Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նախքան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի Երեւան ժամանելը, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ ընդհանուր շեշտադրումներ կը կատարէր ղարաբաղեան հիմնախնդրի զարգացումներու վերջին փուլին մասին: Բացորոշ է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայ փուլը մտած է քննարկումներու կարեւոր անցումային շրջան մը:
Հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն կ՚ոգեկոչէ իր սրբադասեալ նահատակները:
Ապրիլի 24-ի առթիւ տեղի կ՚ունենան արարողութիւններ՝ ի յիշատակ 1915-ի անմեղ զոհերուն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այս սիւնակին մէջ երէկ անդրադարձած էինք Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ նախընթաց երեկոյեան կազմակերպուած «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ քննարկման։ Շուրջ մէկ տարուան ոդիսականի մը շրջադարձային կէտերէն մին էր այդ հաւաքոյթը։ Արդարեւ, «Քամփ Արմէն»ի հարցը առաջին անգամ համայնքային երդիքի մը տակ արծարծուեցաւ, բնականաբար, վերջապէս...
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Արմաւենի Միրօղլուի։ Ծանօթ է, որ Շիշլիի գերեզմանատունը բացօթեայ թանգարանի մը մթնոլորտը ունի, թէ՛ այնտեղ ամփոփուած տիրական դէմքերու մեծ վաստակին եւ թէ ընդհանուր մթնոլորտի խնամքին տեսանկիւնէն։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վրժ.ի աւարտական դասարանի սաները ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի մականին ներքեւ դպրոցը կ՚արձանագրէ նորանոր նուաճումներ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան յիսնամեակը:
«Հօրս տունը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ մեկնարկային ձեռնարկը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս եռօրեայ համաժողով մը կազմակերպեց Ծաղկաձորի մէջ։ Այս նախաձեռնութեան իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամն ու ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամը։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ, Դիմատետրի (Facebook) էջերէն մէկուն վրայ կարդացի, Հայաստանի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան ըստ իր սովորութեան, հակաեկեղեցական արտայայտութիւն մը ունեցած էր: Կարապետեանի յայտարարութեան տակ, անոր հասցէին վատախօսութիւններ գրառուած էին, որոնք յուշարձանագէտը անվայել անուններով կը կոչէին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նշանադրութեան կը յաջորդէ բնականաբար պսակադրութիւնը։ Արդէն նշանադրութեան նպատակն է պսակադրութիւնը՝ որպէս նախապատրաստութիւն եւ առաջին հանգրուան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որոշեց յետաձգել իր տարածքաշրջանային այցելութիւնը դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ծանօթ է, որ ան պիտի այցելէր Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան եւ յառաջիկայ Երկուշաբթի նախատեսուած էին իր միօրեայ շփումները Երեւանի մէջ։
Ֆրանսուա Օլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Կէորկի Մարկվելաշվիլին:
Ֆրանսա կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ աւարտեց Անգարայի իր շփումները, որոնց շրջագծով տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Այս կապակցութեամբ ընդհանուր քարտուղարը հարցազրոյց մը տուաւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, մինչ այսօր ալ կ՚այցելէ Չեշմէ՝ Եգէականի մէջ գաղթականաց անցքին դէմ սկսած ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն ականատես ըլլալու համար։
Պաշտօնական այցով երէկ երեկոյեան Երեւան ժամանած Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ Սէրկէյ Լաւրով այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ երէկ գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, բազմաթիւ նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ երկրի գիտական աշխարհէն ծանօթ դէմքեր։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Ապրիլի 25-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պիտի իրականանցնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ Հայաստանի առընթեր Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն ազդու եւ լայնածաւալ պայքար մղել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ ռազմաօդային ուժերը դարձեալ ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններ կատարած են Քանտիլի շրջանին մէջ, Հիւսիսային Իրաք։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Եէնս Սթոլթենպերկի հետ մէկուկէս ժամ տեսակցեցաւ դռնփակ:
Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ:
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեցին զօրամասեր:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուրկէ պիտի ուղեւորուի դէպի Պաքու՝ միշտ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի օրակարգով: