Արխիւ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերջնագիր տուաւ զինեալներուն:
«Սասնայ ծռեր»ու երկշաբաթեայ ոդիսականի եզրափակիչ փուլին ոստիկան մը եւս զոհուեցաւ:
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին կազմը փոխուեցաւ կառավարութեան որոշմնագրով:
Ժողովրդավարութեան հերթապահութիւնը այս շաբաթավերջին գագաթնակէտին պիտի հասնի Իսթանպուլի մէջ: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու այսօր կը տեսակցին՝ 15 Յուլիսէն ի վեր երկրորդ անգամ:
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային բարերար Վրթանէս Սաաթճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան համայնքային հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք փութացած էին արտայայտելու իրենց վերջին յարգանքը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքի եզակի փուլէն մին:
Բազմատասնեակ երիտասարդներ գրեթէ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան խտացեալ ձեւով շփուեցան հայերէնի հետ՝ բառ-խաղի շնորհիւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք եւ խորհրդածենք կեանքի մասին։ Բնական պէտք է համարուի կեանքին մասին այսքան խորհիլ եւ խօսիլ, քանի որ մարդուս ամէն պահը ապրում մըն է, այսինքն կեանքի վայելում։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Տանֆորտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։
Հաքքեարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ երէկ անջատողական ահաբեկչութեան ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամները յարձակեցան անվտանգութեան ուժերուն վրայ, որոնք կը վերահսկէին ճանապարհը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ մէկ անգամուան համար ետ կը քաշէ այն բոլոր դատերը, որոնք բացած է իրեն դէմ կատարուած անարգանքներուն համար։
Երեւանի մէջ ծագած դէպքերուն վրայէն վաղը երկու շաբաթ անցած պիտի ըլլայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին օրակարգը կը բնորոշուի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կեդրոնացած է հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (ՅԱԿՈԲ. Բ 26)։ Եւ ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, չի բաւեր բարիին մասին խորհիլ, բարին խօսիլ, այլ եւ մանաւա՛նդ պէտք է բարի գործել՝ մտածումը եւ խօսքը գործնականի վերածել։
ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը բոլոր դարերուն եղած է աշխարհաճանաչ՝ իր ստեղծած մշակութային անանց արժէքներով, արուեստի գլուխ գործոցներով, հոգեւոր դաշտի անհատնում գանձերով:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Գիրքը պայքարներու յաջորդականութեանբ օղակուած ընթացք մըն է՝ յանուն յաւիտենական կեանքի իրագործումի:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Տեսողական արուեստի բնագաւառին մէջ՝ գեղանկարչութիւնը հինէն ի վեր մեծապէս գնահատուած եւ փնտռուած մարզ մը եղած է։ Աւանդական ըմբռնումով, գեղանկարչութիւնը կ՚ըլլայ կտաւի վրայ՝ իւղաներկով կամ ջրաներկով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մենք փրկուելու խնդիր չունինք։ Մենք ունինք ապրելու խնդիր, սորվելու, աշխատելու, ստեղծագործելու, զարգանալու, աշխարհի հետ քալելու խնդիր։ Զէնքով կարելի է փրկուիլ, բայց նաեւ կարելի է կորսնցնել։ Վերջին հաշուով, զէնքը գործիք մըն է, որ ինչքան ալ՝ ահաւոր, ունի սահմանափակ հնարաւորութիւններ։ Մեզի պէտք են անսահման հնարաւորութիւններ»:
Հիմա եթէ արիւն թափի, ի՞նչ պիտի ունենանք…
Տիգրան Պասկեւիչեան. «Ժողովուրդը երեւակայական ներուժ մըն է։ Այս ներուժի հարցին վերաբերեալ նման քայլերու դիմողները միշտ ալ կը սխալին։ Նման հզօր, տպաւորիչ գործողութեան երթալ՝ հաշուած չըլլալով յաջորդ քայլերը, ահաւոր կը բարդացնէ վիճակը։ Պետութեան ղեկավարը Սերժ Սարգսեանն է եւ ուրիշ ոչ ոք այս գործընթացին վրայ ազդելու որեւէ լծակ ունի»:
«Ռիօ-2016»ի ողիմպիական խաղերուն մեկնելէ առաջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան խօսեցաւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընելիքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին:
Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, Յուլիսի 14-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն պաշտօնապէս դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:
Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած թատրոն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս կը կարեւորուի Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սուրիոյ կարգ մը հայաշատ շրջանները։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն Սուրիայէ ներս ծագած ներքին պատերազմը չափազանց ծանր կացութիւն յառաջացուցած է այդ երկրի հայ համայնքին տեսակէտէ։