Արխիւ
Թայլանտի թագաւորութեան արքայադուստր Մահա Չաքրի Սիրինտհոր երէկ այցելած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի ուղեկցութեամբ Մահա Չաքրի Սիրինտհոր շրջած է Մատենադարանի թանգարանային համալիրէն ներս եւ ծանօթացած է հայ ձեռագրական ժառանգութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քոփենհակ, ուր բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Դանիոյ ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Քոփենհակի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսէնի, Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Քրիստիան Եուլի, Մշակոյթի նախարար Մեթէ Պոքի, Դանիոյ Արտասահմանեան վարկաւորման գործակալութեան ղեկավար Քրիստիան Ֆրիկաստի, Պետական եկամուտներու նախարար Քարսթէն Լորիթզէնի, Կառավարութեան պետական քարտուղարի տեղակալ Մայքըլ Սթարպաք Քրիստէնսէնի, ինչպէս նաեւ Դանիոյ Արտաքին քաղաքական ընկերակցութեան անդամներուն հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ 2009 թուականին ստորագրուած եւ բոլորովին վերջերս առ ոչինչ հռչակուած արձանագրութիւններուն մասին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստը։
Իլհամ Ալիեւ իր երկիրը կը համարէ քաղաքակրթական կամուրջ մը՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը շեշտեց, որ TANAP կազամուղ խողովակաշարը կը միացնէ 7 երկիր ու կը բացուի այս տարի:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Ըստ Մարիա Զախարովայի, Ռուսաստան այս հարցը կը քննարկէ շարք մը գործընկերներու հետ, ինչ որ բնականոն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահեցողութեան վեցերորդ եւ վերջին Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի: Գալստեան, այսինքն՝ գալուստ, ժամանում: Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանցը, իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութեան մէջ, այսպէս կը բացատրէ Գալստեան Կիրակին. «Քրիստոսի առաջին գալուստը՝ մեղաւորները դատապարտութենէն փրկելու համար. եւ երկրորդ գալուստը՝ մեղաւորները յաւիտենապէս դատապարտելու համար»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն կայուն թափով յաջողութիւններ արձանագրել ճատրակի ճիւղին մէջ։ Ֆէրիգիւղցիները վերջերս ախոյենութեան հասան՝ Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը ընթացքին։
Մեծ պահոց աւանդական եռօրեայ ուխտագնացութիւնը սկսաւ Կեսարիայէն։ Նախապատրաստական աշխատութիւնները տեսնելու համար՝ 8 Մարտ, Հինգշաբթի երեկոյեան, Կեսարիա մեկնեցան՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։
Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, երէկ յետմիջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսուի չափաւորութեան վրայ՝ որ ընկերային կեանքի ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտ պայմաններէն մին եւ թերեւս առաջնակա՛րգն է։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արցախեան պատերազմի նիւթը հանգիստ չի ձգեր հայրենի նշանաւոր բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանը: Իբրեւ բեմադրիչ, իր նկարահանած գրեթէ բոլոր շարժանկարներուն մէջ Արցախն է՝ իր նորօրեայ պատմութեամբ եւ այդ պատմութեան զուգահեռ կերտուած մարդկային ճակատագիրներով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ի՛նչ անուշ բոյր մը կայ տանդ մէջ, նոր անուշահո՞տ գնած ես:
-Ո՛չ, ճանս, ի՞նչ անուշահոտ: Եկո՛ւր, տե՛ս, այս ծաղիկէն է, որ բոյրը կը տարածուի:
Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու համագործակցութեան ծիրին մէջ կ՚ակնկալուին աւելի շօշափելի արդիւնքներ:
Ժորժ Քեփենեքեան. «Իմ քաղաքապետ ըլլալու հանգամանքը միանշանակ ազդեցութիւն ունի յարաբերութիւններուն վրայ»:
Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը նշուեցաւ tert.am կայքէջի հիմնադրութեան 10-ամեակը։
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Պէյրութ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլեան կարգ մը ազդեցիկ պարբերականներ վերջերս «իւրայատուկ» վերտառութիւններով գրեցին երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն տուած այցելութեան մասին:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«Ամբողջ աշխարհ արդար կը համարէ Ատրպէյճանը, սակայն կարգաւորման ուղղութեամբ կարելի չ՚ըլլար յառաջընթաց արձանագրել։ Այս հիմնախնդիրը կարեւոր է տարածքաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան տասակէտէ»:
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Շահան Արծրունին օրհնուած է այնպիսի կենսայորդ եւ բացառիկ ներուժով մը, որուն շնորհիւ իր աշխատելաձեւն ու վարքը պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, այլ եւ մեր մասնագիտութեան, եւ բնականաբար ի՛ր իսկ անձին՝ Շահան Արծրունիին»: Վիքթոր Պորկա
Ուաշինկթընի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերու շարքին տերեւաթափը կը շարունակուի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ որոշեց վերջ տալ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնին։