ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ թաղային խորհուրդի կազմէն Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլու, Նուարդ Պարըն, Եւգինէ Վանլը եւ Ռաքել Եաշկիւչլիւքալ։

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս։ Զրոյցի տեւողութեան Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները շեշտեցին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը շարունակէ իրականացնել իր առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ մեր կրթական կեանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդի ամենահամեստ խաւերէն դպրոցահասակ երեխաներ ուսում կը ստանան Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի յարկէն ներս։ Ուստի, Թոփգաբուի ընտանիքն ալ հաստատութեան կայուն երթը երաշխաւորելու համար այս տարի եւս կը դիմէ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017