Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Հար­ցազ­րոյ­ց՝ Ա­ՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ծա­նօ­թու­թիւն, Ի­մա­ցու­թիւն, Լե­զու, սոյն նշա­նա­բա­նի կո­րի­զին վրայ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նուե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման փոք­րիկ հիմ­նարկ մը, որ ե­կաւ փաս­տե­լու այն հան­գա­ման­քը, թէ հա­յե­րէն լե­զուի ան­բա­ժան մէկ մաս­նիկն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ ու­նի դա­րե­րու զար­գաց­ման ըն­թացք ու մա­նա­ւանդ շօ­շա­փե­լի գո­յու­թիւ­նը խարս­խող ծա­ւա­լուն ու հա­րուստ գրա­կա­նու­թիւն՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ գրա­գէտ­նե­րու յար­գար­ժան դրոշ­մով:

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել բոյ­սե­րու այն ցան­կը՝ որ յի­շա­տա­կուած է Սուրբ Գիր­քի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րեց, թէ մի­ջազ­գա­յին ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թիւն չի կրնար լու­ծուիլ ա­ռանց Ռու­սաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան։ Ե­րէկ, Շթայն­մա­յէր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պեր­լի­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Գեր­մա­նիա-Ռու­սաս­տան հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կով­կաս-2015» տա­րե­կան մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ «Է­րե­բու­նի փլա­զա»ի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու նա­խա­ձեռ­նարկն էր յայտ­նի քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան Ա­լեք­սանտր Իս­քան­տա­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Կով­կա­սի կա­ճա­ռը։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Յակոբեան տեսակցեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սփիւռքի մէջ կը շարունակուի բազմակողմանի շարժումը՝ Արցախի զօրակցութեան համար:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Ա­ւան­դա­կան այս հան­դի­պու­մը հան­դի­սա­ցաւ սե­րունդ­նե­րու մեծ ու խան­դա­վառ ժա­մադ­րու­թեան մը թա­տե­րա­բե­մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին միջվարժարանային անդրանիկ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
«Պողազիչի» համալսարանի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ օրուան տեւողութեան ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական բազմաթիւ պարեր:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի շա­բա­թա­վեր­ջին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նով՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ։ Մա­յի­սի 28-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին շրջագ­ծով կա­տա­րուե­ցաւ Շա­հան Արծ­րու­նիի պար­գե­ւատ­րու­մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Սուրբ Էջ­միած­նի բերկ­րա­ռատ տօ­նը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ՝ Տա­ւու­շի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեա­նի։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ շա­բա­թա­վեր­ջին ստո­րագ­րուած հրա­մա­նագ­րին վրայ՝ Տիգ­րան Մկրտչեան նշա­նա­կուե­ցաւ Լիթ­վա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան։ Ան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի սկսի պաշ­տօ­նա­վա­րել Վիլ­նիու­սի մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Լիւս­քեմ­պուրկ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի Քի­լիս քա­ղա­քը շա­բա­թա­վեր­ջին հեր­թա­կան ան­գամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ ար­ձա­կուած հրթիռ­նե­րու թի­րա­խը դար­ձաւ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ար­ձա­կուած եր­կու հրթիռ­ներ ին­կան այս քա­ղա­քը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 65-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին վստա­հու­թեան քուէ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը խորհր­դա­րա­նի վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ՝ 315 ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ տրուած քուէ­նե­րով։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Սարտարապատի յուշահամալիրի տօնակատարութիւններուն:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ Իսթանպուլի առումին 563-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ, հոծ բազմութեան մը առջեւ:

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Հա­յաս­տա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նը։ Երկ­րի բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս հնչեց վեր­ջին զան­գը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը։ Յու­նի­սի 2-ին Պուն­տես­տակ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գիծ մը, ո­րուն մէջ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը կը բնո­րո­շուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ե­թէ այդ բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նուի, ա­պա Պեր­լին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած պի­տի ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բոյ­սե­րու տե­սակ­նե­րը միշտ կա­րե­ւոր տեղ մը գրա­ւած են մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ՝ թէ՛ որ­պէս սնունդ եւ թէ խորհր­դա­նիշ այլ եւ այլ գա­ղա­փար­նե­րու, խոր­հուրդ­նե­րու։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապրուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ելն ի Վի­րա­պի տօ­նին, Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան եւ հիմ­նադ­րու­թեան 181-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հեր­թա­կան գի­տա­կան խրախ­ճան­քը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս ծրա­գի­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կեան­քի կը կո­չուի հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն եւ ար­դէն ստա­ցած է ա­ւան­դա­կան բնոյթ մը։

Էջեր