Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

«Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները մեծ մտահոգութեան մատնուած են՝ իրենց գոյութեան, ներկայութեան տեւականացման առումով»:
Խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնաժողովին մօտ Իսթանպուլի պատգամաւոր (ՃՀՓ) Սելինա Տողան արծարծեց երկրէն ներս ատելութեան դրսեւորումները պատժելու հարցը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս գիշեր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։  Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ, տեղապահ սրբազան հայրը Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Թեմին համար քահանայի մը ձեռնադրութիւնը պիտի կատարէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ արժէքաւոր ձեռագրով մը եւս:
Վահան Տէր-Ղեւոնդեան. «Մեզի կը նուիրեն ընտանիքի մէջ պահուած, սերունդէ սերունդ փոխանցուած մասունք մը»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Քէօլնի համալսարանէն խումբ մը կաթոլիկ եւ բողոքական աստուածաբաններ ու գիտնականներ։ Այս խումբը կը գլխաւորէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի պետ Մաթթիաս Քոփփ։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւորները՝ ուրախութիւն յայտնելով հերթական այցելութեան համար դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Ժողովրդական առածը շատ ճշգրիտ ձեւով կ՚ըսէ. «Նետած քարդ, օր մը կրնայ գլուխդ ծակել»։ Քար նետելու սովորոյթը, ուրիշը վնասելու, ծուղակի մէջ ձգելու կամ գայթակղեցնելու վատաբարոյ արարքներն ու թակարդները, օր մըն ալ կրնան աւելի դառն կերպով հանդիպիլ քեզի։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

​Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով։ Այս կապակցութեամբ տեղապահ սրբազան հայրը մեզի յայտնեց, որ քննարկուած են ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Իսթանպուլի մէջ այս առտուան տեղատարափը տակնուվրայ ըրաւ կեանքը։ Քաղաքի բնակիչները յորդառատ անձրեւի հետեւանքով մեծ դժուարութիւններ ապրեցան առօրեայի տեսանկիւնէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ կառոյցի ծրագրերուն առընչութեամբ:
«Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը կ՚ընդգրկէ՝ բացի բուն եկեղեցական շինութիւններէն, հողամասեր, հիւրատուներ, խանութներ, դպրոցներ…

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յուլիսի 17-ին, երկու հարիւր տարի առաջ, Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, ծնաւ Յովհաննէս անունով հրաշք մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու Հայկեան Հանճարին աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մէկը՝ իր Այվազովսքի ազգանունով խորհրդանշելով ծովանկարչական արուեստի վարարումը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուծմէ տրուած ամէն շնորհ ձրի տուչութիւն մըն է, իսկ անոր ընդունելութիւնը մարդուն նկատմամբ կամաւոր է. ուրիշ խօսքով՝ Աստուծոյ տուածը «շնորհք» է, իսկ մարդունը՝ «գո՛րծ»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

​Երեւանի մէջ Գունազարդ տօնը այս տարի կայացաւ Յուլիս 16-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Երեւանեան «Գունազարդ վազք»ին մասնակցեցաւ շուրջ 2000 հոգի: Ընդլայնուած էր մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը․ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով վազքին մասնակցեցան Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ յաւակնորդներ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Ազգային մեծ ժողովի որոշումով Թուրքիոյ մէջ արտակարգ վիճակի դրութիւնը երէկ երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։ Կառավարութեան համապատասխան որոշմնագիրը արժանացաւ խորհրդարանի հաւանութեան եւ այսպէսով երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը չորրորդ անգամ երկարաձգուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունեց սփիւռքահայ մշակներ:
Դաստիարակչական փորձագիտութիւններու միջոցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի ստեղծուի առցնց բաց հարթակ մը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

​Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքներէն Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի 68-ամեայ Ժորժ Քեփենեքեան։ Այս որոշումը առնուեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդին կողմէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017

Միջնորդներու ջանքերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հաւանական է, որ նոր տեսակցութիւն մը ունենան յառաջիկայ աշնան:
Սերժ Սարգսեան. «Մասնաւոր ակնկալութիւններ չունինք այդպիսի հանդիպումներէն, բայց այդուհանդերձ մենք դէմ չենք որեւէ հանդիպման ու պատրաստ ենք մշտապէս»:

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Ազգային տարազներու ցուցադրութեան մրցոյթ-փառատօն, որու նպատակն է նպաստել ազգային արժէքներու պահպանման: Այս մասին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչ, հասարակական գործիչ Էմիլ Մարկոսեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017

«Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Գանատա կ՚ուզեն իրենց միացեալ թեկնածութիւնը առաջադրել՝ հիւրընկալելու համար 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017

Այսուհետեւ ամէն Շաբաթ օր Հայաստանի քաղաքացիներն ու երկիր այցելած օտարերկրացի հիւրերը «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքէն ներս՝ մեծ պաստառի վրայ կրնան շարժապատկերներ դիտել: Այս մասին «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցին Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրու պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), որու հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» տասնչորրորդ միջազգային շարժանկարի փառատօնը հասաւ իր աւարտին:
Զանազան անուանակարգերու մրցանակները շնորհուեցան՝ հեղինակաւոր դատակազմերու որոշման հիման վրայ:

Էջեր