Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մեծ հոգի»ներ, վեհանձն նկարագրի տէր մարդիկ, ֆիզիքական ցաւերէ կը սոսկան ընդհանրապէս, քանի որ իրենց մեծութիւնը չեն կրնար կիրարկել հոն։ Մեծ հոգիները, պզտիկ ցաւերու ատեն ուրախ տեսնել շատ հազուադէպ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օդի նպաստաւոր պայմաններու տակ՝ հաճոյքի եւ զմայլանքի պահեր են օդային ճամբորդութիւնները՝ մանաւանդ երբ այն ճամբորդութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի իր սիրելիները՝ նպատակ ունի ժամ առաջ տեսնել եւ միանալ անոնց։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տիեզերքի վարդապետ Յովհան Ոսկեբերանը հոգեւոր ասպարէզ իջաւ այն ժամանակ, երբ Եկեղեցին արդէն ապրած էր սարսափելի հալածանքներու ժամանակաշրջանը, սակայն ժողովուրդի հոգւոյն մէջ տակաւին հոգեկան խռովք կը տիրէր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամբողջ հայութիւնը, որոշ փուլէ մը սկսեալ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ամիսներէ ի վեր կը հետեւի Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան։ Շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր ան կը վարէ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը, ստանձնած է հայոց պետականութեան ղեկը։
«Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ծիրէն ներս Օփերայի երդիքին տակ եզակի ձեռնարկ մը:
Երաժշտասէրները ողջունեցին աշխարհահռչակ խմբավար Եուրի Պաշմետն ու «Մոսկուայի մենակատարներ» խումբը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Մակեդոնիոյ դէմ։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուց Կիպրոսի հիմնախնդրին վերաբերեալ տեղեկագիր մը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։
Այս տեղեկագրին մէջ Անթոնիօ Կութերէս մատնանշեց, որ անվերջ բանակցութիւններու գործընթացը այլեւս աւարտած է։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի այցելել Փարիզ, ուր պիտի հիւրընկալւի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ Փութինի ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 11 նոյեմբերին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մշտապէս կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերու ղեկավարներու միջեւ շփումներուն։
Հայաստանի վարչապետը ձեւականօրէն լքեց պաշտօնը՝ երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով սփռուած ժողովուրդին ուղղեալ յայտարարութիւնով. «Այս հրաժարականի նպատակը ձեր առջեւ ստանձնուած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակը՝ մեր միասին իրականացուցած յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցաւ»։
Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական բոլոր ուժերուն յաջողութիւն մաղթեց եւ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւնը։ «Իրականութեան մէջ պահը յուզիչ է, որովհետեւ մենք կ՚ամփոփենք հերթական փուլ մը եւ կը մտնենք բոլորովին նոր ժամանակաշրջան մը։ Ամէն ինչ շատ-շատ լաւ պիտի ըլլայ»։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը պիտի այցելէ Լոս Անճելըս։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Առտու կանուխ աքաղականչի հետ մեծ մայրս կ՚արթննար։
Երբ ամբողջ ընտանիքը տակաւին խորունկ-խորունկ կը քնանար, ան կը սկսէր օրուան կարեւոր իրադարձութեան՝ թոնիրի մէջ հաց թխելու նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Սփիւռքահայ յայտնի երգիչ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հիւրընկալուեցաւ հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Հայկակ Արշամեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Արթօ Թունչպոյաճեան առաջարկեց հիմնադրամի ի նպաստ զօրակցութեան համար ներգրաւել նաեւ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները։
Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ։
Արցախի պատերազմի հերոսներէն Արայիկ Խանդոյեան շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Միայնակ գայլ» անունով ծանօթ Արայիկ Խանդոյեան վերջերս զոհ գացած էր սրտի տագնապի մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարօ Տէյիրմենճեան։ Դժբախտաբար, մահը վրայ հասած է գետնուղիի մէջ ճամբորդելու ժամանակ եւ ան անմիջապէս փոխադրուած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցը, ուր կատարուած միջամտութիւնները մնացած են ապարդիւն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերներէն Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեանն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Այս շաբաթավերջին պիտի սարքուի Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փութացած էին տեղեկութիւններ փոխանցելու տարուած պատրաստութիւններուն շուրջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տիրան Ա. Քահանայ Րէիսեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ գեղարուեստական հաւաքածոն ունեցող Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանը, երեք շաբաթէ ի վեր «Հայաստան» խորագրով ցուցադրութիւնը բացած է իր այցելուներուն առջեւ: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ հոգեբաններու, երջանիկ ըլլալու համար, պէ՛տք է պահը ապրիլ եւ կեանքի ամէն մէկ պահը լեցուն ապրիլ։ Արդարեւ Յիսուս ալ այս նոյն բանը կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուինք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է», (ՄԱՏԹ. Զ 34)։