Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազգերու կեանքին մէջ կը գտնուին շրջաններ եւ դէպքեր՝ որոնք իմաստ կը ստանան եւ կը դառնան պատմութեան առանցքը, մեկնակէտը, էութեան պատճառը եւ կեանքին նպատակը։ Ինչպէս անհատական, նոյնպէս ընկերային կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման համար կենսական դրոշմներ են այդ շրջանները եւ կամ դէպքերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բայց մինչեւ այս բանակին երկիր հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան համբաւը հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուցած։ Մինչ վիճակաւոր եպիսկոպոսներն ալ իրենց վիճակները վերադարձած էին, քորեպիսկոպոսները՝ գիւղերն ու աւանները, եւ կը դրդէին թէ՝ գիւղացիները եւ ազատները պէ՛տք է պաշտպանեն եկեղեցին իրենց հաւատուրաց իշխաններուն դէմ՝ կռուին եւ պատժեն զանոնք։
Օքսֆորտ համալսարանի եւ Պրիթիշ Քաունսըլի համատեղ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ֆրանսախօս վարժարաններու ուղղագրական, բանաւոր եւ գրաւոր հարցաշարքերուն պատասխանելով՝ լիբանանահայ Ալեքս Պուտաքեան հանդիսացած է երկրորդ մրցանակակիր:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս այցելեց Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա յայտարարեց, որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական գործողութիւնները քանի մը օրուան ընթացքին պիտի աւարտին Ճիզրէի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի իր շփումները տեղի պիտի ունենան այս ամսուան կէսերուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Եդուարդ Նալպանտեան մօտակայ օրերուն նոր հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
ՀԲԸՄ կը ձգտի ընդարձակել իր ազգային առաքելութեան ծիրը եւ գործելաոճի զարգացման ուղղութեամբ հետամուտ է նոր քայլերու։
Ռուբէն Վարդանեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան. «Ուրախ եմ, որ այս ընտրութիւնը յատկանշական քայլ մը կը հանդիսանայ՝ ի նպաստ մեր նախաձեռնութիւններուն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քսաներորդ դարու հայ տաղանդաւոր գեղանկարիչներուփաղանգին մէջ իր ուրոյն պատուանդանը ունի Յովսէփ Կարալեան (1897-1981), որուն ծննդեան 119-րդ տարեդարձը կը նշենք Փետրուար 1-ին։
Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայոց բազմակողմանի կարիքներու դիմագրաւումը միշտ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս առումով երէկ Երեւանի մէջ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։
Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակութեան առթիւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ նոր հոգեւորականներու ձեռնադրութիւն:
Թուրքիոյ օրակարգին վրայ մշտական տեղ կը զբաղեցնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով անվտանգութեան ուժերուն կողմէ յառաջ տարուած լայնածաւալ գործողութիւնները։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ դարձեալ ցաւալի լուրեր հասան Տիարպաքըրէն։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Մեր սրտերն ու դռները բացինք այն մարդոց առջեւ, որոնք խոյս կու տան ռումբերէն»:
Հանրապետութեան նախագահը Շիլիի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Լատին Ամերիկայի եւ Գարիպեաններու Տնտեսական յանձնաժողովի նիստին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Իսթանպուլ այցելեց խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան երդիքին տակ սկսաւ նարտի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին։ Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան աւանդական ձեռնարկներէն մին է այս մէկը։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս երէկ գումարուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 37 անդամներէն 24-ը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օքսֆորտի համալսարանի գրադարանը, իր կարգին, կը համարուի առանձին ու շատ կարեւոր գիտահետազօտական կեդրոն մը:
Հինգ մասնաշէնքերու մէջ տեղակայուած համալիրը կը ցոլացնէ հնագոյն անկրկնելի ճարտարապետութեան մը հետքերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ թէեւ Հայաստան պարսիկներու հպատակ էր եւ հարկատու, բայց «ներքին ազատութիւն» կը վայելէր. երկիրը կը կառավարուէր հայ մարզպանով (մարզպան= պարսից արքայի ներկայացուցիչ՝ կուսակալ, նահանգապետ), զինուորական ուժը ամբողջապէս հայ նախարարներու ձեռքն էր, եւ քրիստոնէական եկեղեցին բարձր դիրք գրաւած էր։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստան այնպիսի դրութեան մէջ էր, որ միացեալ ուժերով միշտ կարող էր ազա՛տ ըլլալ պարսից տէրութենէն՝ եթէ մանաւանդ յունաց օգնութիւնն ալ ստանար։
Երբ Լեւոն Արոնեան կը քայլէ իր հարազատ Հայաստանի փողոցներուն մէջ, բոլորը անոր կը ժպտին, կը ստիպեն, որ ճաշարանին մէջ չվճարէ, ծնողները իրենց երախաները անոր անունով կը կոչեն: Հայ շախմատիստ Լեւոն Արոնեանի մասին գրած է CNN-ը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան վերջերս մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ առաջնորդութեան կողմէ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը։