Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ գրականութեան ակունքներուն, կենսայորդ իր բխումով, անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ եւ բարձրարժէք արուեստի անսպառ աղբիւր է հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը, որ ծնունդ տուած է անմահ տաղասացներու, աշուղ-երգիչներու եւ հանճարեղ բանաստեղծներու մեր ազգային համաստեղութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս նորոգումէ ետք, նորացուած ցուցադրութեամբ Երեւանի մէջ իր դռները բացաւ ինքնատիպ ու իւրօրինակ թանգարան մը՝ Միջին Արեւելքի թանգարանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Կարեւորը եւ կարեւորին արժէք տուողը՝ «ունեցած»ին քանակին վրա՞յ է, հապա՝ «տրուած»ին քանակին վրա՛յ։ Աւելի պարզ ըսենք. ո՞ր մէկը արժէք կը ներկայացնէ՝ որեւէ բան ունենա՞լ, թէ ունեցածը տալ՝ բաժնել ուրիշներու հետ։ Եւ եթէ «բարիք» ըսուածը ուրիշին օգտակար ըլլալ կը նշանակէ, ապա ուրեմն կարեւորը ո՛չ թէ ունենալ, այլ՝ տա՛լն է։
Ֆրանսական We Demain ամսագիրը աշխարհի ամենանորարար դպրոցներու տասնեակի վարկանիշ կազմած է: Առաջին տեղը Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութիւններու կեդրոնն է:
Սուրիոյ մէջ այս օրերուն կը պատրաստուին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, եւ օրէնսդիր մարմնին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու գործընթացէն անմասն չէ նաեւ հայկական համայնքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը մեկնարկած է մէկ օր առաջ, իսկ ընտրութիւնները պիտի կայանան Ապրիլ 13-ին:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահներէն Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութեան մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գտնուիլը կը նշանակէ Սփիւռքի մէկ մասին ներկայութիւնը։ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մուրատ Փափազեան նշեց, թէ լաւ երեւոյթ մըն է՝ համահայկական բնոյթով այդ կուսակցութեան կառավարութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալը։
Սուրիացի փախստականներու խնդիրներուն ձօնուած բարձր մակարդակով միջազգային հանդիպում մը:
Ըստ Նալպանտեանի, նման մեծ մարդասիրական ճգնաժամերու յաղթահարման համար անհրաժեշտ է համախմբում:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
1651 թուականին Փիլիպպոս Կաթողիկոս (1632-1655) Պոլիս գտնուած միջոցին՝ Եղիազար Պատրիարքը (1651-1652) պատրիարքութենէ հեռացուցած էր եւ անոր տեղ Յովհաննէս Դ Մուղնեցին (1652-1655) Պատրիարք կարգած էր։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ, ստամոքսի բաւական լուրջ անհանգստութիւն զգացի։ Կասկածներս կը տարուբերէին պաղառութեան եւ ճաշի հետեւանք՝ թեթեւ թունաւորումի միջեւ։ Թէյ, տնային դարմանումի միջոցներ… արդիւնք չտուին։ Հեռաձայնեցի բժիշկիս, որ նոյն օրն իսկ ժամադրութիւն մը ճշդեց։
Զէքիեան Գերապայծառի ջանքերով երեկոյթ մը՝ «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ կազմակերպուած շահեկան ձեռնարկ մը։
Շիշլի մարզակումբը Ս. Զատկի առթիւ խրախճանք մը կազմակերպեց իր մարզական դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար։
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ երէկ օրուան տեւողութեան Պատրիարքարանի երդիքին տակ ընդունուեցան բազմաթիւ հիւրեր:
Քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները շնորհաւորութիւններ յղեցին մեր համայնքին:
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը յառաջիկայ շրջանին պիտի ենթարկուի վերանորոգութեան։ Համաքրիստոնէական կարեւորագոյն սրբավայրերու շարքին կը դասուի Ս. Յարութեան տաճարը, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ կը գտնուի Տէր Յիսուսի Լոյս Գերեզմանը։
Եգիպտական օդային ընկերութեան երէկ առեւանգուած օդանաւին վերաբերեալ դէպքը աւարտին հասաւ՝ բարեբախտաբար առանց զոհի։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան այս օրերուն Ռումանիա կ՚այցելէ՝ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Օգտուելով դէպի Պուքրէշ այցելութեան հնարաւորութենէն՝ Սելինա Տողան շփումներ ունեցած է նաեւ ռումանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ ու լուրջ կոչով մը։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմախարիսխներու անձնակազմին ընտանիքները հեռանան երկրէն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վճռական վերաբերմունք ցոյց կու տայ այն գայթակղութեան պնդումներուն շուրջ, որոնք վերջերս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին լրատուամիջոցներուն մօտ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Մասաչուսեցի նահանգէն ներս երէկ շարունակեց գործադրել իր ծրագիրը, որ յագեցած էր կարեւոր հանգրուաններով։
«Նուրսանլար հոլտինկ»ը տարեկան ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ է արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 8-րդ դարուն արաբական Օմայատներու կայսրութիւնը (661-750) աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւնն էր եւ ստեղծած էր արուեստի, գրականութեան, ճարտարապետութեան եւ գիտութեան հարուստ ժառանգութիւն մը։