Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումէն ետք շատերու ուշադրութիւնը կը սեւեռուէր դէպի Ռուսաստան։ Այն առումով, որ Հայաստանի հիւսիսի դաշնակիցը ի՛նչ կեցուածք պիտի որդեգրէ այդ «անակնկալ» որոշումին առընթեր։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անուններէն՝
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի մտաւորականներէն Պերճ Չալըքման։ Վերջերս ան ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած յաղթահարել յետ վիրահատական շրջանի բարդութիւնները եւ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։
Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, շաբաթավերջը անցուց Գնալը կղզիի մէջ։ Ան երէկ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ քարոզ մը։
Այսու կու գանք մերազն համայնքին տեղեկացնել, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ Խորհրդակցական մարմնին առընթեր ստեղծուած է Երիտասարդաց յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն.
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ոչ ոք կ՚ուզէ ծերանալ, եւ ամէն ոք կը փնտռէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին այսպէս եղած է: Թէեւ անկարելի է նախախնամութեան, բնութեան դէմ աշխատիլ, սակայն մարդիկ կիսալուծումներ կը փորձեն գտնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վախի զգացումը ընդոծին հակազդեցութիւն մըն է որեւէ իրական կամ ենթադրական վտանգի մը հանդէպ։
Հաւանական վտանգ մը վախ կը պատճառէ եւ կերպով մը ահազանգ կը հնչեցնէ, ենթական զգուշութեան կը հրաւիրէ։
Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի երիտասարդական ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։
Հայկական գիտական աշխարհը կը սգայ ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեանի մահը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական մը հրապարակեց ի յիշատակ մեծանուն գիտնականին:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն պատգամներ կը փոխանակեն՝ առկայ ցրտութեան մթնոլորտին մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս կու գան խնդիրներու լուծման համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է Ճորճիա նահանգի Ռազուէլ քաղաքին մէջ։ Պատահարին մանրամասնութեանց չանցած՝ կ՚ուզեմ որպէս ենթահող, հետեւեալ մէջբերումը կատարել։
Սպանիոյ արքայական ընտանիքը ներկայ գտնուած է յայտնի ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին։ Օգոստոս 1-ին, Մայորքայի մէջ հանգստացող Սպանիոյ արքայական ընտանիքի անդամները ներկայ գտնուած են հայազգի տաղանդաւոր ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին:
Տիգրան Մինասեան դարձած է Եւրոպայի Ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեան։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը:
Findhorn Park-ի մէջ, Սկովտիա, 27-րդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկը լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հայկական ժողովրդական պարերու եւ երաժշտութեան ձօնուած յայտագիրը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հրապարակեց իր հարիւր օրուան ծրագիրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, «Միլլէթ» մշակոյթի եւ համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այդ ծրագրի ծանօթացման հաւաքոյթը։
Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները կը չէզոքացուին անմիջապէս:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը երէկ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սրտականգառ (Cardiac Arrest) կը նշանակէ՝ սրտի աշխատանքի, այլ խօսքով՝ բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ ուխտաւորներ։ Մայրավանքէ ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։