Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017

RFI մի­ջազ­գա­յին ֆրան­սա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը հա­ղոր­դում պատ­րաս­տած է այն մա­սին, թէ Ֆրան­սա­յի մէջ բնա­կող հա­յե­րը ո՞վ կ՚ու­զեն տես­նել իբ­րեւ երկ­րի յա­ջորդ ղե­կա­վար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017

Քաղցկեղէ տառապող երախաներու դարմանման ուղղեալ բարեգործական խանդավառ համերգ:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Առաջին տիիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, «Նուրիէ՛ կեանք» հիմնարկին կողմէ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017

Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թիւ­նը վեր­ջերս յանձ­նեց այս տա­րուան «Հրանդ Մատ­թէո­սեան» մրցա­նա­կը։ Գրող­նե­րու միու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ, մե­ծա­նուն ար­ձա­կա­գիր Հրանդ Մատ­թէո­սեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս մրցա­նա­կը հաս­տա­տուած է 2005 թուա­կա­նին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի յայ­տա­րա­րեց, որ իր երկ­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին «ռազ­մա­վա­րա­կան համ­բե­րու­թեան» դրու­թեան մը մէջ։ Իր խօս­քե­րով, սա ու­նի իր բարդ կող­մե­րը եւ Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հար­թակ­նե­րու վրայ կը խօ­սի այս մա­սին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017

Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի նոր տնօ­րէ­նի նշա­նակ­ման սպա­սում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան վեր­ջերս անդ­րա­դար­ձաւ այս գոր­ծըն­թա­ցին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաժարականին զուգահեռ՝ համայնքային շրջանակները լուծում մը կը փնտռեն առկայ ճգնաժամին եւ թափ կը ստանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Վաղը՝ Գումգաբուի մէջ կարեւոր ժողով:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ խորհրդակցեցան հեռաձայնով առկայ կացութեան շուրջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Գեր­մա­նիա, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­տե­սուած է նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հան­դի­պու­մը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ քննար­կե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն վրայ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րուն մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած պա­ռակ­տու­մը խոր մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ բո­լո­րին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նշեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը։ Քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Տէ­րու­նի տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Մայր Տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ մա­տու­ցուե­ցաւ Սուրբ Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեա­նի, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ օ­րուան քա­րո­զը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբեմն պէտք է ըսել ինչ որ պէտք է ըսուի:
Նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ կան ա­մէ­նու­րեք: Մեծ վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը կը ցու­ցադ­րուին թան­գա­րան­նե­րու մէջ, նո­րեր ի­րենց գոր­ծե­րը կը ցու­ցադ­րեն յայտ­նի կամ թա­ղա­յին ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Անց­նող դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, երբ կեր­պա­րուես­տա­գէտ­նե­րը (թէ նիւ­թե­ղէն, թէ՛ ո­ճա­յին) նոր մի­ջոց­ներ կպո­րո­նէին, ա­նոնց­մէ ո­մանք (Տէյ­վիտ Ան­նես­լեւ, Մաքս Պիլ, Ար­ման Պուզ­պու­զեան…) նկա­րե­ցին ժա­պա­ւէն­նե­րու ձե­ւու­թա­յին բազ­մա­տե­սակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ օգ­տա­գոր­ծե­ցին զա­նոնք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հնարք­նե­րու մէջ՝ հա­մա­ձայն ի­րենց ներ­քին թե­լադ­րան­քին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն խորթ եւ օ­տա­րո­տի թուած պա­տուէր­նե­րէն մին է՝ «թշնա­մի­նե­րը սի­րե՛լ»։­
Ար­դա­րեւ, ո՜ր­քան դժուար է ի­րա­գոր­ծել այս պա­տուէ­րը, քա­նի որ մարդ, բնա­կա­նա­բար «ե­սա­սէր» է եւ եր­բեմն ինք­նա­մոլ եւ ի­րեն հա­մար դժուար է նե­րել, մա­նա­ւանդ երբ վի­րա­ւո­րուած կը զգայ ինք­զինք՝ բա­րո­յա­պէս կամ մարմ­նա­պէս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017

Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան դատարկած է Պատրիարքարանի սենեակը ու երէկուան դրութեամբ մեկնած՝ Պաքըրգիւղի հօրենական բնակարանը:
Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին. «Եկեղեցի չեմ երթար՝ կրնայ սխալ հասկցուիլ, բայց հրաժարականս չեմ պաշտօնականացուցած»:

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին դար­ձեալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Պէյ­քո­զի եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի ար­ժե­ւոր­ման հար­ցը։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ անդ­րա­դար­ձած էր այս խնդրին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ վեր­ջերս Ան­գա­րա­յի մէջ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Ան յայտ­նեց, թէ մա­մու­լին մէջ ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ թէեւ հա­ղոր­դուած էր զրոյ­ցին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, սա­կայն յար­մար դա­տած էր նաեւ հա­մայն­քի վա­րիչ­նե­րը լու­սա­բա­նել պաշ­տօ­նա­պէս, ուղ­ղա­կիօ­րէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

Իսթանպուլի երկու սրբազաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հունէ դուրս եկան՝ առկայ անցումային շրջանին ստեղծելով նոր մարտահրաւէր մը:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետը հրաժարեցաւ:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, հոգեւորականաց դասուն, աշխարհական վարիչներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ կապ հաս­տա­տե­ցինք Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը ներ­կայ պայ­ման­նե­րով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միակ օ­րի­նա­կան մար­մինն է ու շատ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի առ­կայ ան­ցու­մա­յին շրջա­նին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին յայ­տա­րա­րեց հե­տե­ւեա­լը.

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

Առկախեալ ընտրութիւնները թրքահայութեան կեանքը կը կաթուածահարեն՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով ու մաշեցուցիչ վերիվայրումներով:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մասնակցեցաւ VADİP-ի հերթական ժողովին: Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած համայնքային վարիչները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին արմատական քայլի պատճառներուն եւ հանդէս եկան շինիչ թելադրութիւններով մանաւանդ պաղարիւնութեան կոչով:

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վտան­գա­ւոր նոր փո­թո­րիկ մը ստեղ­ծուած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը, ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ կու գայ խո­րաց­նել առ­կայ յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։ Բաց պէտք է խօ­սիլ։ Մեր հա­մեստ հա­մո­զու­մով, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան լա­ւա­գոյն ո­րո­շու­մը չէ տուած, յար­մա­րա­գոյն քայ­լը չէ ա­ռած։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017

Ցնցու­մի մէջ է թրքա­հայ հա­մայն­քը։ Բե­ւե­ռա­ցում­ներ, ի­րա­րու ան­հա­ղորդ ճամ­բար­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ… Պա­ռակ­տու­մը կը ցնցէ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։

Էջեր