Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Օ­գոս­տո­սի 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցով ժա­մա­նեց Հնդկաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն՝ Կալ­կա­թա­յի Հա­յոց Մար­դա­սի­րա­կան ճե­մա­րան: Ճե­մա­րա­նէ ներս այժմ կ՚ու­սա­նին յի­սուն­հինգ սա­ներ Հա­յաս­տա­նէն, Ի­րա­քէն եւ Ի­րա­նէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, 20 Օ­գոս­տոս 2016, Ուր­բաթ, Է­լա­զը­ղի կու­սա­կալ Մու­րատ Զօր­լուօղ­լուին ուղարկեց ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ մը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի «Ճա­նա­չի՛ր հայ­րե­նիքդ-2016» ա­մառ­նա­յին չոր­րորդ ճամ­բա­րը՝ տասն օ­րուան ըն­թաց­քին՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած է տեղ­ւոյն հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն այ­ցե­լե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­րե­ւո­րա­գոյն պատ­մամ­շա­կու­թա­յին եւ բնու­թեան յու­շար­ձան­նե­րը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող Աչ­քի խնամ­քի հայ­կա­կան ծրա­գրի (The Armenian EyeCare Project) 52-րդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած է միամ­սեայ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցով, յա­ջո­ղու­թեան նոր էջ մը ա­ւել­ցու­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան­հինգ տա­րի ա­ռաջ հիմ­նուած սոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Սփիւռ­քա­հայ մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ, մշա­կոյ­թի անն­կուն գոր­ծիչ Ժագ Յա­կո­բեա­նի ծննդեան դա­րա­դար­ձը ու իր բե­ղուն վաս­տա­կի 80-ա­մեա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս պի­տի նշուի յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 30-ին, Կլեն­տէյ­լի, Գա­լի­ֆոր­նիա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, «Փրիս­պի­թե­րիըն» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

«Ռէօյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Ար­ժան­թի­նի դա­տա­րա­նը սկսած է հե­տաքն­նել բա­նաս­տեղծ Ֆե­տե­րի­քօ Կար­սիա Լոր­քա­յի 18 Փետրուար 1936 թուականի սպա­նա­կան Կրա­նա­տա քա­ղա­քին մէջ մա­հուան հան­գա­մանք­նե­րը:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ պի­տի ա­ւար­տի իր ղե­կա­վա­րած հաս­տա­տու­թեան մօտ ի պահ դրուած ժա­պա­ւէն­նե­րուն թուայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քը։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

Թուր­քիա եւ Վրաս­տան հա­մա­ձայ­նե­ցան Քուռ գե­տի վրայ ջրաե­լեկտ­րա­կա­յան մը կա­ռու­ցե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

ԱՄՆ կը խրախուսէ Հայաստանի համարկումը՝ Հարաւային Կովկասի ուժանիւթի համակարգին մէջ:
Ուաշինկթըն կողմնակից է քայլեր առնել՝ որպէսզի նուազի Երեւանի կախուածութիւնը Մոսկուայէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016

​Երեւանի Մատենադարանէն ներս յառաջ կը տարուին ռազմավարական նշանակութեամբ նախագծեր:
Տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան կը մատնանշէ բնականոն հուն թեւակոխած հայագէտներու սերնդափոխութիւնը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս մարդ­կա­յին բո­լոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, հա­ւատ­քի մէջ ալ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է ա­նոր կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար։ Ար­դա­րեւ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար պէտք է ջա­նա­դիր ըլ­լալ՝ աշ­խա­տիլ, բայց չի բա­ւեր ա­սի­կա, այլ պէտք է յա­րա­տե­ւել, աշ­խա­տիլ ա­ռանց վհա­տե­լո՛ւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Փե­քի­նի մէջ, Չի­նաս­տան, վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րուան նուի­րուած «Ամ­բողջ աշ­խար­հի ե­րա­խա­նե­րու բա­րե­կամու­թիւ­նը» խո­րա­գեալ մա­նուկ­նե­րու նկար­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Ինչ որ մար­դու կը վե­րա­բե­րի, ամ­բող­ջու­թեամբ կա­րե­լի է վե­րագ­րել նաեւ կեն­դա­նա­կան (ա­նաս­նա­կան) աշ­խար­հի: Կ՚ը­սենք հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն. մի­թէ՞ ան­տա­ռի ա­նա­սուն­նե­րը չու­նին ի­րենց հայ­րե­նի­քը… ու եր­բեմն զի­րար խա­չա­ձե­ւե­լով՝ նաեւ մա­հա­ցու մար­տեր կը մղեն ի­րարու մի­ջեւ, երբ ի­րա­րու սահ­ման­նե­րը աս­պա­տա­կած են, քա­նի որ ա­մէն ա­նա­սուն ինք կը գծէ իր սահ­մա­նը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

ՈՉ՝ ԾԱ­ՓԱ­ՀԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ…
Ծա­փա­հա­րու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քա­ջա­լե­րել եւ խրա­խու­սել հան­դէս ե­կող ա­րուես­տա­գէ­տը։ Ան իր մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­ժե­ւորու­մը կը տես­նէ ծա­փա­հա­րու­թեան ո­րա­կին՝ ո­րո­տըն­դոստ կամ յոտն­կայս, եւ տե­ւո­ղու­թեան մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ վերջին օ­րե­րուն դար­ձեալ օ­րա­կարգ կը դառ­նար խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թեան հար­ցը: 
Մինչ տար­բեր լրագ­րող­ներ խնդրին մա­սին գրե­լով կար­ծիք կը յայտ­նէին, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան ժամ­կէտ­նե­րով յա­ռա­ջի­կայ՝ 2017 թուա­կա­նի ամ­րան սկիզ­բին ըլ­լա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ պի­տի յե­տաձ­գուին, ան­դին Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րի կը յայ­տա­րա­րէր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­յա­ցուին ճիշդ ժա­մա­նա­կին եւ ո­րե­ւէ յե­տաձ­գում ար­դա­րա­նա­լի կամ ըն­դու­նե­լի չէ: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի, Ար­ժան­թին, Ս. Գրի­գոր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին նե­րա­ռուած է քա­ղա­քի զբօ­սաշր­ջա­յին շրջայ­ցի պաշ­տօ­նա­կան ծրա­գի­րին մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Հա­յաս­տա­նի Գա­ւա­ռի եւ Հրազ­դա­նի բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ա­մե­րի­կա­ցի բժիշկ­ներ կա­մա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն կը կա­տա­րեն՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան եւ Քան­զաս նա­հան­գի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

«Այ.Էյ.Պի.»ի Վար­չա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ ա­մառ­նա­յին դպրոց՝ պա­տա­նի ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հա­մար» ծրագ­րի ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի 12-16 տա­րե­կան քսան ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լած են «Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր գրա­սե­նեա­կը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Թուր­քիա վեր­ջին օ­րե­րուն խոր ցաւ կ՚ապ­րի ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան տմար­դի եւ ա­րիւ­նա­լի յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւան­քով։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն եր­կի­րը մեծ ցնցում ապ­րե­ցաւ Է­լա­զը­ղէն հա­սած լու­րե­րուն հե­տե­ւան­քով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

​Արմէն Մուրատեան տեսակցեցաւ Ժան Փիէռ Պէրպէրեանի հետ, որ այցելեց Երեւան:
Ֆրանսահայ յայտնի բժիշկը յաջորդ ամիս իր երեսուն պաշտօնակիցները պիտի առաջնորդէ Հայաստան:

Էջեր