Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ZİBEÇ-ի ըն­տա­նի­քին ա­մա­նո­րեան խրախ­ճան­քը։ Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան ZİBEÇ-ի ա­շա­կերտ­նե­րը, ծնող­նե­րը, մաս­նա­գէտ­ներն ու վար­չա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը 2015 թուա­կա­նին սկսած է հայ­կա­կան շար­ժան­կար­նե­րու թուայ­նաց­ման: Այս մա­սին մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ար­թուր Պօ­ղո­սեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ սերպ ե­րա­ժիշտ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա եւ «The No Smoking Orchestra» ժո­ղովր­դա­կան-ռաք խում­բը հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցան «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րի եր­դի­քին տակ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Սերժ Սարգսեան. «Մենք 2016 թուական կը մտնենք մեծ յոյսերով եւ ծրագրերով, միեւոյն ժամանակ բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ մեր խնդիրները տակաւին լուծուած չեն եւ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք՝ որպէսզի մեր երկիրը դառնայ մեր երազածին նման»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան 2015-ի գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ մամլոյ ասուլիսով մը:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Այսօր բազմաթիւ համայնքներու մօտ հայերէնը կը զիջէ դիրքերը»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​19 Դեկ­տեմ­բե­րին Դա­մաս­կո­սի Ճա­րա­մա­նա շրջա­նին մէջ կը սպան­նուէր «Հիզ­պուլ­լահ»ի կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մարուած պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին՝ Սա­միր Քըն­թա­ր: Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ նոյն լու­րին կա­պակ­ցու­թեամբ կը հա­ղոր­դէին, որ իս­րա­յէ­լեան օ­դա­յին հա­րուա­ծով սպան­նուած Քըն­թա­րի հետ նոյն­պէս կը զո­հուէին ի­րան­ցի տասնմէկ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը դարձաւ Ատրպէյճանի դիպուկահարներուն թիրախը:
Ըստ Կարէն Միրզոյեանի, Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ Ա­րա­բա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու լի­կան ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Ի­րա­քին՝ Թուր­քիոյ հետ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ Վրաս­տա­նի մէջ կը հա­սուն­նայ նոր վար­չա­պե­տի ա­նուան յստա­կեց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, երկ­րէն ներս իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» դա­շին­քի խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւ­նը վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին հա­մար ա­ռա­ջադ­րեց Կիոր­կի Քվի­լի­քաշ­վի­լիին ա­նու­նը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մե­ծա­նուն աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան մաս կազ­մեց 2015 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն հա­րիւր ֆութ­պո­լիստ­նե­րու ցան­կին։ Անգ­լիա­կան «The Guardian» պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց ֆութ­պո­լի մէջ այս տա­րուան լա­ւա­գոյն­նե­րուն ցու­ցա­կը, ո­րու մէջ 77-րդ կար­գը զբա­ղե­ցուց Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին եւ «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի մար­զա­շա­պի­կով հան­դէս կու գայ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հա­ւա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սէն սկսեալ Շեն­կէ­նի գօ­տիի եր­կիր­նե­րը պի­տի կա­րե­նան այ­ցե­լել ա­ռանց մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ըստ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի, վի­զա­յի հար­ցին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը գրէ, որ Ան­գա­րա մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Կով­կա­սէ ներս հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րու միա­ւոր­ման եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հրա­դա­դա­րի վերջ տրուե­լուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի:
Մոսկուա կը նախատեսէ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափին մէջ եւ թէ ինքնուրոյն քայլեր գործադրել՝ օգնելու համար հակամարտ կողմերուն փոխադարձ զիջումներու համնելու ճանապարհին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս տաղաւարի յուզիչ մթնոլորտ:
Անարատ Յղութեան մատրան մէջ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը ի­րա­կա­նա­ցուց Նոր տա­րուան ըն­դա­ռաջ։ Վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին վրայ լա­րուած մեծ վրա­նին ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խրախ­ճան­քը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր «Բա­րի գա­լուստ 2016» կար­գա­խօ­սով։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քով կեան­քի կո­չուած ծրա­գիր մըն էր այս մէ­կը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ապ­րուե­ցաւ Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան հրճուան­քը։ Ա­նա­րատ Յղու­թեան մատ­րան մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ին­ծի դէմ ամ­բաս­տա­նու­թեան եւ մե­ղադ­րան­քի կէտ ը­րին թէ՝ պատ­րիար­քու­թե­նէ հրա­ժա­րիլ չեմ ու­զած։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Թատ­րո­նի լե­զու»ի մա­սին «կլոր սե­ղան»ի մը ըն­թաց­քին եւ ան­կէ վերջ ար­տա­յայ­տուած միտ­քեր, ո­րոնք սփիւռ­քեան կա­ցու­թեան նա­հան­ջի ա­րա­ձա­գանգ են նաեւ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

«Ա­նա­հիտ» ման­կա­կան շար­ժան­կա­րը հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ ֆրան­սա­խօս հան­րու­թեան: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ,Դեկ­տեմ­բե­րի 24-­ին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած է «Ռո­բերտ Սա­հա­կեանց փրո­տաք­շըն» ա­րուես­տա­նո­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ ման­կա­կան շար­ժան­կար­ներ պատ­րաս­տող Դա­ւիթ Սա­հա­կեան­ց:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Տնտե­սա­գէտ Քար­լոս Մել­քո­նեան վեր-ջերս նշա­նա­կուած է Ար­ժան­թի­նի Ազ­գա­յին դրա­մա­տան տնօ­րէն։

Էջեր