Արխիւ
«D-8»ի երկիրներու ղեկավարներուն մասնաւոր նիստը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ:
Նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա կը ջանայ նպաստել կայունութեան հաստատման՝ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած ձեւով»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Տարեվերջի կարճ արձակուրդի մը համար անոնք եկած են Պոլիս, ուր կը շփուին իրենց բարեկամական շրջանակին հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Ստեղծուած ծրագիրը համակարգիչի պաստառի վրայ հայերէն թեքստը կը վերածէ բանաւոր խօսքի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմով յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յաջողութեամբ կ՚ընթանան դէպի երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։
Հայաստանը՝ քրիստոնեայ բնակչութեամբ ժողովրդավարութիւն, Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին:
«The New York Times» կը մեկնաբանէ պայթիւնավտանգ Կովկասի իրավիճակը՝ մատնանշելով անսովոր երկընտրանքները:
Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի 8-րդ նախարարական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
«Աշխարհ կը խաբուի անվտանգային շարունակական սպառնալիքներու՝ ինքնութեան հիմունքով ատելութեամբ»:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ առաջարկներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթին, որ այցելեց Անգարա։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակումերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ են Գալֆաեան տան վերաբերեալ լսումներ։ Այսպէս, խնամակալութենէն ներս ծագած են տարաձայնութիւններ, յառաջացած է պառակտում եւ ատենապետ Ալֆրէտ Սունա հրաժարած է, եւս քանի մը խնամակալ կրնայ հրաժարիլ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանի խոշորագոյն նուիրատուներուն մէջ առանձնակի երախտիքով կը նշուի կեսարացի Յարութիւն Հազարեանի անունը: Այդ անուան հետ սերտ առընչուած է հայկական մշակոյթի գանձերու հայրենադարձութեան շարժումը, որ սկիզբ առած է անցեալ դարու կէսերուն եւ կը շարունակուի մինչ այսօր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք անորոշութեան մասին, բայց թերեւս մեզմէ շատերը չեն մտածած, թէ խորքին մէջ ի՛նչ է անորոշութիւնը, կամ ուրկէ՞ կու գայ:
Բառարանները անորոշութիւնը կը բացատրեն որպէս անստուգութիւն, տարտամութիւն, անյստակութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ դժուար է պատմութիւնը անջատել առօրեայ քաղաքականութենէն, եւ աւելի կամ նուազ ճշդուած լուրերու խիտ ցանցին մէջէն զատորոշել այսօրուան, ներկայ երեւոյթները, որոնք վաղուան «պատմութիւն»ը պիտի ըլլան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասարակաց վախերը բազմաթիւ են. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, սիրեցեալի մը կորուստը. այս վախը համընդհանուր երեւոյթ ունի եւ բնածին զգացում մըն է. այս վախի հիմնական պատճառը մեր մեզի համար սիրելի եղած անձերու հանդէպ կապուածութիւնն է եւ անոնց բացակայութիւնը՝ մանաւանդ յաւիտենական կորուստը ինքնին վախ կը պատճառէ, որովհետեւ մարդ արարած ընդհանրապէս կը վախնայ մինակութեան զգացումէն:
Կեդրոնական վարժարանի սաները երէկ այցելեցին Անգլիոյ հիւպատոսարանը՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը շրջելու համար։ Աշակերտները հիւրընկալեցին նախագծի պատասխանատուները՝ Էվրիմ Քարաճան եւ Տենիզ Ճենկիզ։ Խումբին ուղեկցեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Անի Փայլան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Շաբաթավերջին, թաղի վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած է տարեկան հանգանակութիւնը՝ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան զուգահեռ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները, որոնց շարքին էին յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Քաքմաճեան, որ գաւազանագիրքին մէջ կ՚առանձնանայ՝ միայն տասներկու օր գահակալած ըլլալով։
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ վերածուեցաւ իր վայելած համատարած սիրոյ ու համակրանքի վառ դրսեւորման։