Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու իր կողակիցը, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելեցին ընկերակցութեամբ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Նորին Սրբազնութիւնը Գումգաբուի մէջ տեսակցեցաւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի եւ տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց կ՚ուղեկցէր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Մագսուտ Կառավարեան։ Ընկերային կեանքէ ներս անսահման համակրանքի առարկայ դարձած դէմք մըն էր Մագսուտ Կառավարեան, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ունէր մեծ վարկ։
Պատրիարքարանի համալիրին մթնոլորտը առաւել խորհրդաւոր դարձաւ մեծ վարդապետի ներկայութեամբ:
Քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը կը ցոլացնէ պատկառելի կերպար մը, որու ձգողականութիւնը անգնահատելի արժէք կը ներակայացնէ՝ սերունդները մեր ժառանգութեան հաղորդ պահելու տեսանկիւնէն:
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցշարքի կազմակերպչական թերութիւնները ամօթալի մակարդակի վրայ:
Երկու ասորի մարզիկներու մասնակցութեան բերումով յառաջացած խնդիրները անկառավարելի հունի մը մէջ մտան՝ կարգադիր յանձնախումբի անհեռատես ու սիրողական քայլերուն պատճառով: Թերթերն ու հեռուստակայաններն ալ արձագանգ կը հանդիսանան ցաւալի իրադարձութիւններուն, որոնք պատիւ չեն բերեր մեր համայնքին
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ անցեալ շաբթուան մէջ հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ընդունուած որոշման, ինչ որ հակազդեցութեան մեծ ալիք մը յառաջացուցած է ամբողջ երկրին մէջ։ Պատրիարքարանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու նկատառման յանձնեցին Ընդհանուր Փոխանորդի նամակին բովանդակութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին հասցէագրուած նամակին թրքերէն բնագիրը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան։ Երէկ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերնախաւին ներկայացուց Արմէն Գէորգեանը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի՝ մասնակցելու համար կռփամարտի երբեմնի աշխարհահռչակ ախոյեան Մուհամմէտ Ալիի յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ 74 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքած հռչակաւոր մարզիկին կորուստը վերջին օրերուն լայն արձագանգ գտած է ամբողջ աշխարհի մէջ՝ խոր ցաւ պատճառելով համայն մարդկութեան։ Մուհամմէտ Ալի երեսուն տարիէ ի վեր կը տառապէր փարքինսոնէ։
Վեզնեճիլէրի մեթրոյի կայարանին մօտ այս առաւօտեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժ մը յարձակման ենթարկուեցաւ:
7 ոստիկան նահատակուեցաւ, 4 քաղաքացի զոհուեցաւ, վիրաւորները դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներէն ներս:
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սփիւռքահայութիւնը լաւագոյնս ըմբռնել կարենալու համար, պատմաբաններ, խմբագիրներ եւ լրագրողներ հարկադրուած կը զգան դիմելու իւրաքանչիւր հայ գաղութի մամուլին, որ շտեմարանն է տեղեկութեանց: Արդ, այդ օգտաշատ աշխատանքը կարելի կը դառնայ եթէ երբեք ի յառաջագունէ զանազանութիւն մը դնենք հզօր եւ նուազ հզօր հայ մամուլ ունեցող այն երկիրներուն մասին, ուր հայեր կ՚ապրին: Շատ փոքր համայնքներ հասկնալիօրէն կը մնան մամուլէ զուրկ, հետեւաբար դիւրաւ կը մոռցուին:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկրի հայութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել անբացատրելի ողբերգութիւններ։ Շաբաթավերջին Հալէպի մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները հրթիռակոծեցին հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի բանջարեղէնի շուկան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են այս ամիս նոր հանդիպում մը ունենալու ուղղութեամբ։ Միջնորդները այս մասին տեղեկացուցին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ անցեալ շաբաթ իրենց ունեցած հանդիպումներէն վերջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Թեհրան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի հրաւէրին ընդառաջ։ Նալպանտեան երէկ ձեռնարկեց Թեհրանի իր ծրագրի գործադրութեան, իսկ այսօր կ՚աւարտէ իր շփումները։
Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Ըստ Էրտողանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց կատարած ցեղասպանութեան վկաները ի կեանս են։
Պերլինի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյին Ավնի Քարսլըօղլուի մասնակցութեամբ Անգարայի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ շրջանի քաղաքականութեան առընչութեամբ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» հիմնարկի դպրոցներուն կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այս ճատրակի մրցաշարքը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ ախոյեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իր լայն առումով «բարեկամութիւն» կը ստեղծուի այն ատեն՝ երբ մէկը իր ինքնամոլութենէն եւ անձնասիրութենէն կը պարպուի եւ կը լեցուի դիմացինին անձովը, կամ կը նոյնանայ անոր հետ։ Արդարեւ ամէն ժամանակներու «ոսկի կանոն»ն է՝ վարուիլ մէկու մը հետ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ մարդ կ՚ուզէ որ ուրիշը վարուի իրեն հետ։
Կետիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի խանդավառ հանդէսը:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան կարեւորեց կրթական կեանքի այս առաջին փուլը՝ ճիշդ դաստիարակութեան համար հիմքեր ստեղծելու տեսանկիւնէն:
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած ներկայ յոբելենական շրջանին երէկ տեղի ունեցաւ հաստատութեան շրջանաւարտներու օրը։ Այս տարի յոբելենական շրջանին զուգադիպած տարեկան հաւաքը ունեցաւ արտասովոր փայլ մը։ Տնօրէնուհի Այտա Գայաէրի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան յայտագիրը, որուն տեւողութեան Սկիւտարի երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներն ալ ստացան յուշանուէրներ
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը անցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտով։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան դպրոցի համալիրէն ներս, ինչ որ անբացատրելի զգացումներ առթեց իրենց։
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ երեկոյթ մը, որ 2015-2016 շրջանին կազմակերպուած գեղարուեստի դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկներուն տարեվերջի հանդիսութիւնն էր։ Անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։