Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Փարիզի մէջ:
Սերժ Սարգսեան այսօր Էլիզէի պալատէն ներս կը հիւրընկալուի իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ:
«Ստեղծելով համատեղ ապագայ պառակտուած աշխարհի մէջ». Կարէն Կարապետեան Տաւոսի մէջ:
Հայաստանի վարչապետը մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Համաշխարհային տնտեսական առաջնորդներու անպաշտօն հաւաքին:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան միակ թիրախը կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները
Թուրքիա որեւէ երաշխիք չէ տուած Ռուսաստանին կամ այլ երկրի մը: Սպիտակ տունը լրջութիւն կը ցուցաբերէ Անգարայի՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ օրինական մտահոգութիւններուն նկատմամբ
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Այս հաստատումը կը բնորոշէ բանաստեղծութեան ինքնութիւնը:
Արդարեւ, «բանաստեղծութիւն»ը անվերծանելի այն խորհուրդն է, որ իր բխումը կը ստանայ Մարդ էակի խորախորհուրդ հոգեվիճակէն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գանատական մամուլը օրերս անդրադարձած է 4 Դեկտեմբեր 2017 թուականին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած առասպելական հայազգի պասքեթպոլ խաղացող Արմենակ Ալաճաճեանի մահուան: 87 տարեկանին մարզաշխարհի հսկան հեռացած է կեանքէն՝ մնալով մինչեւ հիմա աշխարհի ամենէն նշանաւոր հայ պասքեթպոլ խաղացողը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքը՝ ընկերութեան հի՛մքն է. եթէ ընտանիքը ամուր հիմերու վրայ է հաստատուած, ընկերութիւնն ալ, եւ անշուշտ, ամբողջ մարդկային մեծ ընտանիքն ալ հաստատ հիմերու վրայ կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ։
Կը տեղականանք, որ վերջերս գումարուեցաւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան ընդհանուր ժողովը։ Համագումարի արդիւնքին պաշտօնի գլուխ եկաւ նոր վարչութիւն մը, որու կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր առօրեային մէջ շատ չեն անոնք, որոնք տարբեր հանգամանքներու բերումով կը յայտնուին հաւաքական յաջողութիւն համարուող նախաձեռնութիւններու մէջ: Եթէ Արմէն Գասպարեանը փորձենք նկարագրել եւ զինք հանրութեան ներկայացնել, ապա պիտի բաւարարուինք հետեւեալ երեք բառերով՝ լուռ, բանիմաց եւ տեղեկացուած:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի նախագահը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պերճ Սեդրակեան զրուցեցին հեռանկարային ծրագրերու շուրջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ֆրանսա։ Մինչեւ 24 Յունուար պիտի շարունակուի իր ուղեւորութիւնը, որու ծրագիրը պիտի սկսի մայրաքաղաք Փարիզէն եւ աւարտին պիտի հասնի Սթրազպուրկի մէջ։
Թուրք զինեալ ուժերը ամենայն սաստկութեամբ ռումբ կը տեղացնեն ահաբեկչական լծակներուն վրայ:
Բանակը Աֆրինի եւ շրջակայքին կը ծաւալէ լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ՝ ոչնչացնելով թիրախները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իր նմաններուն հետ փոխյարաբերութիւններ կ՚ունենայ, եւ այս փոխյարաբերութիւններու մէջ կը շարժի եւ կ՚արտայայտուի զանազան զգացումներու ազդեցութեամբ։
Արդարեւ, մարդկային փոխյարաբերութիւնները կ՚ընթանան զգացումներու արտայայտութեան ստեղծած ընթացքին մէջ։ Այլ խօսքով՝ մարդուս ամբողջ ընկերային, հասարակական կեանքը կախում ունի իր զգացումներուն արտայայտութեան կերպէն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
1976-ին գաղթեցի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Տարբեր գործերով զբաղելէ ետք որոշեցի վերադառնալ ուսուցչական ասպարէզիս։ Ուրեմն 1984-ին դիմեցի Լոս Անճելըսի Դպրոցական միացեալ ցանցին (Los Angeles Unified School District)՝ որպէս անգլերէն լեզուի դասատու։
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ փոփոխութիւններու մասին յայտարարութիւնը ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկի «արժած» է մօտ 3 միլիառ տոլար:
Անցեալ Ուրբաթ, Մարք Զուքերպերկ, երբ յայտարարեց ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները քիչ երեւցող դարձնելու մասին, ընկերութեան արժեթուղթերուն արժէքը ինկաւ 3.9 առ հարիւր:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի ծնողաց միութիւնը վերջերս կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան դպրոցի աշակերտներու ծնողները։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ խոր սուգի մթնոլորտով:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան դամբանական մը խօսեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անդօ Բարունակեանի մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը հասնելէ անմիջապէս վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակալ նորին սրբութիւն Թաւատրոս Բ. պատրիարքին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան Երուսաղէմի միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն մին է: Միաբան, որուն հովուական գործունէութեան կարեւոր մէկ հատուածը, չըսելու համար կարեւորագոյնը, անցած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի կամարներուն ներքեւ:
Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կանգնեցուած է վիթխարի ճարպաքանդակ մը, որպէսզի քաղաքացիները հարկադրուին մտածել իրենց աւելորդ կշիռքի մասին։ Վիթխարի ճարպաքանդակը պատրաստուած է իսկական կենդանական ճարպով։