Արխիւ
Քուպայի նախկին ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրօ մահացաւ 90 տարեկան հասակին։ Ան եղած էր Հարաւային Ամերիկայի գլխաւոր յեղափոխականներէն մին։
Հանր. նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ:
Անգարա եւ Մոսկուա կը ջանան լուծում մը գտնել՝ Հալէպի առկայ մարդասիրական տագնապին համար:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աւելի քան հարիւր տարիներ անցած են Մեծ եղեռնի դժխեմ տարիներէն, որոնց յիշատակը տակաւին սպիացած վէրքի նման է հայ ազգի զաւակներուն սրտին մէջ, առանց կարենալ մոռնալու այն զարհուրելի օրերը, որոնք արմատախիլ ըրին հայ ժողովուրդը իր հայրենիքէն, դարձնելով զինք թափառական հայ։ Երեւակայեցէք ցնցոտիներու մէջ փաթաթուած, ոտաբոպիկ, անօթի, ծարաւ, հիւծած հայորդիներ, որոնք բախտաւոր եղան փրկուելու Եղեռնի ճիրաններէն, հասան սուրիական, իրաքեան եւ հարեւան երկիրներու անապատները, արմաւով մը, բարեսիրտ արաբ հիւրընկալին կամ այն «պէտէուիին» սեղանի փշրանքներուն աւելցուքներով սնելու համար, որպէսզի կարենան ապրիլ եւ գոյատեւել։ Դժբախտաբար այսօր՝ համայն աշխարհի աչքերուն առաջ, նոյն բանը կը կրկնուի Սուրիոյ մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ վերադարձին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ցաւ յայտնեցին այն պնդումներուն շուրջ, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուած է Պոլսոյ Աթոռի իւղանկարներէն մին - Նորին Սրբութիւնը, իրականութեան մէջ, յամառ պայքար կը մղէ Պատրիարքարանի գոյքը վերադարձնելու համար:
28 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ, Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքի «Լոքոմոթիւ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյենութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս խորագրին տակ՝ պիտի ներկայացնեմ իրական կեանքէ առնուած եր-կու դրուագ, որոնք վստահ եմ պիտի ապշեցնեն ձեզ։
Երեւանի «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց խորհուրդը Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրով համաժողով մը: ՀԲԸՄ-ի երեւանեան մասնաճիւղի դահլիճին մէջ, Նոյեմբերի 26-ին տեղի պիտի ունենայ սոյն համաժողովը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն»ին կարեւորութիւնը իր իմաստին մէջն է, անունը, արդարեւ, կը նոյնանայ «անձ»ին հետ եւ կը կազմէ «ինքնութիւն» եւ այս կերպով անունը արժէք կը ստանայ։ Անհատը «ի՛նք» է իր կրած անունով եւ ինչո՞ւ չէ՝ իր անուան իմաստո՛վ։
Երուսաղէմէն եւ Ամսթերտամէն ուղարկուած գրութիւնները կը հերքեն տխուր զրպարտութիւնները:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ եթէ իսկապէս Բեթղեհէմի վանքէն գողութիւն մը կատարած ըլլար աշակերտութեան տարիներուն՝ ապա բացարձակապէս վկայուած չէր կրնար ըլլալ Ժառանգաւորաց վարժարանէն:
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտը մասնակցեցաւ «Մանրածախութեան օրեր 2016»ին:
Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կը մատնանշէ ներկայիս աշխարհի հասած նուրբ կէտը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պատճառ դարձած է այնպիսի իրավիճակի մը, որ անկարելի է յառաջընթաց ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը պիտի հաստատէ Թուրքիոյ մօտ:
Նեչիրվան Պարզանի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ՝ տարածքաշրջանի զարգացումներուն շուրջ:
Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Ատրպէյճանին»:
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ հանապազ զօրակցութիւնը հայցեց իր հոգեւոր եղբօր համար:
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու ոգեկոչման հադիսութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ոսկեբերան եկեղեցոյ հովիւ եւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նէրկայացուցիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ ծագումով գրող, երգիծաբան Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւնները վերջին տարիներուն առանձնակի ընդունելութիւն գտած են Հայաստանի մէջ: