Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

«Կա­տա­րես­ցուք զսրբու­թիւն ա­հիւն Աս­տու­ծոյ» (2 Կորնթ. 7։1)
Քրիս­տո­սի Ս. Ծնունդն աշ­խար­հի կեան­քին մէջ մար­դը դէ­պի սրբու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դող աս­տուա­ծա­յի­նին ներ­կա­յու­թիւնն է: 

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մկրտութիւն» կը նշանակէ՝ սկզբնական մեղքը ջնջելու համար սահմանուած եկեղեցւոյ խորհուրդ։ Այս բառը ունի նաեւ, լուացում, լուսաւորութիւն եւ մարտիրոսութիւն։ Մկրտութիւնը, այս իմաստով, հոգեւոր «վերածնունդ»ի խորհուրդ մըն է։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք հայրապետական պատգամը։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

«Աստուծոյ հակառակ ընթացքները կը շարունակեն ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգերով ու մտահոգութիւններով։ Գիտական ու փորձագիտական հսկայական յառաջընթացով հանդերձ՝ մարդկութիւնը կ՚երերայ բարիի եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ։ Երկխօսութիւններու մեր օրերուն բազում մարդիկ կը դառնան զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, կ՚ենթարկուին զանազան բռնութիւններու»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով ու ցնծութեամբ տօնախմբեց տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը տօնական պատգամին մէջ իր աշխարհացրիւ հօտին հայեացքը հրաւիրեց բեթղեհէմեան աստղալոյսին վրայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Նոր տարուայ առաջին օրերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համակիրներէն Տայք Միրիճանեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 

Թերեւս տարօրինակ թուի, որ երեսունը անց երիտասարդ մը ամէն առիթով նամակ գրելու մասին կը մտածէ. սակայն, ներշնչուելով 21 Սեպտեմբեր, 1897-ին, «Նիւ Եորք Սան»ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականէն՝ «Ի՞զ տեր Սենթա քլոզ» եւ մանաւանդ հայ համբաւաւոր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» գործէն, ուզեցի ձեռնարկել հետեւեալ նամակին՝ այն յոյսով, որ բարին տակաւին վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ թերեւս շատ մը ընթերցողներու սիրտերը կը նորոգուին ու օրհնութեան պատճառ կը դառնայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան առիթով:

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ դժբախտաբար լարուածութիւն՝ Սուրբ Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնութեան գիր մը յանձնեց Պետրոս Շիրինօղլուին՝ գաղթականաց ի նպաստ աջակցութեան համար:

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ա­հա­ւա­սի՛կ, ան­գամ մը եւս Խո­րե­նա­ցիին գողտ­րիկ եւ զգա­յա­ցո՜ւնց երգն է որ կը հնչէ.
«Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի՜, որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ»։

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Եւ այս նշանակ ձեզ.
գտանիցէք մանուկ պատեալ ի խանձարուրս
եւ եդեալ ի մսուր» (Ղուկաս, 2.12)

 

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

Զի ի նմա հա­ճե­ցաւ ա­մե­նայն լրումն
Աս­տուա­ծու­թեանն բնա­կել.
Եւ նո­վաւ հաշ­տե­ցու­ցա­նել զա­մե­նայն ի նոյն
(Կո­ղո­սա­ցիս, 1.19)

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Ա­ԲԵ­ՂԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

«Այսօր ցնծան երկինք ի վերուստ մեծապայծառ աւետեօք.
Եւ արարածք ամենայն զգեցան հանդերձ փրկութեան»
(Շարական Աստուածայայտնութեան)

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Ե­կէք Բեթ­լե­հէմ եր­թանք եւ տես­նենք պա­տա­հա­ծը, այն ինչ որ Տէ­րը մե­զի յայտ­նեց» (Ղկ 2.15)։
­Ման­կա­ցեալ Յի­սու­սի Ծննդեան դէպ­քը իր աս­տուա­ծահ­րաշ նշան­նե­րով եւ իր պատ­գա­մա­շեշտ հնչե­ղու­թեամբ մար­դոց հե­տաքրք­րու­թիւնն էր շար­ժած ու գրա­ւած։

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի,
Որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ,
Հո­վիւքն եր­գեն ընդ հրեշ­տակս՝
Տան ա­ւե­տիս աշ­խար­հի:
Ծնաւ նոր ար­քայ
Ի Բեթ­ղե­հէմ քա­ղա­քի,
Որ­դիք մարդ­կան, օրհ­նե­ցէք,
Զի վասն մեր մարմ­նա­ցաւ:
Ան­բա­ւե­լին երկ­նի եւ երկ­րի
Ի խան­ձա­րուրս պա­տե­ցաւ,
Ոչ մեկ­նե­լով ի Հօ­րէ՝
Ի սուրբ այ­րին բազ­մե­ցաւ»:

 

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018

«Մեր կազմակերպութիւնը ընդարձակեց իր գործունէութեան դաշտը՝ նոր նախաձեռնութիւններով եւ առանցքային համագործակցութիւններով»:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի պատգամը՝ ձեռքբերումներու եւ ծրագիրներու ընդգծումով:

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձօնուած աւանդական հոգեւոր համերգը։ Երեկոյթին նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեան, Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւատքը, իր ամենաամփոփ բացատրութեամբ կը նշանակէ վստահութի՛ւն ունենալ, ապաւէն ցոյց տալ։ Հաւատքը, այս իմաստով, Աստուծոյ ինքզինք մարդուս յայտնութեան՝ մարդուն պատասխա՛նն է։ Աստուած երբ կը յայտնէ ինքզինք մարդուն, եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ», մարդն ալ կը պատասխանէ. «Այո՛, Դուն ես», ահաւասիկ այս կարճ բայց իմաստալից երկխօսութիւնը «հաւա՛տք» է, հաւատքի արտայայտութի՛ւնն է։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018

Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հիւրընկալուած ըլլալը։ Այս կապակցութեամբ երէկ կատարած էինք մանրամասն հաղորդումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ:
Նորին սրբազնութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ բազում հանգամանքներ, որոնք հակասութեան վերածուած են գործընթացի ամբողջին մէջ: Այս լուսաբանութիւնով նոր փուլ մը կը թեւակոխէ վերջին շաբաթներու բռնկած վէճը եկեղեցականներու միջեւ:

Էջեր