Արխիւ
Ազգային մեծանուն ու անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 147-րդ տարեդարձը Մարտի 23-ին նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներու թարմացման։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուց, թէ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհորդը որոշած է Պատրիարքարանին յանձնել երբեմնի գերեզմանատան տարածքի մակերեսի գործածութեան իրաւունքը։
Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ արծարծուեցաւ թրքահայութեան երիտասարդաց կառոյցներուն կացութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին համայնքային վարիչներու ներկայութեամբ ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց ազգապատկան կարգ մը կարեւոր կալուածներու ընդհանուր վիճակին շուրջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2016-ին, «Եւրոպայի սիրտը»ը համարուող Պրիւքսէլը հարուածած ահաբեկչութիւնը սպասելի էր: Տասն օր առաջ Սալահ Ապտըլ Սալամը ձերբակալած Պելժիոյ ապահովական ուժեր ձախողեցան երկիրը անվտանգ պահելու իրենց վստահուած գործին մէջ:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր պիտի մնայ շուրջ շաբաթ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքական Աթոռը պիտի ներկայացնէ Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի նիստին ընթացքին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութեան ընթացքին մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի։ Հարկ է նշել, որ տաղաւարի նախորդող օրերուն լրատուամիջոցներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ մտած էին լսումներ եւ պնդումներ, ըստ որոնց տօնական օրերուն ահաբեկչութիւններու թիրախ պիտի դառնային փոքրամասնութեանց սրբավայրերը։
Թրքահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման:
Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս սոսկ պատմական դէմք մը չէ, այլ անժամանակ յաւիտենականութեան մէջ յարակենդան եւ գործօն անձնաւորութիւն մը։ Ան «կենդանի Աստուծոյ Որդին»՝ Ինք կենդանի Աստուած է։ Յիսուս հաստատեց այս ճշմարտութիւնը.
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յա-րութեան տօնին առթիւ։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Յարեար ի մեռելոց Քրիստոս,
Այսօր զդոժխս աւերեալ,
Եւ կենդանութիւն պարգեւեցեր
Արարածոց քոյով յարութեամբդ»
(Շարական)։
«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն վերջնական նպատակը եւ գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ լուծումը։
Այսօր կէս գիշերին պիտի սկսի ամրան ժամու դրութեան գործադրութիւնը։ Ժամը՝ 03.00-ին ժամացոյցները պիտի առնուին ժամ մը առաջ։ Ուժանիւթի խնայողութեան համար կը կատարուի այս կարգադրութիւնը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։
Տաղաւարի օր մը դարձեալ... Սուրբ Զատիկը կը թակէ մեր դռները։ Հայաստենեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան հոգեւոր հրճուանքով համակուած է՝ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Համայն քրիոտոնեայ աշխարհը տօնական ցնծութեան մէջ է, իսկ այդ ուրախութեան մէջ անպակաս՝ խաղաղութեան մաղթանքը համայն աշխարհին համար։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկի տօնի առթիւ սովորութիւն է եւ ժողովրդական-մշակութային աւանդութիւն՝ հաւկիթ ներկելը, ձուախաղը կամ հաւկիթներ իրար զարնելով մրցելու սովորոյթը։ Արդարեւ Զատկի տօնը եւ հաւկիթը կարծես նոյնացած է թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքէն ներս եւ այս սովորութիւնը, սերունդէ սերունդ շարունակուելով «աւանդութեան» արժէք է ստացած։
- Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուցին ՓՔՔ-ի դէմ գործողութիւններ։ Ռազմաօդային զօրքերը ոչնչացուցին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան 11 թիրախները։
29 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Դանիա մրցումը, որ կը գտնուի Եւրոպայի քսանմէկ տարեկանէն վար 2017-ի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
ԱՅՏԱ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ-ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի մօտեցումի ձեւ մը առ Աստուած: Ոմանք առանձնանալով կը ջանան կեդրոնանալ ու խոկալ, ոմանք ալ արտասանութեան ձեւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սորված են իրենց մեծերէն, յաճախ չհասկնալով իմաստը իրենց ըսածին:
Վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արցախի Տնտեսութեան փոխ-նախարար Սէրկէյ Շահվերտեան։