Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ մը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ։ Շաբաթավերջին այս ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր եւ Շիշլի մարզակումբի համակիրներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018

Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ուրախառիթ էր, որ այս հանգանակութեան առիթը արդարացաւ եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէին բացը հաւասարակշռուեցաւ ամբողջութեամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018

Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհիի մեծ վաստակը արժանացաւ բարձր գնահատանքի:
Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ Սաթենիկ Նշանին ուղարկուած պարգեւը երէկ յանձնուեցաւ Գումգաբուի մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու գործակցութեան նոր հեռանկարներ:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան վերջին ամիսներուն բազմակողմանի աշխատանք կը տանի Վատիկանի մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018

Էրտողան եւ Թրամփ երկրորդ անգամ զրուցեցին «G20»ի Պուէնոս Այրէսի գագաթաժողովի ծիրէն ներս:
Նախագահները շօշափեցին Մենպիչի՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործման հարցերը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մարդուս մղիչ մէկ ուժն է՝ որ շարժման մէջ կը դնէ մարդկային բոլոր ուժերը։ Արդարեւ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, մարդու հոգեկան աշխարհին մէջ այն վիճակն է՝ ուր մարդ, առաքինութեան զգացումով տարուած, անոր հաւատքին, անոր զոհողութեան անսակարկելի տրամադրութեանը մէջ կը գտնուի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն, երբ նոր տարին կը մօտենայ ու հինը կամաց-կամաց ինքզինք հաւաքելով կը պատրաստուի հեռանալ եւ այսպէսով՝ պատմութեան անցնիլ, այս առթիւ առաջին իսկ հերթին, կը մտաբերեմ մեր բոլոր այն մշակութասէրներն ու հայ գիրի ու գրականութեան լուռ կամ աղմկոտ գնահատողներն ու քաջալերողները, այլ խօսքով՝ հայ մամուլի եւ գիրքի տարածման հետեւող եւ նպաստող ընթերցող մեր հայրենակիցները, որոնք իրենց ընթերցումներով տարի մը եւս հայ գիրի տարածումն ու պահպանումը ապահովեցին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթընի իրական պահանջները՝ Թեհրանէն…
Իրանի Հանրապետութեան համար «նախատեսուած» ամերիկեան պատժամիջոցներու նոր ծրարը արդէն իսկ մտած է գործադրման փուլ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ, միայն պէտք է իմաստութիւն ունենալ այդ բարիքը գտնելու»։ Շէյքսփիրի այս խօսքը կեանքիդ մէջ երբեք գործադրա՞ծ ես։ Դժուարութեան հանդիպելու ընթացքին, մէկ անգամէն յուսախաբա՞ծ ես, եւ կա՞մ փորձած ես այդ դժուարութիւններէն դաս քաղել եւ դէպի լուսաշող ապագայ նայիլ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

Արեւմտահայերէնի համար ապահովուած ISO կարգանիշը հեռանկարներ կը խոստանայ լեզուի հարցերուն:
Այս յաջողութիւնը արձանագրուած է շնորհիւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի առանցքային դերակատարութեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018

Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուեցան՝ բազմակողմանի օրակարգով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի հետ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդը եւ բնութիւնը եթէ բաղդատուին, բաղդատութեան ո՞ր եզրով կարելի է համեմատել զանոնք, ըսել թէ՝ բնութիւնը մարդոց պէս կը վարուի՞, թէ՛ մարդիկ բնութեան պէս կը շարժին։ Սակայն սա իրական է, որ երկուքն ալ իրարու նման կը վարուին, կա՛մ, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ եւ մէկը միւսին կատարեալ լուսաբանութիւնն է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Աս ի՞նչ է:
Կեղծ ժպի­տը դէմ­քին ու հար­ցում­նե­րը մտքին մէջ տո­ղան­ձում մը կը գո­յաց­նեն Փա­թի­լին ի տես սե­ղա­նին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

«Կալերի Սելվին» կը հիւրընկալէ Հայաստանի արդի նկարչութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին:
Տիգրան Ասատրեանի ստեղծագործութիւնները. հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու խաչմերուկին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Հիւսիւս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ շինարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի շեշտը դնել հարաւային հատուածի վրայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018

Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի երդիքին տակ զրոյց:
Սարգսեան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար կը կարեւորէ արդար եւ խաղաղ միջավայրի մը ստեղծումը. «Մենք պէտք է փորձենք այս բանը ընել այսօր, այլապէս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018

Երէկ երեկոյեան, Սարըեէրի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցները մօտալուտ Ամանորի սեմին համախմբուեցան քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենճի տանտիրութեամբ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ «Տը կրան Թարապիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սարըեէրի գաւառապետ Օսման Կիւրսոյ։

Էջեր