Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Նա­զար Հան­չէր կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պալ­քա­նեան մարմ­նա­մար­զի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը։ Թուր­քիոյ Մարմ­նա­մար­զի դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ տասն­վեց երկ­րէ շուրջ եր­կու հա­րիւր մար­զիկ։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­պա գաղ­թա­կան­նե­րու առ­կայ հար­ցը կրնայ յաղ­թա­հա­րել Թուր­քիոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Գար­նա­նա­մու­տին Եւ­րո­պա հաս­նե­լու փա­փա­քով գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը թափ ա­ռած է դէ­պի Թուր­քիոյ Ե­գէա­կա­նի ա­փե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մէն ներս կը շա­րու­նա­կուին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­րէ­կուան հրա­մա­նագ­րե­րով Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին մէջ նոր դէմք մը ընդգր­կուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միոյ «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմ­նա­դիր հան­գու­ցեալ Քըրք Գըր­գո­րեա­նի եւ բո­լոր ա­նոնց յի­շա­տա­կին, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի հե­ռա­ցան կեան­քէն:

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Սու­րիոյ հրա­դա­դա­րը կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յայ­տա­րա­րեց, որ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր առ­մամբ կը պահ­պա­նուի Սու­րիոյ մէջ, հա­կա­ռակ տե­ղի ու­նե­ցած շարք մը դէպ­քե­րուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016

Ար­հես­տի եւ գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խար­հէ ներս միշտ կը փայ­լի Սե­ւան Պը­չաք­ճըի աստ­ղը։ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւնն ալ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ որ­պէս­զի Սե­ւան Պը­չաք­ճըի ա­նու­նը հեր­թա­կան ան­գամ օ­րա­կար­գի վրայ գայ՝ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն հե­տաքրք­րա­կան եւ ինք­նու­րոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նով մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նար­կի մը գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սե­րէն մէկն էր այդ օր Վա­չէն, եւ նախ­քան իր խօս­քին անց­նի­լը՝ ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ ձեռ­նար­կը եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար, սա­կայն նոյն օր «Սու­փըր պոլ»ի խա­ղին պատ­ճա­ռով յե­տաձ­գուած էր այս օ­րուան թուա­կա­նին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ՕՀԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Մեծ պատ­րանք­ներ չու­նե­նանք Սփիւռ­-քի գո­յա­տեւ­ման մա­սին: Ան դա­տա­պարտուած է գե­րեզ­ման մտնե­լու օր մը: Եւ այս՝ ի մեծ դժբախ­տու­թիւն ան­շուշտ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րով­հե­տեւ հայ Սփիւռ­քը այ­սօր իր շնչած չա­փով՝ բա­րիք մըն է հայ հո­գե­կան վե­րել­քին հա­մար, թան­կա­գին այն նպաս­տով, զոր այ­նուա­մե­նայ­նիւ ա­նոր կրնայ բե­րել դեռ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ՍԻԼ­ՎԻ ՊԱ­ԼԵԱՆ

«Ի՛նչ դժուար է սա կա­ցու­թեան մէջ ըլ­լալ: Մէկ կող­մէ կ՚ու­զես մոռ­նալ ան­ցեա­լը, միւս կող­մէ զայն վեր­յի­շե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը զգաս: Կը հարց­նես ինք­զին­քիդ, թէ ո՞ր մտա­ծե­լա­կեր­պը ճիշդ է ար­դեօք. մոռ­նա՞լ ան­ցեա­լը եւ պատ­մու­թիւ­նը, թէ՞ ապ­րիլ հի­մա ու այս վայր­կեա­նին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Հայ­կա­կան ար­դի ե­րաժշ­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ աստ­ղե­րէն Տիգ­րան Հա­մա­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին շատ յատ­կան­շա­կան ու ե­զա­կի հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Կիւմ­րիի մէջ։ 1988-ի երկ­րա­շար­ժով ցնցուած ու տա­կա­ւին վէր­քե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն չսպիա­ցած այս պատ­մա­կան քա­ղա­քէն ներս, Տիգ­րան Հա­մա­սեան լքուած տնա­կա­յին ա­ւան­նե­րէն մէ­կուն մէջ սար­քեց իր հա­մեր­գը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի լա­տի­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րոք հա­մերգ մը։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին Հեն­տե­լի, Վի­վալ­տիի եւ Փեր­կո­լէսի գոր­ծե­րը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նը։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատմական ընդարձակ համալիրէն ներս երկժամեայ անմոռանալի շրջայց մը՝ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Դաշտի վրայ բովանդակալից զրոյց. «Եթէ մեր իսկ կամքով կարգապահութեան մը չհետեւինք, նոր դրութիւն մը չհաստատենք, ապա թրքահայ համայնքի ապագան կրնայ մթագնիլ»:

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց քա­հա­նա­ներ» ա­նուան տակ կը ճանչ­ցուին այն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ ո­րոնք Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մէն (451) յե­տոյ, Ատ­րոր­միզդ մարզ­պա­նի թե­լադ­րան­քով, պար­սիկ­նե­րու Յազ­կերտ Բ.-ի հրա­մա­նով ձեր­բա­կա­լուե­ցան՝ Հա­յե­րու ապս­տամ­բա­կան եւ ըմ­բոս­տա­կան նոր խլրտում­նե­րէն զերծ պա­հե­լու հա­մար եր­կի­րը, եւ տա­րուե­ցան Ա­պար աշ­խար­հի Նու­շա­պուհ բեր­դը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

ՖԻ­ՖԱ-ին կեդ­րո­նա­տե­ղիին` Ցիւ­րի­խի (Զուի­ցե­րիա) մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան ՖԻ­ՖԱ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Ի­լհամ Ա­լիեւ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին սա եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ար­դէն երկ­րորդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյցն էր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Ի­րա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած բա­րե­փո­խիչ­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կած են խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեր­քէ­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա եւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սու­րիոյ մէջ հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղե­ցուց մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ հրա­դա­դա­րը կը յար­գուի ընդ­հա­նուր առ­մամբ։

Էջեր