Արխիւ
Անգլիոյ մէջ վարչապետ Պորիս Ճանսընի կառավարութեան իշխանութեան գլուխ գալուն զուգահեռ, վերստին բուռն քննարկումները սկսած են BREXIT-ի շուրջ։ Ճանսընի վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն, թէ Լոնտոնի դիրքորոշումը պիտի խստանայ յառաջիկայ շրջանին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ դարձեալ խօսեցաւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու գործադրութեան մասին։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ դժուարութիւնները կը շարունակուին՝ Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու ձեռքբերման հետեւանքով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մինչեւ իսկ դուք ուղիղ ճամբուն մէջ էք, ձեր մտադրած վայրը պիտի չհասնիք, եւ հասանաբար պիտի կոխկռտուիք, եթէ նստիք եւ նստած մնաք հոն»։ (Sunshine Magazine)։
Մարդ կոչուած է աշխատութեան. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ…» (ԾՆՆԴ. Գ 19), ուստի ան պէ՛տք է աշխատի, որպէսզի ապրի, որպէսզի տեւականացնէ իր կեանքը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Թէ նշանաւոր Արքիմետէսի «Էվրեքա» բացագանչութիւնը իրմէ ետք քանի՞ անգամ հնչած է՝ վստահաբար հաշիւը պահող չէ եղած, ու եթէ անունս ալ աւելնայ այդ ցանկին վրայ, վստահաբար մեծ գիտնականին հոգը պիտի չըլլայ։
Ըսեմ, թէ քանի մը օր առաջ ի՛նչ պատահեցաւ, որ ժպրհեցայ անունս արձանագրել այդ ցանկին վրայ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՕՇՈՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը ամբողջութիւն մըն է՝ շունչի, յոյզի եւ միտքի:
Չարենցի մէկ երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը (76 տող) «ԽՈՀ» խորագրի տակ, կը սկսի այսպէս.- «Ես մարդ եմ, պոէտ ու քաղաքացի»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Արցախի աղաման է, արի՛, քուրօ ճան, չե՞ս ուզում առնես:
Գառնիի մուտքին մօտ, կրպակի մը սեղանին ետին կեցած կը կանչէր զիս ծախողը:
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդը արմատն է հայութեան ինքնութեան»:
«Մեր հայրերը ուխտեցին ըլլալ Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը եւ այդ ուխտով կերտեցին մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը»:
Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերէն օդանաւ մը ինկաւ ծով։ «Միք-29» ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւը երէկ երեկոյեան ժամերուն ունեցած է անկում։
Ռուսական «Սու-30ՍՄ» կործանիչները Հայաստան պիտի ըլլան մինչեւ 2020 թուականի սկիզբը: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին վերջերս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ 2020 թուականին մինչեւ 150 քիլօմեթր ճանապարհ կառուցել՝ Արցախը Հայաստանին կապող:
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի «Ազգային մարզադաշտ»ը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ 35-40 հազար հանդիսատես։ Այս մասին Դիմագիրքէն ուղղակի հաղորդման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան:
Reddit կայքէջի եւ Initialized Capital ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի վարէ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը (The World Congress on Information Technology [WCIT]): Այս մասին Դիմագիրքով տեղեկացուցած է WCIT 2019-ը:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքացիներու ճամբորդութեան պարագային յառաջիկայ շրջանին պիտի ջնջուի մուտքի արտօնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Պաքուէն դիւանագիտական աղբիւր մը տեղեկացուցած է, որ գործադրութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերի 1-ին։
CNN-ի ցուցակը. Եւրոպայի 20 լաւագոյն քաղաքները, որոնք չունին բաւարար զբօսաշրջիկ:
Հեռուստակայանը խորհուրդ կու տայ ծանօթանալ եկեղեցիներուն եւ «Էրեբունի» թանգարանին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ Քահանայապետական պատուիրակ Զեքիեան Գերապայծառի հետ:
Մխիթարեան միաբանութեան Սեւրի «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի շէնքի ճակատագիրը փրկելու նպատակով կը ստեղծուի շարժում մը՝ համայն հայաշխարհէ ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ «ներքին միութիւն»ը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ ֆրանսական շարք մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։
Անգլիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած Պորիս Ճանսըն երէկ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։ Պաքինկըմի պալատին մէջ ան ընդունուեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ծերակուտականները ընդհանրապէս պաշտպանած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին բերումով։