Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր կատարուեցաւ Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիի բացումը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կարպիս Շիմշէքն ու Սարօ Սիրականեանը, որոնք փութացած էին մեզի ներկայացնելու համար թատերական ծրագիր մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին ծագած լարուածութիւնը ներկայիս կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին հանդէս եկած է բուռն ելոյթով մը ու տեղեկացուցած է, որ կը լուծարէ համակարգման խորհուրդը։ Սա արդէն VADİP-ի ընդհանուր գործունէութեան գործնական անդամալուծութիւնը կը նշանակէ։ Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հիմա, դժուար է յստակօրէն կանխատեսել։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Հայաստան կրնայ ընդգրկուիլ ԱՄՆ-ի «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրին:
Փոմփէօ պատրաստակամութիւն յայտնեց աշխատիլ՝ երկկողմանի բարեկամութիւնը յառաջ մղելու:

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար նշանակուեցաւ Վահագն Մելիքեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կը զբաղեցնէ Հայաստանի օրակարգը:
Եդուարդ Շարմազանով. «ՀՀԿ արհեստական խոչընդոտներ պիտի չստեղծէ կառավարութեան գործունէութեան առջեւ»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութիւնը՝ տեւական խաղաղութեան հասնելու պայման:
Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ այժմէական կը համարէ Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն։ 27-28 Մայիս թուականներուն Հայաստան պիտի այցելէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացներու մասնակից եկեղեցականներու հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կարելի է միայն հպարտութեամբ երեւակայել անցած դարու 1930-ականներէն մինչեւ 1970-ականներու միջազգային գիտական միջավայրը, ուր, իբրեւ անզուգական գիտնական, գործած է հայուհի Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան, հարստացնելով բիւզանդագիտութիւնը իր բեղուն գործունէութեամբ, միաժամանակ մեծ ներդրում ունենալով հայագիտութեան մէջ, դառնալով հայկական մանրանկարչութեան նուիրեալ հետազօտողներէն:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ե­թէ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի Պաղ­տա­սար աղ­բա­րը ողջ ըլ­լար, հա­ւա­նա­բար պի­տի ը­սէր.
«Ոտ­քը կոտ­րէր այդ նա­մա­կա­բե­րին եւ այդ նա­մա­կը մե­զի բե­րած չըլ­լար»:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տա­ճա­րին կեդ­րո­նա­կան եւ էա­կան հան­գա­ման­քը՝ սրբա­վայր ըլ­լալն է, այ­սինքն այն վայ­րը՝ ուր Աս­տուած կը բնա­կի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կեր­պով։
Յի­սուս, ինչ­պէս Իր­մէ ա­ռաջ մար­գա­րէ­նե­րը, ա­մե­նա­խո­րունկ յար­գան­քը ու­նե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Տա­ճա­րին հան­դէպ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

Շաբաթավերջին, ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթի, ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» կայանէն առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ խոհանոցային եւ ճամբորդական յայտագիրներու թղթակից Էնթընի Պուրտենի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան արգասիքը հանդիսացող միժամեայ յայտագիրը, որ մաս կը կազմէ անոր «Անծանօթ Վայրեր» («Anthony Bourdain Parts Unknown») հաղորդաշարին:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու հաւաք:
Ընթացաւարտները շարժման կ՚անցնին վարժարանի պիւտճէի ահաւոր բացը հնարաւորինս հաւասարակշռելու նպատակով: Հայկ Ասլանեան խոստացաւ չորս բարերարներու հետ 500 հազարական լիրա նուիրատուութիւն յատկացնել՝ Տոլափտէրէի համայնքապատկան տարածքի արժեւորման համար: Կեդրոնականցիները կը ծրագրեն ցանց մը ստեղծել:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի երէկուան լարուած ժողովը եկաւ ապացուցանել, որ վարժարաններու նիւթական առկայ հարցերը հասած են թրքահայութեան կեանքը անդամալուծելու եզրին: Պետրոս Շիրինօղլու ասպարէզ կարդաց Համբարձման սեղանի ընթացքին ունեցած ելոյթին բերումով իր հասցէին սանձազերծուած բողոքի արշաւին դէմ. «Միթէ այսքան համբա՞կ ենք, որ զօրակցութիւն հաստատելով չենք յաջողիր յաղթահարել խոչընդոտները»:
Համակարգման խորհուրդը լուծարուած:
VADİP-ի ապագան անորոշ՝ դպրոցներու կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքով - Ապագայ աշխատանքը կախում պիտի ունենայ բոլորի համախմբուած ձեւով միասնական շօշափելի ու գործնական քայլեր առնելէ: Նիստի ընթացքին ահազանգ հնչեցուեցաւ, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն 1500-ով կրնայ պակսիլ մեր դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը:

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018

VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին ամփոփ տեղեկագիր մը ներկայացուեցաւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին անունով։ Տեղեկագիրը ընթերցեց թաղային խորհուրդի անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէր։

Երկուշաբթի, Մայիս 21, 2018

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան Պեռնար Լէուիս, որ ծնած էր Լոնտոնի մէջ։ Հրէական ծագումով պատմաբանը 102 տարեկան էր։

Էջեր