Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն ընդառաջ Երեւանի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւնը եւ բնութիւնը. ուրարտական քաղաքները եւ բնական գիւղանկարը» խորագրով նոր ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Երեւանի քաղաքապետարանի, «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի եւ ԻՔՕՄՕՍ-Հայաստան կազմակերպութեան համագործակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը հիւրեր։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնի ազատութեան յանձնաժողովի (USCIRF) փոխ-նախագահները՝ Քրիստինա Արիակա տը Պուքհոլս եւ Սանտրա Ժոլի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ ընդհանուր ընթացքը սխալ է։ Իւրաքանչիւր փուլը պէտք է համաձայնեցնել պետութեան հետ։  Սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը պէտք է ըսէ եւ համայնքը պէտք է ընէ, բայց անհրաժեշտ է ընդհանուր երթը համաձայնեցնել, այլապէս գործերը կը մատնուին փակուղիի:
«Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պէտք չէ ներքաշել այսպիսի տեղական խնդիրներու մէջ։ Պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք միակ հարցումի մը վրայ. Պոլսոյ Աթոռը ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ իր նոր գահակալը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեսակէտէ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՞ր թեկնածուն պիտի ընտրուի»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն ձեռնարկած է՝ պիւտճէի ծանր բաց մը հաւասարակշռելու առաջադրութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւններու մեկնարկը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ըստ Մէքս Ուէպըրի, մշակոյթը ընկերային գիտութիւն է, որ կ՚առընչուի առաւելաբար հաւաքականութեան մը տուեալներուն հետ, եւ որուն միջոցաւ մարդիկ կ՚ապրին իրենց կեանքերը նոյնինքն այդ տուեալներուն մէջ եւ մէջէն, եւ որ իրենց համար կը դառնայ իւրայատուկ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լիբանանի լեռնային շրջանի՝ Զմմառու վանքին մէջ իր հոգին աւանդած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան երիցագոյն անդամ՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը, կամ պարզապէս՝ Հայր Անդրանիկը, ինչպէս ան ճանչցուած եւ սիրուած է հազարաւորներու կողմէ: Այս լուրը անցնող օրերուն խոր ափսոսանքի եւ ցաւի զգացումներ տարածեց զինք ճանչցողներու կամ հեռուէն գիտցողներու շրջանակին մէջ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Աւանկարտ եւ փոսթ-մոտեռն նկարչութեան հետեւորդ լեհ յայտնի նկարիչ Հենրիք Չեշնիքի «Վտանգաւոր խաղեր» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը ներկայացուի հայ արուեստասէրներուն։ Ան կը բացուի Հոկտեմբերի 5-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Երէկ, Սպանիոյ ինքնավար շրջաններէն Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ։ Բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հանրաքուէն։ Սպանիոյ ղեկավարութիւն օրեր առաջ արդէն ապօրինի հռչակած էր այս քուէարկութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Նալպանտեան եւ Հան բանակցութիւններէն վերջ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որուն ընդառաջ Թեհրանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Տեղապահ սրբազան հայրը երէկ յուշանուէր մը ստացաւ՝ շրջապատուած իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Սամաթիոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երազը իր կամքէն անկախ տեղի ունեցող պատկերներու, գաղափարներու եւ զգացումներու յաջորդականութիւնն է։ Երազի բովանդակութիւնը եւ նպատակը հասկնալու համար որոշ լուսաբանութիւն մը կարելի չէ տալ։ Բազմաթիւ գիտնականներ ուսումնասիրած են երազը, որ աւելի վերջ եղած է փիլիսոփաներու ուսումնասիրական առարկան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Հայկական ճատրակի արդի մեծանուն վարպետը շաբաթավերջին ամուսնացաւ Արիանա Քաոիլիէի հետ:
Կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի խաչեղբայրն էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժողովրդական իմաստութիւնը, ընդհանրապէս կարճ նախադասութեան մը մէջ կը խտացնէ կարգ մը ճշմարտութիւններ, որոնք կրնան հատորներու նիւթ դառնալ եւ երկար բացատրութիւններու առարկայ ըլլալ։ Եւ արդէն «իմաստութիւն»ը այն է՝ որ հակիրճ եւ հասկնալի կերպով կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն պատասխանատուներ։ Այսպէս, դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար նորին սրբազնութեան ներկայացան եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն 2017-2018 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի արդիւնքը յոյս ներշնչեց: համայնքային շրջանակները կը գիտակցին, որ ներկայ ծանր փուլին զոհողութիւնները պէտք է բազմապատկուին՝ մեր վարժարաններու կայունութեան երաշխաւորման համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017

«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային երրորդ փառատօնի երկու մրցութային՝ կարճամեթրաժ եւ լիամեթրաժ ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են 30 ժապաւէն՝ 25 երկրէ։ Շարժապատկերները այս տարի ընտրուած են փառատօնի ստացած շուրջ 1650 յայտրէն։ Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 1-5 թուականներուն միջեւ Երեւանի եւ Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017

Ֆրանսայի մէջ գտած են մերկ կնոջ պատկերով գծանկար մը, որ, ինչպէս կ՚ենթադրեն փորձագէտները, կրնայ ըլլալ Լեոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա» նկարի ուրուանկարը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ածուխով գծուած դիմանկարը յայտնի է որպէս «Մոննա Վաննա»։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017

Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի լոյսին տակ նոր հորիզոններ կը ստեղծուին՝ հարցերուն համար:
Խաժակ Սրբազան. «Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքը աւելի աշխուժացած եւ կազմակերպուած է»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017

Հայաստան եւ Չինաստան կ՚ընթանան սերտ համագործակցութեան հաստատման ճանապարհով:
Փեքինէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ:

Էջեր