Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Իրան։ Պաղտատի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան պիտի անցնի Էրպիլ, ուր պիտի հիւրընկալուի Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի կողմէ։
ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Յունիս ամսուն ընթացքին, առիթը ունեցանք այցելելու Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէն ու աւելի մօտէն ծանօթանալու տեղւոյն հայկական գաղութին, որ ունեցած է յիշատակելի եւ պատուական անցեալ մը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Թանձր գիշեր է դարձեալ։ Քայլամոլոր կ՚ուղեւորուիմ դէպի տուն։ Անէութեան զգացումը կը փորձէ զիս։ Գիտակցութեան առջեւ սակայն կ՚անէանայ ինքը՝ անէութիւնը։ Գիտակցութեանս ներզօր ուժով կը վերյիշեմ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բոժոժաձայն զանգին ձայնը, որ ողջ մարմնիս եւ էութեանս մէջ կը տարրանայ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց RUMVADER-ի (Յունական վաքըֆներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միութիւն) ներկայացուցիչները։
Համակրելի մեներգչուհին գեղարուեստական գործունէութիւնը կը ճիւղաւորէ յաջող ծրագրերով:
Սիպիլ հրաւիրուած է Սփիւռքի յատկանշական ձեռնարկներէն մէկուն՝ Հայկական ժառանգութեան նաւապտոյտին:
Կիպրոսի պատերազմին մասնակից 64-ամեայ Մուրատ Միհրան Իշլէրի հրաժեշտը՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլի կեդրոնի հրամանատար զօրավար Սատեթթին Ալփ Էրկին եւ Թուրք զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր վաստակաշատ կրթական մշակներէն Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը, որ կը կոչուի «Երթաս բարով»։ Սա բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը խորհուրդ մըն է՝ ունի հաճելի սկիզբ մը եւ վշտալի վախճան մը։ Կեանքը միջոց մըն է՝ ժամանակաշրջան մը, եւ քանի որ ան ժամանակաշրջան մըն է, բնական է որ ունենայ սկզբնակէտ մը եւ վերջակէտ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սրամտութիւն»ը բարեմասնութիւն մըն է, որուն տառացի նշանակութիւնն է՝ ուշիմութիւն։ Իսկ ուշիմութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ենթադրէ՝ մտային ճկունութիւն, պարագաներուն յարմարութիւն ցոյց տալ, համակերպիլ՝ ճարպիկ ըլլալ, եւ հարց մը, առանց խուճապի մատնուելու, նուազագոյն շփոթութեամբ եւ արագ ու շիտակ կերպով լուծելու կարողութիւն ունենալ։
«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնի կամաւորները, նախքան ձեռնարկը, սկսած են պատրաստել արդէն աւանդոյթ դարձած յուշանուէրներ:
Հայաստանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէնի թափուր պաշտօնը զբաղեցնելու համար Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան յայտարարած մրցոյթի արդիւնքներով՝ ընտրուած է Վարդան Մկրտչեան։
Լաս Վեկասի մէջ, 91 տարեկանին մահացած է ամերիկացի դերասան եւ կատակերգու Ճերի Լուիս: Հոլիվուտեան դերասանի ընտանիքի անդամներու խօսքով՝ Լուիս կեանքէն հեռած է բնական պատճառներով։
Նիւ Եորքի մէջ վերջերս գումարուեցաւ Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ տասն տարի վերջ առաջին անգամ գումարուեցաւ միութեան ընդհանուր ժողովը։
Հայկական մարմնամարզի աշխարհէն ներս կը շարունակէ փայլիլ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի աստղը։ Այսպէս, ան երէկ դարձաւ աշխարհի երրակի ախոյեան։
Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիրն ու թարգմանիչը երէկ աչքերը փակեց կեանքին:
Հայ գրական աշխարհը կը սգայ Պերճ Զէյթունցեանի մահը: Յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնաժողով մը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի գլխաւորութեամբ:
Թուրքիոյ եւ Յորդանանի ղեկավարութիւնները երէկ քննարկման առին տարածքաշրջանի կացութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան բարձր մակարդակի վրայ հիւընկալուեցաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ազատ նիւթ: Ձեր նախընտրած նիւթի մասին գրեցէք», ըսաւ մեր հայերէնի ուսուցիչը՝ Մ. Իշխան:
Դիւրին չեղաւ նիւթ մը ընտրելը: Այդ օր այն փորձառութիւնը ունեցայ, որ գրութեան մը ամենադժուար մասը հետաքրքրական նիւթի մը ընտրութիւնն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն կը պատասխանէ արժանթինահայ գործարար եւ հասարակական գործիչ Իկնասիօ Բալասանեան:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Կիւմրիի մէջ երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ վերջ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը վերջերս Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպեց ճատրակի երկու մրցաշարք։ Այս մրցաշարքերէն մին կազմակերպուեցաւ «Ճաշ» զբօսարանի սեփականատէր Տայք Միրիճանեանի հետ համագործակցութեամբ։