Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ զինուոր մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը շուրջ 13.30-ին երկրի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան տարածքէն ներս, պայմանագրային ժամկէտային զինուորական ծառայող Հայկազ Մատթէոսեան (1980) դարձած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակի թիրախը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018

Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատարը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Փաշինեան եւ Միյաթովիչ անդրադարձան քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղեալ ջանքերուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Եկուարդ Հարբութ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչական կազմը, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Արէտ Երկանեան բժիշկներու թոյլտուութեամբ նախընթաց օր հիւանդանոցէն մեկնեցաւ իր բնակարանը:
Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն յայտնի բարերարի դարմանման դրական ընթացքը եւ արձանագրած յառաջընթացը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց  «Ախլցխա» պարախումբի սաները։ Հարկ է նշել, որ այս համոյթը կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Ախալցիխէի հոգեւոր տեսչութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երգիչ Սիպիլ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Համազգային» կրթական միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին եւ անոր Տիթրոյիթի մասնաճիւղի հաստատման 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկի մը հրաւիրուած է Սիպիլ, որու հետ հանդէս պիտի գայ նաեւ «Արաքս» պարախումբը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շատերու համար ժամանակավրէպ եւ նոյնիսկ այլեւս անիրագործելի թուացող այս խորագիրը գլխաւոր բանալիներէն մին է, որուն միջոցաւ կրնաս խաղաղութիւն կոչուած գանձատան դուռը բանալ եւ անոր հարստութիւններով լիացնել ընդհանուր մարդկութիւնը։ Ներկայ դարը այնքան զարգացած է, որ մարդիկ կեանքի ամէն բնական երեւոյթ կնճռոտած են, բարդացուցած ու մոռացութեան տուած։ Անոնք իրենց փոխյարաբերութիւնը հիմնած են միայն շահի ու շահագործութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Համ­բե­րու­թեան պա­կա­սը շատ բան կորսնց­նե­լու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ մար­դուս, այն ա­մէն ինչ՝ որ պի­տի կա­րե­նար շա­հիլ համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ։
Յայտ­նի ա­ռա­ծը, որ կ՚ը­սէ.- Տա­սը ան­գամ չա­փէ, մէ՛կ ան­գամ կտրէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2018-2019 կրթական շրջանի վերամուտին զուգահեռ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս հակասական երեւոյթները իրարու կը յաջորդեն մեր վարժարաններու առկայ խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Ամրան ամիսներէն սկսեալ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտան «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» կոչուած նախաձեռնութեան վերաբերեալ լուրերը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Միջերկրականի արեւելքին երէկ տեղի ունեցան ծայր աստիճան մտահոգիչ իրադարձութիւններ, որոնք միջազգային մեկնաբաններու կողմէ կ՚որակուին որպէս՝ փոքր աշխարհամարտ մը։ Լասքիէի մէջ նախընթաց գիշեր տեղի ունեցած հրթիռային յարձակումի մը հետեւանքով հինգ երկիր յանկարծ յայտնուեցաւ լուրջ տագնապի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը շնորհաւորական պատգամ մը հրապարակեց Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Վերջերս, Ս. Ղազար կղզիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով եզրափակուեցան Մխիթարեան միաբանութեան յոբելենական տօնակատարութիւնները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս:
Հանրապետութեան նախագահը յանձնեց ուրոյն փաստաթուղթեր եւ կատարեց շրջայց մը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

18 Eylül 2018

14 Eylül 2018 Cuma günü, Vakıflar Arası Dayanış­̧ma Platformu (VADİP) ve Surp Pırgiç Hastanesi Başkanı Sayın Bedros Şirinoğlu’nun, VADİP çatısı altında kurulan Türkiye Ermeni Okulları Birliği (TEOB) faaliyetlerine ve Birliğin varlığına karşı verdiği ilan bazı basın yayın organlarına yansımıştır. Bu nedenle tarafımızca bir açıklama yapma zorunluluğu doğmuştur.

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018

Փաշինեան. «Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, սակայն պատրաստ ենք նաեւ պատերազմի»:
Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018

Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգներուն մէջ «Ֆլորենս» փոթորիկի զոհերու թիւը հատած է տասնհինգի սահմանը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախապէս հաղորդուած էր 11 զոհերու մասին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տարինե՜ր առաջ, եթէ չեմ սխալիր, 1970-ական թուականներուն էր, դպրոցական ընկեր մը, իմ ամէն օր անցած ճամբուս վրայ, խանութ մը կ՚աշխատէր։ Ամէն անգամ որ առիթը ունենայի եւ ինքն ալ յարմար ըլլար, կը տեսնէի զինք եւ «հինէն-նորէն» կը խօսէինք, թէ՛ դպրոցական յուշերը կ՚արթնցնէինք եւ թէ՛ օրուան զանազան իրադարձութիւններու մասին կարճ, բայց շատ հաճելի խօսակցութիւններ կ՚ունենայինք։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018

Էրտողան եւ Փութին երէկ Սոչիի մէջ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեցին Սուրիոյ տագնապին շուրջ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ փոխըմբռնում մը գոյացաւ՝ որպէսզի Իտլիպի հարցը կարգաւորուի անզէն ձեւով:

Էջեր