Արխիւ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի ճակատագրական դերը կը վերահաստատուի վերջին օրերու իրադարձութիւններով։ Այնտեղ է այն բախտորոշ ճակատը, ուր ձեւաւորուելիք հաւասարակշռութիւնները կը պայմանաւորեն ընդհանուր երթը։ Վերջին օրերուն Սուրիոյ բանակը այս ճակատին վրայ արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացում մը։
Յունաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին Թուրքիա արտայանձնել երեք զինուորականներ, որոնք 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ խոյս տուած էին այդ երկիրը։ Հարկ է նշել, որ այս զինուորներու պարագային նախ տրուած էր չվերադարձնելու որոշում, սակայն Վճռաբեկ դատաւորներու խորհուրդը բեկանեց այդ որոշումը եւ այսպէսով որոշուեցաւ զինուորականներուն արտայանձնումը։
Թեհրանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Իրան-Հայաստան միջկառավարական յանձնաժողովի 14-րդ նիստը։ Բանակցութիւններու ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Աշոտ Մանուկեան։
Իսրայէլի Էյլաթ քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ քսան տարեկաններու ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Դաւիթ Յովհաննիսեան այս մրցաշարքին ընթացքին դարձաւ ոսկէ մետայլակիր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը:
«Գործունէութիւնը անփոխարինելի է, որովհետեւ խումբ մը մարդիկ ճիշդ ժամանակին կարողացան գտնել ճիշդ ճանապարհը»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Սմենթա Փաուըր. «Էլի Վիզել ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման»:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին թէ՛ ներուժ եւ թէ կամք՝ իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով առաւել եւս զարգացնելու համար:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելով բազմակողմանի հարցեր:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Քանի մը բարեկամներով, սրճարանը (coffee shop) նստած կը զրուցէինք սփիւռ-քահայութեան սպառնացող վտանգներու մասին։ Ամերիկայի մէջ, օրինակ՝
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, որոնք մեր այցելութեան փութացին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ։ Այսպէս մեր հիւրերն էին՝ Եւգինէ Վանլը, Նուրհան Սուճեան եւ Եդուարդ Պալճը։
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութիւնը «Արմէնփրէս» եւս երէկ անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին։ Գործակալութիւնը մատնանշած է, որ երկրի Քննչական վարչութիւնը այս հարցին շուրջ որպէս վկայ ունկնդրած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց այն ինն նորաօծ քահանաները, որոնց ձեռնադրութիւնը կատարուած էր վերջերս։ Նորապսակ քահանաներուն կ՚ընկերանար լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայերէնը կրկին քննարկման առարկայ էր վերջերս Երեւանի մէջ: 26 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ գործող «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդաց խորհուրդը Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կազմակերպեց «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրեալ համաժողովը, որուն աւարտին մասնակիցներու եզրայանգումը մէկ էր՝ արեւմտահայերէնի լեզուական հայրենիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նախապէս գիւտերը արդիւնք էին միայն անհրաժեշտութեան մը, կարիքի մը: Այժմ յառաջացած է շուկայական մրցակցութեան գործօնը եւ զարմանալի չէ, որ ընկերութիւններ այս առաջադրանքով բուռն մրցակցութեան դաշտ նետ-ւած են: Այս ընթացքով կարծես թէ մարդը կը սկսի դառնալ երկրորդական…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներսէս Լամբրոնացի կ՚ըսէ, թէ՝ ինչպէս հացը մեր նիւթական մարմինը կը զօրացնէ, այնպէս ալ Անոր երախտարժան գործերու յիշատակը՝ մեր հոգիները։
Հալէպի մէջ յոյսի ծիլեր կան. հրթիռակոծման վտանգը շեշտակի նուազած է, կենղացային բարելաւումներ կը նկատուին, կ՚ակնկալուի ջուրի, աստիճանաբար նաեւ՝ ելեկտրականութեան խնդիրներու լուծում:
Դանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Zulo service-ը, օժանդակութեամբ Դանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կը կազմակերպեն Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն ընդառաջ ձեռնարկ մը:
Թուրքիա երէկ ունեցաւ կարեւոր ձեռքբերում մը՝ փորձագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Այսպէս, անջրպետ ուղարկուեցաւ «Göktürk-1» արբանեակը։ Այս ձեռքբերումը միեւնոյն ժամանակ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի։
Վիեննայի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Միջուկային անվտանգութեան հարցերով միջազգային նախարարական համաժողովը։ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան 140 երկիրներէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան կ՚ընդունուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։