Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու սկիզբին կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի վերականգնման գործընթացը սկսած է Սեպտեմբերին:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

«Ես չափազանց լաւատեսութիւն չեմ յայտներ, սա դժուար խնդիր է եւ բանակցութիւններու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք շուտ չեն աւարտիր»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները այս առաւօտ բանակցութիւններ վարեցին ու մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

Տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դիմեց պետական աւագանիին:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նամակներ ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարին: Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս չեն հրապարակած գրութիւններու բովանդակութիւնները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի տօնը երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Թաքսիմի համանուն հայ կաթողիկէից եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի երախտաշատ մեծերէն Կոմիտաս Վարդապետին ու «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանին ձօնուած ձեռնարկ մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Կէտիկփաշայի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ։ Թաղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 126-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 81-րդ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 151-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նախագահեց հանդիսութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզը։ Աւելի քան իննսուն տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան խտացեալ աշխատանք կը տանին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ:
Սոչիի գագաթաժողովի սեմին, արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը տեղի ունեցաւ՝ Անթալիայի մէջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

Հայկական խեցեգործութեան յայտնի վարպետ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան արդէն քաղաքիս մէջ է՝ Գարակէօզեանի ընտանիքի հրաւէրին ընդառաջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոյեմբերի 6-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան կը ժամանէր Թել Աւիւ:

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ ընդհանրապէս հակոտնեայ սկզբունքներու, գաղափարներու եւ ըմբռնումներու մէջ, եւ հակադիր երեւոյթներու միջեւ նախընտրութիւններ ընելով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017

«Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է, կարելի չէ կերտել ազգային կեանքի միութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետի դէպի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017

Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) մօտալուտ տօներուն ընդառաջ՝ սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական միջոցառման՝ 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի մասին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ:
Արցախի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի հաստատուին ոռոգման համակարգեր եւ արեւային ուժանիւթի կայաններ:

Էջեր