Արխիւ
Մայրենիի համաշխարհային օրուան շարժառիթով երիտասարդներու հետ ոգեւոր հաւաքոյթ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Էսաեան վարժարանին մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Նեխած հոգիներու եւ բթացած ուղեղներու տէրերը, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը, թող իրենց գերբեռնաւորուած վիճակէն դադար առնելով` իրենց ուիսքիի, վոտքայի ու արաբական սուրճի բաժակները վայրկեան մը վար դնեն ու աչքերնին սեւեռեն այս չամբողջացած հնգամեայ տեղեկագիր-հաշուետուութեան վրայ ու շարունակեն իրենց հաճելի պահը: Կանխաւ ներողութիւն կը հայցեմ, որ իրենց ըմպելիքին մէջ լեղի կաթեցուցի:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի երաժշտական արուեստն ու բարձրարժէք ժառանգութիւնը համաշխարհային ճանաչման ու գնահատման արժանացնելու նուիրական գործին մէջ կ՚առանձնանայ անունը Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի (1853-1902), որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Մարտի 2-ին։
Մարդկային առօրեան, որքան ալ ըլլայ ծանրաբեռնուած, երբեք ի վիճակի չէ ազդելու բնութեան վրայ։ Բնութիւնը ունի իր թափը, իր հոսքը... Մարդկութեան երթը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ո՛ր մէկ ժամանակին ի՛նչ առաջնահերթութիւն որ ալ ըլլայ, վերջին հաշուով՝ բնութիւնն է, որ կը պարտադրէ ամէն ինչ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարգ մը հաւատացեալներ սրբադասուելով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը, եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։
Ատամնաբոյժ Մկտրիչ Կիւլէզեան նախընթաց օր այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտները։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Անգարայէն համալսարանականներու խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին «Հաճէթթէփէ» համալսարանէն ուսանողներ։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1965-ին մայրս կ՚աշխատէր պանդոկի մը մէջ:
Չկարծէք՝ ընդունարանին (réception) կամ piano bar-ին մէջ իբրեւ նուագածու, որովհետեւ մայրս ո՛չ ուսում ունէր, ո՛չ ալ դաշնակ նուագել գիտէր. պարզապէս սենեակները կը մաքրէր, հակառակ որ լաւ անգլերէն գիտէր, նամակ գրելու չափ, բայց կ՚աշխատէր համեստ գործեր: Կ՚աշխատէր զիս մեծցնելու համար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրի այցելող հիւրերը իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի քաղաքի կեդրոնը՝ Յաղթանակ պողոտային վրայ գտնուող տեսարժան վայրերէն մէկը՝ Ձիթողցոց տուն, որ կը նկատուի Կիւմրիի այցեքարտերէն մին: Կարմիր եւ սեւ քարերէ շինուած այս գեղեցիկ տունը՝ Ձիթողցոց տունը, թանգարան է, որ կը կոչուի Կիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սորվելու ամենամեծ արգելքն է՝ ամէն բան կատարեալ եւ անթերի գիտցած ըլլալ կարծել։ Արդարեւ ամէն մարդ ամէն մէկէ եւ մի՛շտ սորվելիք նիւթեր ունի, եւ սորվիլը անսահման ծովու մէջ լողալու կը նմանի։
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր իր ելոյթը։
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս վերաձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը աւելի մեծ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ աշխարհի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ, մասնաւորապէս այն ամէն ինչին համար, որ կը կատարուի Եւրոպայի սահմաններէն դուրս։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ գործողութիւնները կը շարունակուին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակին մէջ պատահած բախումներուն ընթացքին նահատակուեցաւ երեք զինուոր։
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի «Հայաստան+28» ձեւաչափով ժողովին ընդառաջ:
Ճանըթըն Փերիշի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ ուշագրաւ որոշում:
Հալէպի բնակիչներուն ընթացիկ կեանքը կը շարունակուի կենցաղային դժուարութիւններով: Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը սկսած են բռնել Գանատայի ճամբան:
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն:
Յակոբ Աւետիքեան պարգեւատրուեցաւ «Յակոբ Մեղապարտ» մետայլով Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վաղը պիտի այցելէ Թեհրան։ Իրանի Նաւթի փոխ-նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Մուկատամ յայտարարեց, որ Տավուօղլուի այցելութեան ծրագիրը նախատեսուած է երկու օրուան ձեւաչափով։
1 Մարտ 2008 թուականին պատահած դէպքերը կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը:
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու երէկուան հանրահաւաքին յաջորդեց բողոքի երթ մը:
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։