Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայը հունտի մը կը նմանի։ Որքան ալ փորձես մաքրել, հնձել զայն, միեւնոյնն է, թեթեւ հովի մը օգնութեամբ ան օդի մէջ սաւառնելով, ի վերջոյ մայր հողին գիրկը կը վերադառնայ։ Նորէն կը ծլարձակի, կը շատնայ. պարզապէս անհնարին է հունտը, ինչպէս նաեւ հայը արմատախիլ ընել։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ռուսահայ համայնքէն իրաւաբան Սերկէյ Աւագեանն ու Նարինէ Յարութիւնեանը։ Մեր հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Յարութիւն Շէշէթեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Դամասկոսի մէջ երէկ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Էսատ բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին նոր սկիզբ մը կ՚որոնեն իրենց յարաբերութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Ուքրայնայի պարագային առկայ տարաձայնութիւններու հետեւանքով ստեղծուած լարուածութեան յաղթահարման նպատակով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետը մեկնաբանեց ներքին գործոց նախարարին Գումգաբու այցելութիւնը:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան լաւատեսօրէն տրամադրուած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին համար:

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փեքինի մէջ ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի կողմէ։ «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագրեալ համաժողովին համար Փեքին մեկնած է Նիկոլ Փաշինեան, որ Ցի Ցինփինի հետ քննարկեց Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին կարեւոր նիւթեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ ներկայացուած պաշտօնական դիմում-նամակի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ, իշխանութիւններուն առաջին արձագանգը հասաւ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը, որու ժամանակ նախ բանաւոր ձեւով Աթոռին ու համայնքին տեղեկացուեցան պետութեան որդեգրած մօտեցումները: Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու, կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ այլ պաշտօնատարներ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն փութացին Գումգաբու:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ պիտի տարուի տեղապահի մը վերահսկողութեան ներքեւ: Այս նպատակով յառաջիկային պիտի գումարուի եկեղեցականաց համագումար: Աշխատանքները թափ պիտի ստանան յունիսի 23-ի քաղաքապետական ընտրութենէն անմիջապէս վերջ, մինչ զուգահեռաբար պատկան մարմիններու գրաւոր պատասխանն ալ պիտի ուղարկուի Պատրիարքարան՝ ամենայն հաւանականութեամբ բովանդակելով համապատասխան ընթացակարգ մը:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիպման տեւողութեան ընդգծեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը մշտական կանոնադրութիւնով մը օժտելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի ըլլայ 85-րդ գահակալի առաջնահերթ մարտահրաւէրը: Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի անդամներն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու: Նշուեցաւ թրքահայութեան վերագրուած մեծ արժէքը եւ անոր ներքին համերաշխութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութիւնը:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Լին Մ. Թրէյսի Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Տիգրան Գալստեանի հետ, մի քանի օր առաջ, նշանաւորեց Դաշտադէմի ամրոցի պահպանութեան ծրագրին աւարտը: Ծրագիրը, որ հովանաւորուած էր Միացեալ Նահանգներու Դեսպաններու մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին կողմէ, ներգրաւած է պեղումներ եւ Դաշտադէմ ամրոցի համալիրի մասնակի վերականգնումը:

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան նախաձեռնութեամբ, նախընթաց երեկոյեան, «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաճելի համերգ մը։ «Հին Իսթանպուլի ձայները» երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ թրքական երաժշտութեան հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններու կատարումներով։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամիսներու նուիրապետական կարգին մէջ մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Աննկարագրելին ինչպէ՜ս կարելի է նկարագրել. մայիսն է ի՛նչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երեք բան յայտնի է, որովհետեւ երեք հարցումներ կան Աստուծոյ Բանին համար: Նախ, Բանը ե՞րբ էր: Ասոր պատասխան տուաւ, թէ՝ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ էր:

 

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին քննարկեցին Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը եւ մասնաւորապէս կանգ առին Իտլիպի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններուն վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեայ յոբելեանին ձօնուած պաշտօնական ընթրիքին

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019

Ներքին գործոց նախարար Տիար Սիւլէյման Սօյլու 13 մայիս 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.45-ին, այցելեց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան Արքեպսկ. Աթէշեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անձնասիրութիւն». իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ի՛ր անձին շահը միայն խորհիլ եւ միայն ի՛ր շահը նկատի առնել մինչեւ իսկ ուրիշի մը վնաս պատճառելով։ Անձնասիրութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ մարդկային փոխյարաբերութիւններու վնաս պատճառող, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող եւ մարդուս իրաւունքներուն եւ ազատութեան հակառակ  վիճակ մըն է։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

2017 թուականի սեպտեմբեր 22-ին թողարկուելէն ետք Շիրընի «Perfect» երգը գրաւեց ոչ միայն ամերիկեան եւ բրիտանական հիթ-շքերթներու առաջին դիրքերը, այլեւ միլիոնաւոր երաժշտասէրներու սրտերը։ Երգը յուզիչ եւ զգացողութեամբ լի երաժշտական գեղօն է, զոր Շիրըն գրեց ի պատիւ իր սիրելի Չերի Սիպորնին։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Վըրճինիա նահանգի Ռիչմընտ քաղաքէն։ Պատմութեան երկու հերոսներն են անօթային վիրաբոյժ (vascular surgeon) Մարք Ուորնըր ու ծաղկավաճառ Արթ Չետուիք։ Հիմա թոյլ տուէք քակեմ՝ հետաքրքրական այդ պատմութեան մթին ծալքերը։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան վերջերս այցելեց Նիւ Եորք, ուր հանդիսապետեց իր դասընկերներէն մէկուն Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան։ Իր կեցութեան օրերուն ան պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան ու բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ նախկին պոլսահայեր։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019

Հոգելոյս նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալերիի հարազատներուն կողմէ հիմնադրուած համանուն հիմնարկը անոր մահէն ի վեր կը կազմակերպէ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթներ, որոնց շնորհիւ թարմ կը մնայ նկարչուհիին յիշատակը եւ իր անունը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։

Էջեր