Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն հետ:
Բանակի օրուան առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատկանշական քայլը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած կացութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս կը կարեւորէ՝ ժողովուրդի սպասումներուն գոհացում տալու ուղղեալ գործնական քայլերը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կը ջանան նոր կացութեան մը ծնունդ տալ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս. Պաղեստին բուռն կը բողոքէ:
Նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ, Նեթանիյահուի ներկայութեամբ անդրադարձաւ՝ իր փեսային կողմէ մշակուած խաղաղութեան համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանոփուլոն։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները ընկերային ցանցերու վրայ երէկ անդրադարձան այս հանդիպման՝ առանց անդրադառնալու քննարկումներու բովանդակային մանրամասնութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մենթի-Մենթոր ծրագրի գործակից երիտասարդներ՝ Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Գարոլին Իւչէր Իչլիիւրէքը։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան մասին:

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

ՀՏՓ-ական Թումա Չելիք կոչ ուղղեց, որպէսզի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած այսօրուան մրցոյթը ջնջուի:
Մարտինի ասորի արմատներով ընդդիմադիր երեսփոխանի համոզմամբ, պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը պէտք է վերադարձուի բուն տիրոջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը։ Ողջունելով բարձրաստիճան դատաւորը՝ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, թէ Աստուած զօրավիգ ըլլայ իրեն եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներուն՝ արդարադատութեան հաստատման դժուարին առաքելութիւնը իրականացնելու ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու իր գործակից ընկերները։ Կազդուրման կայանի վարչայինները այս առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«ԳրաՏուն» հրատարակչութիւնը հայ ընթերցողի սեղանին դրած է աշխարհի նշանաւոր քաղաքական գործիչներէն մէկուն՝ 1940-1945 եւ 1951-1955 թուականներուն Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ, Բրիտանական ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ուինսթըն Չըրչիլի «Ինքնակենսագրութիւն» գիրքը հայերէնով:

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ դարձեալ երեք հարցումներ կը ծագին.
Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար աստուածաբանութիւնը կը կրկնէ:

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը շարունակենք՝ շատ սիրելի՜ մեր բարեկամ ընթերցողներուն ներկայացնել Գրիգոր Զօհրապի «Ճէյրան»ը նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս վերահաստատուեցան Ուքրայնայի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։ Այսպէսով Քիեւ լիարժէք աշխատանքի վերադարձաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնայի Ռատան (խորհրդարան) որոշած էր ԵԽԽՎ-ի տարեկան նստաշրջանի աշխատանքին վերադարձնել իր պատուիրակութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչումներ շնորհեց բարձրաստիճան զինուորականներու:
Բանակի օրուան առթիւ հաւաքոյթ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Թունճելիի Փերթէք գաւառակէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցած հետաքրքրական իրադարձութիւն մը այսօր արձագանգ գտած է տեղական մամուլին մօտ։ Այսպէս, 20 յունուարին Քումրու Աքքայայի բնակարանի դրան վրայ գրուած է հետեւեալը. «Սատկէ հայու սերմ»։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան երէկ դարձաւ 81 տարեկան։ Ան թէեւ իր կեանքի ամենահասուն շրջանին մէջ է, սակայն երաժշտական գործունէութիւնը յառաջ կը տանի ամբողջ թափով։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020

Մարզական աշխարհը ցնցումի մէջ է պասքսեթպոլի առասպելական աստղերէն Քոպի Պրայնտի մահուան հետեւանքով։ Ան եւ իր դուստրը զոհ գացին ուղղաթիռի արկածի մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կրնան տեսակցիլ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ժամանակ:
Նախարարներ Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յառաջիկայ օրերուն պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020

Հայաստանի Հանրապետութան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը:
Արմէն Սարգսեան Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ:

Էջեր