Արխիւ
Համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը եւ սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով, ապագայի նկատմամբ յոյսով ու խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին իրենց խոնարհումը բերին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տէր Զօրը այսօր ԻՇԻՊ-ի երկրորդ մայրաքաղաքն է: Նաւթով հարուստ այդ քաղաքին մասին դժուար է տեղեկութիւններ հաւաքելը: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն տիրապետել քաղաքի մէկ հատուածին վրայ, բայց եւ այնպէս Տէր Զօր քաղաքի կեդրոնական մասերը եւ յատկապէս այդ նահանգի գիւղական համայնքները դարձած են այսպէս կոչուած՝ ԻՇԻՊ-ի բոյն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական երկրորդ նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Նամակներու մէջ կարգ մը դժուար հասկնալի մասեր կան, որոնց իմաստը չարափոխումի կ՚ենթարկուի տգէտ եւ փոփոխամիտ մարդոց կողմէ։ Անոնք միւս Սուրբ Գիրքերը եւս կը չարափոխեն, իրենց սեփական կորուստը պատրաստելով» (Բ. ՊԵՏՐ. Գ 16)։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Աւանդական շուքով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուան տօնը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան հայազգի Արթուր Աբրահամ այսօր գերմանական Էրֆուրտ քաղաքին մէջ պիտի ճակատի լեհ Ռոպին Քրասնիքի դէմ (29 տարեկան):
Վենետիկի «Viva Arte Viva» արուեստի միջազգային 2017-ի ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 13-Նոյեմբեր 26 թուականներուն միջեւ, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն արուեստագէտներ Ռաֆայէլ Մեկալ, Ժան Պօղոսեան եւ Միրօ Պերսոլիա:
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնը կը զուգադիպի երկրի կառավարման համակարգի փոփոխման որոշման շրջանին:
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ տեղեկացուց, որ վարձու տրուած է Տատեան վարժարանի հին շէնքը։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի աշխատանք կը տանէին այս շէնքը արժեւորելու համար։
Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի համահայկական խաղերուն, որոնք կազմակերպուեցան 12-րդ անգամ։ Ճատրակի մրցաշարքի ծիրէն ներս, մինչեւ 15 տարեկաններու դասաւորման մէջ ան հանդիսացաւ երկրորդ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Էմիրկեան։ Միջնակարգի աշակերտներէն բաղկացեալ այս խումբը Էմիրկեանի ընդարձակ պարտէզին մէջ ունեցաւ հաճելի ժամանց։
ՀԱՅՃԱՐ վերջերս իրականացուց իր ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Սա ՀԱՅՃԱՐ-ի վեցերորդ շրջանի վարչութիւնն է, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Իսկական սիրոյ սեղանի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ հաւաքոյթը։
Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին մէջ յայտարարութիւնները իրերու կը յաջորդեն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկցուց, որ ճնշումի տակ կը գտնուին մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները: Համայնքի վարիչներուն դիրքորոշումը ընտրեալ-տեղապահի ակնկալութիւնները չէ արդարացուցած եւ պատճառ յառաջացած՝ յուսախաբութեան: Նորին Սրբազնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի մեկնի Գերմանիա:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չկայ գոյակ մը այս երկնակամարին վրայ, որ «ճշմարտութեան» եւ «անաչառութեան» կողմնակիցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջապատի մարդոցդ, որ ճշմարտութեա՞ն կամ ստախօսութեան կողմնակից են, ընդհանուր յայտարար-պատասխան մը կը ստանաս։ Բոլորն ալ «ճշմարտախօս» եւ «ճշմարտութեան» պաշտպաններն ու ջատագովներն են, որոնք ոգի ի բռին կը փորձեն կեղծամտութեան եւ կեղծպարիշտութեան քօղին տակ սուտը՝ ճշմարիտ, տգեղը՝ գեղեցիկ, յիմարը՝ իմաստուն, անյաջողակը՝ յաջողակ, ապիկարը՝ կարող, անուսը՝ ուսեալ, մեղաւորը՝ անմեղ, անգոյնը՝ երփներանգ ներկայացնել հանրութեան աչքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պուրճ Համուտի աղբանոցին «ծննդոց»ը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով Պէյրութը կը կիսուէր երկուքի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկու հազար տարուայ ցան մը՝ արմա՛տ մըն է քրիստոնէական հաւատքը, որ փոխեց մարդկութեան ամբողջ ընթացքը եւ էութիւնը։ Երկու հազար տարի առաջ Քրիստոս իր վարդապետութեամբ հին մարդը վերածեց նոր մարդու եւ նոր հոգիով, նոր միտքով օժտեց ու բարեփոխեց մարդկութիւնը։
Մարսէյլի մէջ վերջերս նշուեցաւ Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Խմբավար Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ այս երգչախումբը կը գործէ չորս տասնամեակէ ի վեր եւ իր նմաններու շարքին սփիւռքեան իրականութեան մէջ ունի շատ յաւակնոտ դիրք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, իր ստեղծումէն ի վեր կը ջանայ հասնիլ կատարելութեան, աւելի եւս զօրանալ եւ աւելի անթերի ըլլալ ամէն տեսակէտով։ Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է կատարելագործուելու՝ ինչպէս բնութիւնը տեւապէս բարշրջման ընթացքով կը բարեփոխուի, կը կատարելագործուի։
Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աղքատախնամ տիկնանց կազմը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Աթագիւղի մէջ։ «Նոսսա-Քոսթա» ճաշարանին մէջ համախմբուեցան թէ՛ թաղեցի եւ թէ այլ զանազան թաղերէ փութացած համակիր տիկիններ։
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը, ի դէմս Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավար Ռոլանտ Պինքոֆսքիի եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր: