաւորապէս 5.5 միլիոն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կարեւոր խմորումներ կը կատարուին նախ Սուրիոյ մէջ։ Անկախ այն փաստէն, որ Մերձաւոր Արեւլքի զարգացումներուն հետեւողներուս համար կը շարունակէ ուղենշային համարուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն վերջնական արդիւնքը, կայ նաեւ վարկած, որ ամերիկեան «լուռ» համաձայնութեամբ մը ընթացք առած է նոր ձեւաչափի գործընթաց։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վահրամ Մավեանի մէկ գրութեան վերնագիրն է, իբր այդ ալ այս գրութեան վերնագիրը չակերտներու մէջ առած եմ: Վերնագիր մը, որ ինչպէս իմ, կրնայ նաեւ շատ մը ընթերցողներու մօտ զարմանք յառաջացնէ եւ հազար ու մէկ հարցումներու դուռ բանայ:

Էջեր