Արխիւ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Գերմանական Կվինտետ» անուն գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան։ Լրագրող ըլլալու առընթեր, հեղինակը միեւնոյն ժամանակ երաժշտագէտ է եւ արուեստագիտութեան թեկնածու։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կազմը ներկայ մրցաշրջանին կ՚արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ։
Շիշլիցի աղջիկները շրջանային լիկը առաջնութեամբ աւարտելէ վերջ, աւարտական փուլին ալ արձանագրեցին իրերայաջորդ յաղթանակներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ թափով յառաջ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:
Երիտասարդական տարուան ծիրէն ներս, յառաջիկայ Յուլիսին նախատեսուած են մեծ ձեռնարկներ՝ նոր սերունդի համախմբումով:
Հոլանտայի խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ՝ վերջերս օրակարգի վրայ եկած հայկական բանաձեւերուն։ Այս որոշումը առնուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն գծով կ՚ապրուին վերիվայրումներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքին մէջ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 1873-ի։
Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ փայլուն երաժշտահանդէս:
Վահան Մարտիրոսեան եւ Լուսինէ Յարութիւնեան խորապէս տպաւորեցին ունկնդիրները:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին այս առաւօտ հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ կը մատնանշուի պետութեան հետ սահմանուած ընթացակարգով ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը արտայայտեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումը: Նկատի կ՚առնուի Կրօնական ժողովի 9 Փետրուար 2018 թուականի որոշումը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ շինիչ ու շրջահայեաց յորդորներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսուի դժգոհութեան, գանգատի ձայներ. «Երիտասարդ սերունդը եկեղեցի չի յաճախեր, օտարացած է իր եկեղեցիին, պաշտամունքի…»։ Բայց գանգատողներ չեն պրպտեր, թէ ի՞նչ է պատճառը այդ օտարացման, թէ երիտասարդ սերունդը ինչո՞ւ հեռացած է եւ հետզհետէ կը հեռանայ եկեղեցիէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բամբասանքը չարախօսութեան եւ անիմաստ, սնամէջ խօսակցութեան այն ընդհանրացած ձեւն է, որ թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքի մէջ անդարմանելի վէրքերու պատճառ կը դառնայ։ Ան անբուժելի, կործանարար, աւերիչ եւ վարակիչ ախտ մը՝ հիւանդութիւն մըն է, որ կը սնանի մարդուն տկարութենէն, թերութիւններէն եւ մանաւանդ անկայուն եւ անվստահելի նկարագիրէն։
Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը՝ Milestones ընկերութեան հետ։ Այսպէս, Հոլիվուտի Առեւտը-րարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը:
Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի:
ԵՄ եւ Հայաստան կը պատրաստուին իրականացնել Գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռի մէջ հիւրընկալեց Միշել Աունը:
Հայաստանէն յայտնի նկարիչ Տիգրան Մատուլեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնին՝ Պէյօղլուի «Շիշմանոկլիօ» ապարանքի երդիքին տակ։ Սա նկարչի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Թուրքիոյ մէջ։
«Քոմշու քափըսը» Մաչքայի զօրակցութեան միութեան երդիքին տակ անմիջական մթնոլորտով երեկոյթ:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնը միշտ այժմէական՝ իր շօշափած խնդիրներով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Լիբանանը: Համայնքային դրութեամբ կառավարուող այս երկիրը, եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայութեան Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն գաղութներէն մին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անցած են աւելի քան քսանեօթ տարիներ, բայց եւ այնպէս երկիրը կը շարունակէ դիմագրաւել բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի՝ այսօր լոյս տեսնող եւ պահպանուած թերթերէն ու ամսագիրներէն ամենէն հինն է «Աղբիւր» ամսագիրը, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրման 95-ամեակը: Ամսագիրը հարուստ անցեալ ունի. Հայաստանի անկախութենէն ետք է, որ ան կոչուած է «Աղբիւր». մինչ այդ ամսագիրը ունեցած է զանազան անուններ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրերը Մեծ պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին յատուկ անունով մը կոչած են, որոնց միջոցով հաւատացեալներուն առիթ տուած են մտածելու, ուսումնասիրելու եւ ինքնաքննութիւն կատարելու հոգեւոր առումով, որպէսզի Մեծ պահքի ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը ճիշդ ճանապարհով անցնինք, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, փորձութիւն եւ չարին կողմէ իրագործուած իւրաքանչիւր յարձակում՝ երեւելի կամ աներեւոյթ:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Մէկ կողմէ Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն վճռակամութեամբ յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները, իսկ միւս կողմէ դաշտի վրայ յառաջացած նոր իրադարձութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն դիւանագիտական հրատապ նախաձեռնութիւններ։