Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ասդին մեծ եղաւ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք պատերազմէն խոյս տալով յայտնուեցան տարբեր երկիրներու մէջ, ընդ որում մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի՛նչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք», (ՅՈՎՀ. Բ 5)։
Կանայի հարսանիքին, Յիսուս կատարեց իր առաջին հրաշքը՝ որ ըստ աւետարանի վկայութեան, իր առաջին հրաշքն էր. «Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ», (ՅՈՎՀ. Բ 11)։ Բայց Յիսուսի այս եւ յաջորդ հրաշքներու մասին խորհրդածելէ առաջ, պէտք է ուսումնասիրել եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ է հրաշքը ընդհանրապէս։
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ վերջերս ստեղծեց նոր նախարարութիւն մը՝ առանձնութեան նախարարութիւն եւ նախարար նշանակեց Թրէյսի Քրաուչը:
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ նախընթաց օր, «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան Փրոֆ. Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:
Ամերիկացի հնագէտները Կուաթեմալայի մէջ յայտնաբերած են մայաներու քաղաքակրթութեան պատկանող 60 հազարէ աւելի մինչ այժմ անյայտ կառոյցներու հետքեր։
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, Փետրուար 2-9 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիկացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի Ողիմպիական պետական մարզական քոլէճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը:
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկայ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի 110-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Բարեւ Սարոյեան» ծրագիրը, որու սկիզբը կը սկսի այսօր, Աշոտ Նաւասարդեանի անուան թիւ 196 դպրոցին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ուաշինկթընի մէջ, այս ամրան, տեղացիներն ու հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու հայկական մշակութային ժառանգութեան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
ԼԱՀՄԱՃՈ
Վերջապէս այսօր որոշուեցաւ ինչ ճաշ պիտի պատրաստեմ, ամէն օր ճաշի պատրաստութեան հոգը կայ. ամէն ինչ չեն ուտեր, երիտասարդ են, միշտ ալ կը հարցնեմ, պատասխանող չ՚ըլլար, կամ ալ՝ «Մա՛մ, ինչ կ՚ուզես եփէ, կ՚ուտենք», կ՚ըլլայ պատասխանը: Երանի՜ ուտեն ամէն ինչ...:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 5-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Երէկ բանակը ոչնչացուց 14 թիրախներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն այցելեց Մայր Աթոռ:
Արմէն Սարգսեան կ՚այցելէ Մոսկուա՝ ռուսահայ շրջանակներու հետ շփումներ ունենալու համար:
Սերկէյ Լաւրով եւ Անճելինօ Ալֆանօ Մոսկուայի մէջ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են համաձայնութեան հասնելու՝ Արցախի շփման գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւի բարձրացման եւ առաքելութեան գրասենեակի հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ ժամադրութեան ժամանակին հասնիլ՝ նախ եւ առաջ կենցաղագիտութեան հարց մըն է. կեանքը լուրջ ընթացք մը նկատելու, կարեւորութիւն ընծայելու խնդիր մը։
Արմէն Սարգսեան ծաւալուն հանդիպումներով կը ջանայ զգալ հասարակութեան բազկերակը:
ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն դարձեալ պիտի տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները յառաջ կը տարուին լեռնային հատուածներու ռմբակոծումով:
Ահաբեկիչները կ՚ենթարկուին անդիմադրելի հարուածներու:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները քննարկեց իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ: Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռեքս Թիլըրսընի հետ: