Արխիւ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այնպէս կրնայ թուիլ, որ աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւս, մանաւանդ՝ իրենց պաշտօնավարութենէն ետք, բաւական կոկիկ գումար մը կ՚ունենան: Ներկայ ժամանակներուն հաւանաբար այդպէս է, մանաւանդ երբ նկատի առնէք ամենէն ակներեւ օրինակները՝ անոնց ստացած թոշակները, կենսաթոշակները եւ զանազան առիթներով (դասախօսութիւն, յօդուած, հարցազրոյց) անոնց գանձած գումարները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ պատգամ մը հրապարակեց 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերին կը վերաբացուին դպրոցները՝ ո՛ր օրուան ալ զուգադիպի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէս արուեստ մըն է քիչ խօսքով շա՜տ բան ըսել, ամփոփել իմաստ մը մի քանի բառերու մէջ։
Քիչ խօսքով շատ բան ըսելու հարցին մէջ՝ հասարակաց իմաստութիւնը առածներով միշտ լաւ օրինակներ տուած է։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Իսկապէ՛ս որ Նոր Գիւղը մեզի համար փոքր Հայաստան մըն էր: Մեր թաղերուն մէջ ապրող երկու արաբ ընտանիքներուն երեխաները մեզի պէս հայերէն կը խօսէին, եւ մենք ուշ իմացանք, որ անոնք հայ չէին:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ֆրանսայի կայսր, աշխարհահռչակ զօրավար եւ պետական գործիչ, որ ժամանակակից Ֆրանսական պետութեան հիմնադիրը կը համարուի եւ Արեւմուտքի պատմութեան ամենաականաւոր գործիչներէն մին: Այն եզակի անհատներէն, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ դարակազմիկ գործեր ըրած են:
Գ. Մ.
Յիշարժան շնորհանդէս մըն էր, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ: Եղածը գրական երեկոյ մըն էր, այլապէս շնորհանդէս մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, գրող եւ հասարակական գործիչ՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» հատորը:
«Կարեւոր խնդիր է՝ աշխարհով մէկ սփռուած մշակութային ժառանգութեան խնամատարութիւնը»։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը դեսպանահաւաքի մասնակիցները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալելու ժամանակ կանգ առաւ զանազան երկիրներու հայկական եկեղեցական եւ ազգային հետքերը համընդհանուր ջանքերով պահպանելու անհրաժեշտութեան վրայ, ինչ որ առաւել ընդարձակ ճանաչում մը կրնայ ապահովել Հայաստանի համար։
30 օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ երէկ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան փառաշուք հանդիսութիւններ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ տիկնոջ՝ Էմինէ Էրտողանի տանտիրութեամբ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կան մօտեցումներ, որոնց առջեւ լեզուդ կը բռնուի։ Ինչպէ՛ս դիմադարձել, ինչպէս պատկերացնել կամ ինչպէս նկարագրել ու կիսել պատմական գաղութի մը վերջալոյսին սկիզբը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ես քիւրտ եմ. Քիւրտիստանէն եկած եմ:
Կ՚ըսէ երիտասարդութեան սեմին կանգնած տասնվեցամեայ պատանին:
Երեւանի «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնը արդէն ընթացքի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ հիւրերն ու կազմակերպիչները։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 97-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ ինքնիշխանութեան, համահայկականութեան եւ փոխգործակցութեան վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ պայմանադրականօրէն կ՚ըսենք. «Բնութիւնը գեղեցիկ է», ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք։ Երկինքի կապո՞յտը, զանազան բոյսե՞րը, գետնին կանաչ խո՞տը, վերջապէս տարբաղադրեալ այն բազմաթիւ երեւոյթնե՞րը, որոնք իրարու խառնուելով կը յօրինեն այն, ինչ որ պայմանադրականօրէն կը կոչենք «բնական տեսարան» մը։
Կը մտածեմ սփիւռք(ներ)ի հայկական դպրոցի մասին, որպէսզի ան յաջողի ազգային կենդանի լեզու եւ ինքնութեան ազգային մշակոյթ փոխանցել՝ առանց անոնց մանրուքով գոհանալու:
Հայաստանը պետութիւն է, ունի մանկավարժական համալսարան, ուսանողներ կը պատրաստուին ուսուցչութեան:
ԼԱՐԻՍԱ ՌՈՒՊԱԼՍՔԱՅԱ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚երթամ, երջանկութեան ետեւէն կը մտնեմ շուկայ։
Այնուհետեւ հանրախանութ յաջողութեան հետքերով…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն, խախտած է մարդուն եւ բնութեան կապը. նոր սարսափ ի յայտ եկած է մեր երկրին մէջ, որ հանքերուն շահագործման հետեւանքով բնութեան մէջ թափուող վնասակար եւ մահաբեր նիւթերուն պատճառած անդառնալի հետեւանքներն են: Ատոնք ծանր մետաղներ են, որոնք բնութեան մէջ մնալով, դանդաղ մահուան կը դատապարտեն մարդն ու բնութիւնը, եւ այս հարցը այլեւս անվիճելի է…
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Լիբանանի Էջմիածնասէր տիկնանց միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց եւ գնահատեց անդամուհիները: