Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Եկեղեցական բանաստեղծութիւնը ամէն բանէ առաջ օրհներգութիւն է, փառաբանանք է ուղղուած Ս. Երրորդութեան՝ միասնաբար կամ առանձին-առանձին։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս շարականներու մասին կ՚ըսէ. «Աղաչանք, աղօթք, ներբող, փառաբանութիւն, օրհներգութիւն, պատմութիւն, սրբոց վարք, յորդոր, քարոզ, վարդապետութիւն եւ վերջապէս, կրօնական կեանքի յատուկ ամէն ինչ իրենց տեղը ունին «Շարակնոց»ին մէջ» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 45)։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը, ան­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ ա­նիշ­խա­նա­կան եւ ինք­նագ­լուխ ապ­րուած կեան­քը նա­խա­պա­տիւ կը սե­պեն։
Ա­սի­կա կու գայ այն սկզբնա­կան անհ­նա­զան­դու­թե­նէն՝ որ իր ճի­րան­նե­րուն մէջ ա­ռաւ Ա­դա­մը, եւ ան են­թար­կուե­ցաւ ի­րե­րա­յա­ջորդ մեղ­քե­րու հո­սան­քին, եւ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ՝ սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ վա­րա­կուե­ցաւ այդ ախ­տէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ բարձր մակարդակով նստաշրջանը՝ Ժընեւի մէջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սպանացի լրագրող Անտրէս Մուրենսան, որու հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը։ Անտրէս Մուրենսա 2005 թուկանէն ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի քաղաքիս մէջ՝ ամուսնացած ըլլալով թուրք տիկնոջ մը հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

 Մեր համայնքէն յայտնի ու տաղանդաւոր բժիշկ մը բարձրացաւ գիտական աստիճանի գագաթին՝ տարիներու յամառ ու նուիրեալ աշխատանքով:
Վիրահատ Մանուկ Մանուկեան փրոֆեսէօրի կոչում ստացաւ՝ առողջապահութեան կալուածէն ներս դասուելով հեղինակութիւններու շարքին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան երկարամեայ փոխ-ատենապետը որոշեց լքել իր պաշտօնը:
Իւմիտ Գույումճու երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով հանրային  կարծիքը տեղեակ պահեց հրաժարականին մասին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւան բազմիցս վերահաստատած է, որ պիտի շարունակէ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Շիշլիի քաղաքապետն ու իր խորհրդականները երէկ յետմիջօրէին պատուեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Հայրի Ինէօնիւ հետաքրքրուեցաւ թերթիս գործունէութեան հեռանկարներով, ինչպէս նաեւ լսեց մեր մեկնաբանութիւնները համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ, որոնք արձագանգ կը գտնեն հանրային կարծիքին մօտ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայի շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ պատահած «սպանդը» իր կրկնուող հոլովոյթներուն մէջէն եկաւ դարձեալ յուզելու տեղացի ժողովուրդը, բայց նաեւ՝ աշխարհը ամբողջ: Եւ կը սկսիս մտածել, թէ այս կրկնուող ողբերգութիւնը մէկը միւսին ետեւէն ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 14-Փետրուար 15 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, այցելուներու թիւի մրցանիշ սահմանած է։ 56 հազար արուեստասէր գացած է տեսնելու Այվազովսքիի հրաշալի կտաւները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Երուանդ Քոչարի ստեղծագործած Ժորժ Զաքարեանի դիմաքանդակը Երեւանի մէջ:
Համանուն թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւն-շնորհանդէս մը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վերնագիրը «Տարբեր գրութիւն մը» արձանագրեցինք այս գրութեան, քանի որ միշտ կը գրէինք տան մեր աշխատասենեակին մէջ։ Իսկ այս անգամ, կը գտնուինք երիտասարդներու հաւաքուած վայրի մը մէջ՝ մեր սիրելի՜ Արարատին եւ Անէթին հետ։ Իրենք տարուած են համակարգիչով կարդալու եւ գրելու, ինչպէս մեր շուրջ գտնուող երիտասարդներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նշանաւոր գրող Կոստան Զարեանին թոռը՝ ճարտարապետ Արա Զարեան, երեք տարի շարունակ մեկնած է Իտալիայէն Արցախ եւ որմնանկարներու իտալացի վերականգնող Քրիստին Լամուրէի հետ, Արցախի Դադիվանքին մէջ վերականգնած է Դադիվանքէն ներս գտնուող Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի պատկերով որմնանկարը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 2083-ի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018

Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան հովանիի ներքոյ ստեղծուած են շարժանկարի արտադրիչներու, բեմադրիչներու, թատերագիրներու, դերասաններու, լուսանկարիչներու ու այլ շարժապատկերային մասնագիտութեան արհեստավարժ վաճառականներու միութիւններ։ Անոնց առաջնային խնդիրն է համախմբել շարժանկարի մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները, արդիւնաւէտ աշխատանքի համար ստեղծել մասնագիտական միջավայր եւ ստեղծագործական մթնոլորտ:

Էջեր