Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ բացուեցաւ «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։ Այսպէս, բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը կը յայտնէ, թէ «Հերի Փոթըր»ի ֆիլմաշարի երկրպագուները կրնան այցելել Նիւ Եորքի կեդրոնին գտնուող «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Իզմիրի մէջ երէկ յարձակում մը գործուեցաւ ՀՏՓ կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղի շէնքին վրայ։ Այս յարձակումը կատարեց Օնուր Կենճէր անունով անձ մը, որ առողջապահական համակարգի նախկին աշխատակից մըն է։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Դիւանագիտութեան ֆորումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ։ Համաճարակի հետեւանքով յետաձգուած այս ֆորումին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ արդէն ժամանած է Թուրքիա։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Նախընտրական պայքարը այսօր կ՚աւարտի եւ ես կ՚ուզեմ բաժնել իմ զուտ անձնական տպաւորութիւնները՝ ինչպէս միշտ, չյաւակնելով ոեւէ մէկուն ուղղութիւն կամ դաս տալու։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ հերթական զգուշացումներով, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ առկայ սահմանային լարուածութիւններուն տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մօտեցումը սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ չափազանց վտանգաւոր է երկարաժամկէտ հեռանկարով։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այսպէս, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն երէկ Ուաշինկթընի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այսօր պատգամով մը հանդէս եկաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ։ «Այս անգամ սխալելու իրաւունք չունինք», ընդգծեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ կը գլխաւորէ ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան ցուցակը։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021

Թուրքիա կը դիտարկէ, որ Ռուսաստան մտադիր չէ խոչընդոտել «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծումը:
Նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային դէմ դիմաց տեսակցիլ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ: Անգարա միշտ Մոսկուայի հետ համակարգումով յառաջ կը տանի Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ գործընթացները:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ամբողջ աշխարհ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր այս հանդիպման, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

«Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը անսահման առաւելութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի համար»:
Ըստ Էրտողանի, Անգարա պատրաստ է բոլոր քայլերը առնել Երեւանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Պէտք է համաձայնութիւն ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, հարեւանները յաւերժ թշնամի չեն կրնար ըլլալ:
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շեշտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը այլեւս Հայաստանէն կախեալ չէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB)։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Անթիլիասէն այս շրջանին օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու համար։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, որոնք Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան տակ կը գործեն, վերջին օրերուն այդ օժանդակութիւնները հասցուցին քսան կարիքաւոր հայ ընտանիքներու։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Օփերային շրջակայքը զբօսնողներէն, քալողներէն կամ տարածքի պուրակներուն ու սրճարաններուն մէջ պարզապէս նստողներէն քիչեր գիտեն, որ Օփերայի մօտակայ պուրակին մէջ կը հանգչի հայոց մեծերէն մին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեան:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Փոքրիկ Անահիտը ունէր պուպրիկ մը: Անունը Իզապելլ: Անահիտ կը սիրէր իր պուպրիկը կարճ ձեւով անուանել՝ Պեթի: Պեթին հայ չէր: Տարիներ առաջ Անահիտի հօրեղբայրը գործուղղուեցաւ Գերմանիա:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Եառոնտա. մոլորուածութիւնը կարելի՞ է որ խենթութիւն ըլլայ:
-Մոլորուածութիւնը բան մըն է, իսկ խենթութիւնը՝ ուրիշ բան:

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցի առցանց ձեռնարկի մը, որ պիտի մէկտեղէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ Զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին պիտի գտնուի Մարալ Այվազ, որուն պիտի նուագակցին՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն երկու աշակերտուհիներ վերջերս գրական մրցանակի մը մէջ դարձած են դափնեկիր։ Այսպէս, «Neslin Değişen Sesi» միջնակարգին կողմէ կազմակերպուած, «Կտաւէ դէպի մատիտ բանաստեղծութեան եւ պատմուածքի մրցոյթ» կոչուած մրցոյթին մէջ անոնք արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Վերջին շրջանին արձակուած դատավճիռներով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ, մեր համայնքէն ներս զանազան նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տարուին այս հարցի յաղթահարման համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջերս այցելեց Արցախ։ Իր կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները միացան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ հայրապետական ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Սիւնիք եւ Արցախ:

Էջեր