Արխիւ
ԿԱՐՕ ՄԱՐՏՈՒՆԻ
Կարմիր կը փսխէ տարին ալ այս հին,
Կամքն իր ծանրագին դեռ պիտի տանինք․
Համաձայն կամ ոչ՝ քմայքն է անոր,
Պիտի հասնի քեզ, տարին է սա նոր։
ՄՈՎՍԷՍ ՔԵՐԹՈՂ
Այսօր Սուրբ Ծննդեան տօն է, աւետիս,
Եւ մեր Տիրոջ յայտնութեան տօնն է, աւետիս։
Այսօր արդարութեան արեւը, աւետիս,
Մարդոց մէջ երեւցաւ, աւետիս։
Այսօր սուրբ, անապական կոյսը, աւետիս,
Ծնաւ, բերաւ անմահ արքան, աւետիս։
ԱԼՖՐԷՏ ԼՈՐՏ ԹԷՆԻՍԸՆ
Աստուած ստեղծեց ու բացաւ այս տարին քեզի համար.
Կեցած կամուրջիդ վրայ.
Քու նաւդ է, այո՛, քու սեփական նաւդ,
Եւ զայն վարողը դուն պիտի ըլլաս։
Ի. Ի. ԳԱՄԻՆԿԶ
Փոքրիկ անխօս Կաղանդի ծառ
Դուն շատ փոքր ես
Աւելի ծաղիկի նման ես
Ո՞վ գտաւ քեզ կանաչ պարտէզին մէջ
Եւ դուն տխրեցա՞ր հեռացուելուդ համար.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ Բնութիւնը, որ Աստուծոյ ձեռագործն է, կը կրէ անկեղծութեան եւ անխարդախ կատարելութեան յատկանշական դրոշմը։ Մարդիկ շատ շատ կ՚ընդօրինակեն Բնութիւնը արուեստականօրէն։ Եւ ընդօրինակութիւնը՝ ընդհանուր առումով, նախատիպարին կեղծումը կամ կրկնութիւնն է, եւ ո՛չ իսկականը։
ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Նոր տարի տօնելը քրիստոնէակա՞ն է:
Պատասխան. Կ՚ապրինք մեծ ընկերութեան մը մէջ, ուր բազմազան եւ բազմաթիւ օրէնքներ ու սովորութիւններ կան, որոնց այսպէս կամ այնպէս, որպէս քրիստոնեաներ, անպայման կ՚առընչուինք:
Օրացոյցի վերջին էջն ալ կը թերթենք եւ այսօր կէս գիշերին հրաժեշտ կու տանք ներկայ տարուան։ Ան կը յանձնենք պատմութեան ու կ՚ողջունենք 2017 թուականին գալուստը։ Հաւաքական կեանքէ ներս անընդհատ կրկնութիւն մըն է նոր տարի մը դիմաւորելը, իսկ միապաղաղութիւնը կու գան կանխել՝ բարի ցանկութիւնները, դրական սպասումները, ազնիւ ակնկալութիւնները, կարճ խօսքով, յոյսը...
ԳԱՅԻԱՆԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Դեկտեմբերի վերջին օրն է. տասներկու օրերու ճկունութեամբ սահող արագագլոր երկոտասան ամիսներ աւարտի հասած են։ Տարի մըն ալ պիտի թաղենք ու հողով ծածկենք՝ պիտի ըսէի, սակայն օրացոյցի մը տասներկու թերթերը, ամէն մէկ թերթին մէջ տեղ գտած երեքտասան օրերը ոչ գետնին տակ կը դրուին, ոչ ալ կ՚այրուին:
Ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ ձերբակալուած են անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան հինգ պարագլուխներ։
ԾՈՎԻԿ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ՍԱՄԱՆԼԵԱՆ
Հօրաքոյրս՝ Տիկին Արաքսին երկու մանչ զաւակներ ունէր, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով, Լիբանանի պատերազմին, տարիներ առաջ, մեկնած էին Եւրոպա ու հոն ընտանիք կազմած:
Stratfor համաշխարհային հետազօտական կեդրոնին կողմէ ուշագրաւ զեկոյց մը՝ 2017 թուականի համար կանխատեսումներուն շուրջ:
Ռուսաստան պիտի ուժեղացնէ իր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր Հայաստան անսասանօրէն հաւատարիմ է իրեն նկատմամբ:
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Յուզումով կը դիմաւորենք Նոր Տարին, բայց ուրախութիւն է, կ՚ըսենք, այս վայրկեանն իսկ, որովհետեւ գուցէ այս վայրկեանն ալ չապրէինք, գուցէ ուրիշ ահաւոր դրութեան մէջ ըլլայինք. փառք կու տանք ամէն ինչին համար եւ կ՚ուզենք ուրախութեան նշոյլ մը գտնել, մենք մեզ ուրախացնել:
2017 թուականի յատկանշական յոբելեաններու շարքին է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, շուկայէն վերջին գնումները ըրած, կամուրջին տակէն յոգնած քայլերով տուն կու գայի, երբ դիմացս յայտնուեցաւ մեր թաղի Գուրգէնը, տխուր եւ փլած հոգեկանով, կարծես այդ օր վերջնականապէս իր բարի ժպիտը ջնջած էր դէմքէն։
2 Ապրիլ 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ խանդավառութիւն:
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի առաւօտ եկեղեցին բանալու ատեն տեսանք պատին յայտարարութիւնները կարդացող մարդ մը, որ ժամանակացոյցին ծանօթանալ կ՚ուզէր։ Յայտնի էր որ հայ մը չէր ան։
«…բայց մի ինչ է՝ զի զառ ի յետոյսն մոռացեալ է,
եւ ի յառաջադէմսն նկրտեալ եմ։»
(Փիլիպեցիս, 3.13)
Ամանոր է դարձեալ։ Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ շնորհեց տարի մը եւս անցընել մեր երկրաւոր կեանքի մատեանին մէջ իր ուրախ եւ տխուր երեսակներով։
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Կիրակի երեկոյ տանս դիմացէն ձայներ լսեցի՝ խըշ-խըշ-խըշ... ականջս տնկած՝ արդեօ՞ք կատու է... յանկարծ դրան զանգին ձայնէն տեղէս ցատկեցի, շտապեցի՝ ո՞վ է այս ժամուն... դրան բռնիչին վրայ կախուած տոպրակ մը կար, աջ-ձախ նայեցայ՝ ոչ մէկը... տոպրակը արի, ձեռքերս նուէրներով լեցուած էին, ու անոնց վրայ զետեղուած նամակ մը կար.
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրաւ նրբաճաշակ նոթատետրեր, որոնք զարդարուած են հայկական աւանդական թռչնագրերով։
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ
Երբ փոքր էինք, անհամբեր կը սպասէինք որ մանկապարտէզը կամ դպրոցները վերջանան ու ձմեռուան արձակուրդը սկսի: Դուռ-դրացի տեղացի էին եւ իրենց Ծնունդը հայերուս Ծնունդէն առաջ կը տօնուէր, ուրեմն իրենք արդէն իրենց նուէրները ստացած կ՚ըլլային: