Արխիւ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ գիւտերը միայն ճարտարագիտական, արհեստագիտական մարզերուն մէջ չեն ըլլար: Հոգեբանները եւս նորութիւններ կը յայտնաբերեն, երբ կ՚ուսումնասիրեն մարդոց զգացումները, հոգեկան աշխարհը, վարուելակերպը, նախասիրութիւնները եւ նաեւ… անունը: Կրնան ոմանց համար ասոնք միայն հոգեբաններու պնդումներ, այլ ոչ ճշգրիտ գիտութիւն նկատուիլ, սակայն կ՚արժէ կարդալ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
17 Նոյեմբերին, 176 տարի առաջ ծնած է եւ նոյնպէս Նոյեմբերի 17-ի օրը, 124 տարի առաջ, վախճանած է հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներու համաստեղութեան մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած երախտաշատ այս հոգեւորականը՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանց (1840-1892)։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական գործունէութիւններու շարքին եզրափակիչ փուլը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պաքուի մէջ։ Ան կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք անուններու իմաստները եւ ծագումները ներկայացնել, յատկապէս ցոյց տալու համար, թէ «անուն»ը ո՜րքան կարեւոր դեր կը խաղայ մարդուս թէ՛ անհատական-ներքին, թէ՛ հաւաքական-արտաքին կեանքին մէջ եւ թէ ի՛նչպէս կը նոյնանայ «անուն»ը ինքնութեան հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր մահուանդ 20-րդ տարելիցն է... Երկու տասնամեակ անցեր է արդէն այն թուականէն ի վեր, երբ այլեւս իրարու հետ չենք ֆիզիքապէս։ Գիտեմ, կը զգամ, որ երկնային լուսեղէն պսակներու ընդմէջէն, պատմութեան պատուանդանին վրայ հպարտ կանգնած կը դիտես զիս հեռուներէն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանի Ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան երեկոյթի մասնակիցները, որոնք խանդավառ պահեր ապրեցան մենակատար Զէքերիա Իւն-լիւի կողմէ գործադրուած յայտագրով։
Սարըեէրի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան «The Grand Tarabya» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցան դիւանակալական, քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, փոքրամասնութիւններու, հասարակական եւ մամլոյ շրջանակներէն բազում դէմքեր։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ ասիկա չի վերաբերիր ընթացիկ աշխատանոցներու, սեփական կալուածներու եւ գրասենեակներու, ուր հասկնալի կ՚ըլլայ մուտքի արգելքը: Աշխարհի վրայ կան այնպիսի վայրեր, շրջաններ, ուր չեն կրնար մտնել ոչ միայն սովորական մահկանացուներ, այ-
լեւ՝ մեծահարուստներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ընկերային բարձր դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ: Բնականաբար այսպիսի պարագաներու մարդոց հետաքրքրութիւնը աւելի ու աւելի կը սրի եւ արկածախնդիրներ կը փորձեն թափանցել այդ վայրերը:
Յոյն շնորհալի բանաստեղծ ու հայ մշակոյթի մեծ սիրահար Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի մուսա» երկերու հաւաքածոն, իր սկզբնական հրատարակութենէն 78 տարիներ ետք, դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ «Արմենիքա» եռամսեայի կողմէ վերահրատարակութեամբ:
Ara KOÇUNYAN
Samatya Surp Kevork Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu, geçtiğimiz Pazartesi günü bu sütunda Ermenice olarak yayımlanmış olan "Samatya'da Neler oluyor?" başlıklı yazımızla ilgili cemaat basınında bir duyuru yayımladı. Zorunlu addedilmiş olan duyuru hem Ermenice, hem de Türkçe; üstelik iki versiyon arasında tutarsızlıklar da var.
Օթթաուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր միջնադարեան Անի քաղաքին։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեվլէթ Պահչելիի հետ։ ԱՔ կուսակցութիւնը եւ ՄՀՓ միջոցէ մը ի վեր աշխատանք կը տանին Սահմանադրութեան բարեփոխման նիւթին շուրջ։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Ուսուցչաց օրուան յաջորդ ժամանակաշրջանին, Թըր-քահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ ձօնուած էր մեր կրթական մշակներուն։
Էսաեան վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի «Էֆէնտիմ» ճաշարանին մէջ։ Վարժարանի համակիրները այս առթիւ հաճելի ժամանց ունեցան՝ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ օրերուն իրեն պիտի շնորհուի «Կոլոտ» շքանշանը։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Գարակէօզեանի «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ:
Հանգուցեալ բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեան վերյիշուեցաւ իր մահուան 17-րդ տարելիցին առթիւ:
Չավուշօղլու-Լաւրով զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Թուրքիա կը յարգէ այս հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ Ռուսաստանի կամքը։